ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2019
Ծ.Խ.- Հեղինակը սոյն յօդուածը գրելէ անմիջապէս վերջ, ունեցաւ իր անակնկալ սրտի կաթուածը: Առիթ չունեցաւ տպագրութեան ղրկելու, նաեւ շարունակելու յօդուածաշարքը: Ահաւասիկ իր վերջին յօդուածը իբրեւ վերջին յիշատակ:
Ամէնօրեայ ժամադրավայրս դարձած է Շաղզոյեան կեդրոնը:
Նախքան Ազդակ եւ Վանայ Ձայն այցս, քենեկալիս՝ Մելքոն Տէմիրճեանին հետ կը հանդիպինք իւրայատուկ «ակումբ» մը, ուրկէ ինք կը մեկնի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» երաժշտանոց, ուր կը դասաւանդէ հայ երաժշտութեան պատմութիւն:
Խօսքս կը վերաբերի Սէզարին «ակումբ»ին:
Սէզար՝ համազգայնական հայորդի մըն է, որուն արհեստանոցը կը գտնուի Շաղզոյեան կեդրոնէն ոչ շատ հեռու, Սին էլ Ֆիլ պողոտային վրայ:
Գրեթէ ամէն առաւօտ, գաւաթ մը սուրճի շուրջ հոն կը հաւաքուին քանի մը ազգայիններ, եւ մշակութային ու քաղաքական թեր ու դէմ կարծիքներ իրարու փոխանակելէ ետք, իւրաքանչիւրը կը մեկնի, իր գործին «քիչ մը դրամ շահելու», ինչպէս յաճախ կը կրկնեն նախքան իրենց մեկնիլը:
Քանի մը անգամ ինծի ալ պատիւը շնորհուեցաւ մասնակցելու այդ «վիճաբանական ասուլիսներուն», սակայն աւարտին՝ երբ իւրաքանչիւրը կը մեկնէր «քիչ մը դրամ շահելու», ես կ’ուղղուէի դէպի «Շաղզոյեան Կեդրոն»: Քանի մը շաբաթով Լիբանան կը գտնուիմ եւ այդ «մտահոգութիւնը» կը ձգեմ Լոս Անճելըս վերադարձիս:
Ճամբուս վրայ, կը հանդիպիմ արհեստաւորներու, որոնցմէ շատերը իրենց գործատեղիին մուտքին, նարտի կը խաղան, սուրճ կը խմեն: Տեսարան մը, որ կարելի չէ պատկերացնել մեր մօտ:
Վանայ Ձայնէն ձայնասփռուած հայերէն երգերը լեցուցած են մթնոլորտը:
Կողքի աշխատանոցէն արաբերէն երգ մը կը միաձուլուի հայերէնին. տարիներէ ի վեր այդպէս եղած է Լիբանանը. եկեղեցւոյ զանգակներու ղօղանջիւնին զուգահեռ, ականջներուդ կը հասնի մզկիթներու էզանը:
Երկար տարիներ տարբեր կրօնի ու համայնքի լիբանանցիներ` կողք կողքի, եղբայրաբար ապրած էին, սակայն մեծ պետութիւններ՝ իրենց «աղտոտ լաթերը» լուալու ամենայարմար վայրը գտան Լիբանանը. քաղաքացիական պատերազմ տեսանք. Պէյրութ քաղաքը «Արեւելեան» եւ «Արեւմտեան» մակդիրներով սկսաւ ճանչցուիլ:
Կը մտաբերեմ այս տխուր օրերը ու կը շարունակեմ ճամբաս դէպի «Շաղզոյեան» կեդրոն:
Մեր տարիներուն «Արմէնիա» շէնքի կողքի հանրածանօթ «Զաքարին թրումպան» տակաւին հոն է: Զաքար եւ իր որդին Արամ Կիւլիւզեանները, հեռացած են այս աշխարհէն եւ հաստատութիւնը ներկայիս կը կոչուի Z Car:
Պուրհ Համուտի մէջ կա՞ր անձ մը, որ չճանչնար «Ալլախ Զաքարը», որ իր նշանաւոր «Փոստայով», հայ գիւղագնացները կը հասցնէր Շթորա: Այդ տարիներուն հայկական աւան մըն էր Շթորան:
Իւրաքանչիւր ամառ, մեծ թիւով չքաւոր մանուկներու հոգածութիւնը վստահուած էր Լ.Օ.Խ-ի շրջանային վարչութեան «Կազդուրման Կայան»ին: Նիկոլ Աղբալեան՝ անզուգական մե՛ծ հայը, Շթորայի իր բնակարանը կտակած էր հայութեան եւ հոն հաստատուած էր «Կազդուրման Կայանը»:
Կ’անցնիմ «Քնար» շարժապատկերի սրահին առջեւէն եւ զարմանքով կը նկատեմ, որ տակաւին կը գործէ:
Մանկութեան տարիներուս, երբ տակաւին Էշրէֆիէ կը բնակէինք, դրացիներով՝ մեծերով ու փոքրերով, քանի մը անգամ քալելով իջած ենք Պուրճ Համուտի այդ տարիներուն միակ շարժապատկերի սրահը՝ «Քնար», վայելելու քանի մը հայկական ժապաւէններ, որոնցմէ ամենաշատը «Պեպոն» տպաւորած էր զիս:
Տարիներ ետք, բազմացան Պուրճ Համուտի շարժապատկերի սրահները: Մեծամասնութիւնը հայկական անուններ կը կրէին: Ներկայիս՝ մանկութեան տարիներուս նման, «Քնար» Պուրճ Համուտի միակ շարժապատկերի սրահը մնացած է, սակայն հոն հայերէն ժապաւէններու փոխարէն անորակ ժապաւէններ կը ցուցադրուին, գոհացնելու Պուրճ Համուտի մէջ բաւական մեծ թիւ հաշուող քիւրտերն ու օտար սուրիացի գաղթականները:
** *
«Ազդակ»-ի գրեթէ ամէնօրեայ «թեմական այցելութենէս» ետք, կը բարձրանամ «Վանայ Ձայն»-ի սթիւտիոները: Ձայնասփռուելիք նոր յայտագրիս առաջին հաղորդումն է, զոր կը սկսի հարցազրոյցով մը, որմէ ետք դարձեալ կ’իջնենք «Ազդակ»:
«Ազդակ»-ի եւ «Վանայ Ձայն»-ի աշխատակիցները անակնկալ ճոխ սեղան մը պատրաստած են: Շատ չանցած մեզի կը միանայ, նաեւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Ընդհանրապէս Լոս Անճելըսի մէջ պատահած դէպք մը, յիշողութեամբ զիս կը վերադարձնէ ծննդավայրս՝ Լիբանան: Այս անգամ, յիշողութիւնս զիս փոխադրեց հակառակ ուղղութիւն: Յիշեցի Լոս Անճելըսի գործատեղիս, երբ տարին քանի մը առիթներով, տարբեր բաժիններու պաշտօնեաներ կը հաւաքուինք միասին ճաշելու: Կէսօրուայ ճաշի դադարը 30 վայրկեան է, եւ աճապարանքով աւարտելէ ետք «ճաշկերոյթը», հապճեպով կը վերադառնանք մեր գործերուն: Ճի՛շդ որոշուած ժամուն պարտինք աշխատանքի սկսիլ. որոշուած ժամերուն հանգիստի եւ ճաշի դադարներ առնել, եւ բնականաբար տուն մեկնիլ, ճի՛շդ որոշուած ժամուն:
Դարձած ենք մէկական մարդամեքենաներ:
Գործատեղիիս կարճ «այցելութենէն» ետք, կրկին Լիբանան եմ, ուր «ճաշկերոյթը» կը շարունակուի:
Կենացներ եւ բարեմաղթանքներ իրարու կը յաջորդեն: Աճապարելու կարիքը չկայ: Կաշկանդուած չեն «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ Ձայն»-ի նուիրեալ աշխատակիցները: Պէտք չունին «ճշդուած» ժամուն աշխատանքի վերադառնալու, ոչ ալ տուն մեկնիլ որոշուած ժամուն: Յաճախ գիշերներ կը լուսցնեն: Օրինակներէն մէկուն ականատես դարձայ, երբ հատորիս շնորհահանդէսի աւարտին, ուշ ժամերուն թղթակցութիւն մը պատրաստուած եւ յաջորդ առտուայ թիւին մէջ լոյս տեսած էր: Վստահաբար լման օրը աշխատելէ ետք, արեւածագի մօտ էր, երբ մեկնեցան իրենց տուները, քանի մը ժամ հանգստալու ու կրկին վերադառնալու աշխատանքի:
«Գործատեղիներ» չեն «Ազդակ» եւ «Վանայ Ձայն»: Անոնք դարձած են երկրորդ «տուն», սակայն կարելի չէ ընդհանրացնել այս իրողութիւնը:Լիբանանի մէջ եւս, կեանքը դարձած է մեքենայական: Դրամատուներու պաշտօնեաները կարելի չէ բաղդատել «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ Ձայն»-ի նուիրեալներուն: Աշխատանքի կը սկսին որոշուած ժամուն, ու դրամատան կամ այլ հաստատութեան մը դռները կը փակուին ճի՛շդ որոշուած ժամուն:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայութիւնը դէպք մը յիշեցուց:
Նոր Սիս թաղամասի, «Ազիրեան» ակումբը կը գտնուիմ.«Քրիստափոր» պատանեկութեան անդամ եմ. Տակաւին ակումբը միայարկանի խեղճուկ կառոյց մըն էր, ուր ցերեկը կը գործածուէր որպէս «Լուսինեան» ազգային վարժարանի մանկապարտէզ, իսկ երեկոները եւ շաբաթավերջերը՝ որպէս ակումբ:
«Իշխան» կոմիտէութիւնը չունէր իր առանձին գրասենեակը:
Հեռաձայնը հնչեց. կոմիտէութեան անդամներէն ոչ ոք ներկայ էր այդ պահուն. պատանի ընկերներէս մէկը վերցուց ընկալուջը. հեռաձայնողը պետական հայ երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեանն էր. հեռաձայնին պատասխանող պատանին՝ կարմրեցաւ, դեղնեցաւ, ձայնը սկսաւ դողդողալ: Այդ օրերուն երեսփոխանի մը հետ խօսիլը, թէկուզ հեռաձայնով անհաւատալի կը թուէր ըլլալ: Տէր Գալուստեան կը փափաքէր կոմիտէութեան անդամներէն մէկուն հետ խօսիլ, եւ հաւանաբար պատգամ մը ձգեց, որպէսզի պատանին փոխանցէ.
-«Շատ լաւ, կ’ըսեմ ընկեր(ներ)», եղաւ պատանիին պատասխանը ու վար դրաւ ընկալուջը:
Տակնուվրայ եղած էր: Պատիւը ունեցեր էր հեռաձայնով խօսելու պետական երեսփոխանի մը հետ, եւ որպէս յարգանք՝ «յոգնակի» խօսած էր անոր հետ: «Ընկեր(ներ)»:
Ինչո՞ւ յիշեցի այս դէպքը:
Մեր տարիներուն, պետական երեսփոխաններուն ծանօթ էինք միայն նկարներով. քանի մը հատին կը հանդիպէինք հայկական ակումբի մը մէջ միայն ընտրապայքարի օրերուն, իսկ ընտրութիւններու աւարտին, պարտաւոր էինք 4 տարի սպասել, որպէսզի դարձեալ հանդիպէինք մէկ, առաւելագոյնը երկու անգամ:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի պարագան բոլորովին տարբեր է. անվարան կրնամ ըսել բացառութիւն է. ոեւէ հայկական մշակութային, մարզական կամ թատերական ձեռնարկներու ներկայ է ան:
«Հայութեան հետ՝ հայութեան համար»: Այս է նշանաբանը ազնիւ հայորդիին: Լիբանանի կեցութեանս 12 օրերու ընթացքին, բազմիցս հանդիպեցայ անոր. դարձանք մտերիմներ: Գնահատեց, քաջալերեց, դարձաւ կրտսեր եղբայր մը:
Վարձքդ կատար սիրելի ընկեր:
** *
«Մելանթոն եւ «Հայկ Արսլանեան Ճեմարան» այցելելու հրաւէրս չեմ մոռցած:
Որոշուած ժամուն, կինս ու ես կը հասնինք «Հայ դպրութեան ջահակիր Ճեմարա՛ն»: Ժպտուն եւ սիրալիր մեզ կը դիմաւորէ դպրոցի տնօրէնուհին՝ տիկ. Փաուլա Եղիայեանը:
Տարեվերջի ուսուցչական ժողովներով խճողուած օր մըն էր, սակայն մոռցած կը թուին ըլլալ իրենց բազմազբաղ վիճակը: Կը ծանօթանանք կարգ մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, եւ տնօրէնուհիին ընկերակցութեամբ կ’այցելենք դպրոցի տարբեր բաժինները, որմէ ետք կը «յանձնուինք» դպրոցի փոխ տնօրէն եւ գործավար Դաւիթ Գազանճեանի հոգածութեան, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի դպրոցի «Նորսիկեան» մանկապարտէզ: Մանկապարտէզի մուտքի պատերուն, կը նշմարեմ շրջանաւարտ փոքրերու գոյնզգոյն ներկուած ափերուն դրոշմը, կողքին՝ մեծամասնութեամբ հայկական իրենց անունները:
Կ’այցելենք մանկապարտէզի «Վարդագոյն», «Կապոյտ» եւ «Կանաչ» դասարանները:
Ամառնային արձակուրդը արդէն իսկ սկսած է, եւ ոեւէ փոքրիկի չենք հանդիպիր:
Կը բարձրանանք նորակառոյց «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» Մանկամսուր:
Ամառնային արձակուրդ գոյութիւն չունի հոն: Կ’այցելենք տարբեր «դասարաններ» եւ կը հանդիպինք տարբեր տարիքի հայ փոքրիկներու, որոնց հոգածութիւնը յանձնուած է հոգատար անձնակազմի մը:
Օրերը փոխուած են. յար եւ նման Արեւմտեան երկիրներու, Լիբանանի մէջ եւս ծնողներ ստիպուած են աշխատանքի երթալու, իրենց անչափահաս զաւակները վստահելով գերարդիական կառոյցի մը մէջ գործող «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի նուիրեալներուն, ուր մատղաշ մանուկները իրենց հարազատ տան նման կ’անցընեն իրենց օրը, մինչեւ այն ժամը, երբ կը միանան իրենց ծնողներուն, ու կը վերադառնան իրենց տուները:
Փոքրիկներուն մէկ մասը արդէն կէսօրուայ քունը կը վայելէ. քանի մը հատը համարձակ կը մօտենան, ուրիշներ նուազ համարձակ են, շատեր՝ երկչոտ: Սիրալիր կը շոյեմ քանի մը հատին գլուխները ու կը վերադառնանք դպրոց, շնորհակալութիւն յայտնելու եւ մեկնելու այդ սքանչելի հաստատութենէն:
Տնօրէնուհի տիկ. Եղիայեան տեղեակ է Լոս Անճելըս մեր վերադարձի թուականէն, սակայն որպէս յիշատակ տիկնոջս կը յանձնէ ամավերջի հանդէսի հրաւէր մը:
Յիշատակէ մը աւելի արժէք կը ներկայացնէ այդ հրաւէրը. որքա՜ն պիտի փափաքէինք ներկայ գտնուիլ ամավերջի այդ հանդէսին, եւ վերապրիլ մեր տարիներու ամավերջի հանդէսները, որ տեղի կ’ունենային Ն. Փալանճեան Ճեմարանի բացօթեայ պասքէթի դաշտին մէջ:
Այցելեցի «Մելանթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան», սակայն հոն չգտայ պատշգամը, որու վրայ կը ճեմէին Գառնիկ Բանեան եւ Մուշեղ Իշխան: «Վասպուրական» սրահը, ուր տարին քանի մը անգամ մեզի պատգամներ կը փոխանցէր մեր սիրելի տնօրէնը՝ Սիմոն Վրացեան, Արեւմտեան Պէյրութ մնացած է: Դպրոցի բակին մէջ չհանդիպեցայ Կարօ Սասունիին իր անբաժան ծխամորճը շրթներուն: Արմաւենիներուն տակ պայծառ արեւը վայելող քանի մը աշակերտուհիներ ոտքի չելան դիմաւորելու աննման ֆետային: Չլսեցի ո՛չ պրն. Յովհաննէսին սուլիչի, ոչ ալ տիկ. Գոհարին զանգակի ձայնը, սակայն վերապրեցայ այդ երջանիկ տարիները:
Բախտաւոր սերունդ եղած ենք: Ունեցած ենք Սիմոն Վրացեանի նման տնօրէն. ունեցած ենք աննման ֆետայի Կարօ Սասունիի, Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի նման ուսուցիչներ: Մեզմէ աւելի տարեց սերունդը, վստահաբար շատ աւելի բախտաւոր եղած են.վայելած են Ճեմարանի հիմնադիր տնօրէն Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի ներկայութիւնը:Ականատես եղած են տարուէ տարի դպրոցի բարգաւաճման: Ներկայ սերունդը, շատ աւելի արդիական շէնքի մը մէջ, վստահաբար իրենք եւս հպարտ են իրենց դպրոցով, տնօրէնութեամբ եւ նուիրեալ ուսուցչական կազմով, սակայն մեր սերունդին համար, յիշատակներով լեցուն Նշան Փալանճեան Ճեմարանի կառոյցը տարբեր հմայք մը ունի: