Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները՝ Անկախ Արցախի Հիմքը

$
0
0

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Արցախի անկախութեան հռչակման տօնակատարութենէն ճիշդ շաբաթ մը ետք՝ Սեպտեմբեր 8-ին պիտի կատարուին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները:

Պարզ թուականներու զուգադիպութիւն մը չէ ասիկա, այլ՝ արիւն հոսեցնելով ու նահատակներ տալով կերտուած անկախութեան մը արդիւնքներէն մէկն է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կառոյցը, որ բնականաբար պետութեան մը կառավարման համակարգին կարեւորագոյն եւ հիմնական սիւնն է:

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները ունեցած են եւ դեռ պիտի ունենան  իրենց քաղաքական արժէքը: Պետութեան համեմատաբար կեդրոնացեալ գործելաձեւը լուսանցքային եւ երկրորդական դեր վստահած է ինքնին տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն: Կացութիւն մը եւ կրկնուող երեւոյթ մը, որ ժխտական պատկեր կը ստեղծէ եւ հարցադրումներու դուռ կը բանայ: Այս ընտրութիւնները մէկ անգամ ընդմիշտ պէտք է վերահաստատեն այդ մարմիններուն գործօն դերակատարութիւնը, ի խնդիր աւելի ամուր ու հաստատ  ժողովրդավար եւ ապակեդրոն պետութիւն մը կառուցելու:

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ճամբով գործելը շատ աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ։ Կարճ ժամանակաշրջանի մէջ, քաղաքական, տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս անկիւնադարձային եւ յիշատակելի բարեփոխումներ կրնան իրագործուիլ:

Անգամ մը եւս տեղին է մատը վէրքին վրայ դնել ու մատնանշել, թէ ցաւօք տարիներէ ի վեր, 28-ամեայ անկախութիւն ունեցող Արցախի կառավարման համակարգը չափազանց կեդրոնացեալ ձեւով կը գործէ, չէզոքացնելով եւ մեկուսացնելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործունէութիւնը: Երեւոյթ մը, որուն համար շարունակ պայքարած է Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, միշտ ալ գերադասելով ապակեդրոն գործելաձեւը եւ ինքնաբերաբար առաջնահերթ  նկատելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն ներկայութիւնն ու պաշտօնը:

Տեղական ինքնակառավարման մարմինները հիմնական դարմանն են առողջ ու թափանցիկ գործելաձեւին: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ յատկապէս անոր Արցախի կառոյցը, որ խիտ շարքերով պիտի մասնակցի այս ընտրութիւններուն, կը հաւատայ «զարգանալ` չզիջելով» հայեցակարգի այժմէականութեան եւ արտակարգ անհրաժեշտութեան: Այս 28-ամեայ հանրապետութիւնը միշտ ալ  եղած է առանցքային եւ առաջնահերթ, ամրապնդելով Հայաստան-Արցախ  ռազմավարական դաշինքը, վերականգնելով տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ապահովելով  ընկերային արդարութեան, մարդու իրաւունքներու պահպանման եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած ներազգային համերաշխութիւնը:

Հուսկ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու թափանցիկ եւ օրինակելի գործընթացն ու արդիւնքները պիտի սատարեն նմանօրինակ մթնոլորտով 2020-ի նախատեսուող նախագահական ընտրութեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles