ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Սեպտեմբեր 3-ին, Արցախ այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներու ամենամեայ համաժողովին մասնակիցները այցելեցին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին:
Արցախի նախագահը համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց Արցախի մէջ իրականացած ընկերային-տնտեսական ծրագիրները եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, Արցախի անվտանգութեան համակարգը եւ զայն ամրապնդելուն ուղղուած քայլերը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնմանն ու խորացման ուղղուած հարցերուն: Արցախի նախագահը եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, այդ կարգին` միջազգային գործընթացներու մէջ Արցախի ժողովուրդի լիարժէք ներգրաւման շուրջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան բարձր գնահատած է նման ձեւաչափով հանդիպումի կազմակերպումը` նշելով, որ անիկա լաւ առիթ է անմիջական քննարկում ունենալու համահայկական հարցերու շուրջ եւ ուղղակի ծանօթանալու Արցախի առաջնահերթութիւններուն: