Image may be NSFW.
Clik here to view.
Հայաստանի ոտնագնդակի ազգային հաւաքականի միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան Սեպտեմբեր 2-ին, յատուկ համաձայնութեամբ մը, Լոնտոնի Արսենալէն փոխ տրուեցաւ Իտալիոյ Ա. Էս. Ռոմային։
Անգլիական «Տը Միրըր» օրաթերթին համաձայն, այս ամրան ընթացքին, երբ սկսած էին մարզիկներու փոխանցումները, Արսենալ որոշած էր ծախել կարգ մը մարզիկներ, որոնց կարգին Հենրիխ Մխիթարեան։ Ըստ թերթին, Արսենալի ղեկավարութիւնը գլխաւոր մարզիչ սպանացի Ունայ Էմերիի տրամադրութեան տակ դրած էր ընդամէնը 40 միլիոն սթերլինկ: Այս իրողութենէն մեկնելով, կարգ մը մարզիկներ պիտի ծախուին, որպէսզի կարելի ըլլայ փոխանցման պիւտճէն մեծցնել:Image may be NSFW.
Clik here to view.
Նշենք թէ, Յունիս 19-ին, Վենետիկի Մխիթարեաններու Սուրբ Ղազար վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետը պսակուած էր Պեթի Վարդանեանի հետ: Նաեւ, Մխիթարեան Շիրակի մարզի Սպանդարեան համայնքին մէջ բացումը կատարած էր իր հօրը` Երեւանի Արարատի նախկին խաղացող Համլեթ Մխիթարեանի անունը կրող մարզադաշտին:
Յունիս 4-ին, Հայաստանի մէջ հրապարակ իջած էր հայկական նոր դրոշմաթուղթ` նուիրուած Մխիթարեանին:Image may be NSFW.
Clik here to view.
Արսենալէն առաջ, մօտաւորապէս Մանչեսթըր Եունայթըտին միացած, Մխիթարեան այսպէսով հրաժեշտ պիտի տայ բրիտանական դաշտերուն։
Մխիթարեան Ռոմայի հետ պիտի կրէ թիւ 77 շապիկը: Ան մինչեւ տարեշրջանին աւարտը ելոյթ պիտի ունենայ իտալական կազմին հետ: Անոր փոխանցման համար, իտալական կազմը՝ Արսենալին վճարեց 4 միլիոն եուրօ: Յառաջիկայ ամրան ընթացքին, Ա. Էս. Ռոմա կրնայ Մխիթարեանի ստորագրութիւնը ունենալ 15 միլիոն եուրօ վճարելով:
Հայաստանի ոտնագնդակի աշխարհի թիւ մէկ մարզիկը` Մխիթարեան, որ նախապէս մաս կը կազմէր Ուքրայինայի Մեթալուրկին (2009-10) եւ Շախթիոր Տոնեցքին (2010-13), ապա քանի մը տարի միացած էր Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտին (2013-16): 2016-ին, ան ստորագրած էր Մանչեսթըր Եունայթըտի տոմարներուն վրայ։ Հայաստանի մէջ, ան 2006-էն 2009 մաս կազմած է Փիւնիկին։