Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԴՊՐՈՑ ԵՒ ՀԱ՛Յ ԴՊՐՈՑ

$
0
0

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Դպրոցի մը առաքելութիւնն է՝ կարգապահական մթնոլորտի մէջ աշակերտին տալ ուսում, գիտութիւն, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն: Դպրոցը ուսումնարան է, լոյսի աղբիւր եւ կրթութեան օճախ:

Ուսումը եւ կրթութիւնը կը զարգացնեն, կը սնանեն, կը լուսաւորեն եւ կը պայծառացնեն միտքը: Կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը մարդուն հոգին կ՛ազնուացնեն մարդկային առաքինութիւններով եւ անոր նկարագիրը կը կերտեն:

Ուսումը լոյս է, իսկ կրթութիւնը ջերմութիւն: Ուսում եւ կրթութիւն անբաժանելի տարրեր են եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն: Անոնց զուգահեռ եւ ներդաշնակ ներգործութեամբ ու զարգացումով անհատը կը հասուննայ, կը քալէ յաջողապէս կեանքին մէջ եւ կ՛ըլլայ երջանիկ:

Կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը կը սկսին տան մէջ ուսումէն շատ առաջ  ծնողներու աջալուրջ հսկողութեամբ, հետեւողական աշխատանքով եւ ճշգրիտ ցուցմունքներով: Ուսում եւ գիտութիւն կը սկսին եւ կը զարգանան դպրոցին մէջ ու հոն կը շարունակուի, կը բիւեղանայ եւ կը հիմնաւորուի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործընթացքը:

Ուսում եւ կրթութիւն համարժէք ընթացքով պէտք է ջամբուի դպրոցներուն մէջ անխտիր եւ համահաւասար բոլոր աշակերտներուն:

Օրէնքը կարգապահութեան հիմնքն է: Արդիւնաւոր եւ յաջողակ դպրոցներու մէջ կը տիրէ կարգապահական ոգին: Ժողովուրդներու ընտրանին կազմուած է կարգապահ ուսեալներու եւ քաղաքակրթուած մարդոց հաւաքականութեամբ։

Դպրոցներու պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ նաեւ կարգապահական օրէնքներու գործադրութեան իրագործումը արդի մանկավարժական գիտելիքներով ի շահ ուսումնական եւ կրթական մակարդակի վերելքին:

Սորվիլը եւ գիտնալը մարդու մը ներքին հոգեկան գերագոյն պահանջքն է եւ մարդկայնապէս ապրելու ու գոյատեւելու միակ ազդակը: Ուսանողը դպրոցին մէջ ուսման գծով կը բացուի զանազան գիտութիւններու, որոնք բոլորն ալ կը կարօտին ուսուցիչի, դասագիրքերու, տարրալուծարանային եւ շօշափելի առարկաներու: Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը կարօտին հաւատաւոր եւ պատրաստուած ուսուցիչներու:

Կրթութեան եւ դաստիարակութեան ընդմէջէն ուսանողը կը բացուի իր ներաշխարհին, կ՛ընբռնէ իր անձին կոչումին, դերին եւ գոյութեան իմաստը, կը զարգացնէ եւ կը դրսեւորէ իր ներքին յուզական եւ հոգեկան ապրումները ու կը հասկնայ կեանքի բարոյական արժէքներու իմաստը: Այսպէս, ուսանողը կը զատորոշէ գեղեցիկը տգեղէն, բարին չարէն, հիմնականը մակերեսայինէն, ճշմարիտը սուտէն եւ երջանկութիւնը խաբուսիկ հաճոյքէն:

Այս բոլորին հետ միատեղ պէտք է արթնցնել եւ զարգացնել ուսանողին ճաշակը: Ան պէտք է կարողանայ տեսնել, լսել եւ գնահատել գեղեցիկը ու խանդավարուիլ անով: Բնութիւնը լեցուն է գեղեցկութեան գանձերով: Բնական գեղեցկութիւնը երջանկութեան արբիւր է եւ անդիմադրելի ուժ: Կեանքի վայելքը միայն նիւթական հարստութեան մէջ չի գնահատուիր, այլ նաեւ բնութեան եւ արուեստի գեղեցկութեան մէջ ինչպէս նաեւ հոգեկան ապրումներու եւ յուզական աշխարհի գեղեցկութիւններու մէջ:

Հայ դպրոցը վերոյիշեալ առաքելութիւններու եւ պարտաւորութիւններու կողքին ու անոնցմէ առաջ եւ վեր ունի իր սրբազան ու ազգային առաքելութիւնը, որ հետեւեալն է՝ տոգորել հայ ուսանողը հայութեամբ, սորվեցնել անոր հայ լեզուն եւ փոխանցել անոր ազգային դաստիարակութիւն: Հայ դպրոցը մարդակերտումի օճախն է եւ հայակերտումի միջնաբերդը: Հայ աշակերտը կ՛աճի, կը կազմաւորուի եւ ազգութեամբ կ՛ապրի միայն ու միայն հայ դպրոցին մէջ, որովհետեւ հոնկէ միայն կը ճառագայթէ մեսրոպաշունչ հայ լեզուն:

Հայ դպրոցի առաքելութիւնը կ՛իրականանայ նուիրեալ, հաւատաւոր, կոչումի տէր հայ ուսուցիչներով: Հայ ուսուցիչը գործած է միշտ հաւատալով հայ դպրոցի առաքելութեան, հայ լեզուի եւ մշակոյթի յաւերժութեան, աճող հայ սերունդի ապագային եւ հայ կեանքի իմացական կարիքներուն: Հայ ուսուցիչը կը զբաղի հայ աշակերտին հոգիին կազմաւորումով եւ անոր կրթութեամբ: Ան անշահախնդիր է ընդհանրապէս, համեստ է, լուռ աշխատող է եւ գիտցած է ծառայել էականին եւ կարեւորագոյնին: Ան չէ սպասած յարգանք, երախտագիտութիւն եւ պատիւ, այլ միայն ու միայն հայ ծնողքին վստահութիւնը եւ հաւատքը հանդէպ իր առաքելութեան ու կոչումին:

Սակայն որպէսզի հայ ուսուցիչը կարենայ իր ամբողջական ուժականութիւնը եւ մտապաշարը ի սպաս դնէ հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտի հայեցի դաստիարակութեան, ան պէտք է արժանանայ համապատասխան նիւթական եւ բարոյական լուրջ հոգածութեան եւ վարձատրութեան:

Այս բոլորը ի մտի ունենալով հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր անհատ պէտք է գուրգուրայ հայ դպրոցին, ըլլայ պատրաստ ամէն զոհողութեան:Մեր ծնողներուն կարեւորագոյն եւ անժամանցելի պարտականութիւնը դառնալու է ի գին անձնական մեծ զրկանքներու՝ տէր կանգնիլ իրենց զաւակներու դպրոցական պարտաւորութեան եւ պարտականութեան: Հայ ծնողքը պարտի ուղղել իր զաւակը հայ դպրոց, ուր միայն հոն կարելի կ՛ըլլայ շնչել որպէս հայ եւ սնանիլ հայութեամբ: Այս բոլորին հետ մէկտեղ ծնողք նաեւ պէտք է ըլլան պահանջկոտ հայ դպրոցի ամբողջ անձնակազմին նկատմամբ:

Հայ դպրոցը գործած է անցեալին եւ ներկայիս տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ:  Ուստի հայ դպրոցին իրաւատէրը՝ հայ ժողովուրդը պէտք է լրջօրէն մտածէ, գործէ եւ բարելաւէ հայ դպրոցին պիւտճէական  դժուար իրավիճակը: Այլ խօսքով տէրութիւն կատարէ «Հայեցի Դաստիարակութեան» դարբնոցին՝ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles