Ընկեր մը ինծի ուղարկեց Ատոմ Էկոյեանի մասնակցութեամբ «ArtLinks
երիտասարդական ցանց» անունով ձեռնարկի մը մասին գովազդ մը, մտածելով թէ
կրնար զիս հետաքրքրել: Բազմաթիւ տարիներէ ի վեր հեռացած ըլլալով հայկական
մթնոլորտէն, օրերով կը տատամսէի մասնակցելու: Երբ վերջապէս ցանկութիւնս
յաղթեց մտահոգութիւններուս (թուականէն երկու օր առաջ անշուշտ), նշմարեցի թէ
արձանագրութեան թուականը մէկ ամիս առաջ էր. բայց կազմակերպիչները շատ
ազնիւ գտնուեցան ինծի հանդէպ եւ նոյնիսկ դասաւորեցին ճամբորդութիւնս դէպի
Թորոնթօ: Պայուսակիս մէջ դնելով ինչ որ կը գտնուէր աչքիս առջեւ, ճամբայ ելայ, իսկ
ետքը ինչ որ պատահեցաւ անակնկալ մըն էր:
Եօթը ժամ ետք, մտանք բնութեան եւ լռութեան խորերը առանձնացած մեծ տուն
մը, ուր դրան առջեւ մեզ կը սպասէին ջերմ ու ազնիւ բարեւողներ, որոնք ժպիտներով
ընդունեցին մեզ ու ուղղեցին դէպի մեր սենեակները, իսկ երեկոն ծառայեց մեր այս նոր
անծանօթ ընտանիքին անդամներուն ծանօթանալու զրոյցներով, խաղերով, երգերով,
քիչ մը խմիչքով, բայց մանաւանդ՝ փոխադարձ ծիծաղներով: Յաջորդ օրը սկսաւ երբ
պարոն Խաչիկ Մուրատեանը մեզի ներկայացուց առաջին աշխատանոցի վարիչը՝
պարոն Ճորճ Աղճայեան, որ իր ժամանակը կը յատկացնէ Արեւմտեան Հայաստանի
ժողովրդագրական տեղեկութիւններու փտնռտուքին, ինչպէս նաեւ այսօր այնտեղ
բնակող թաքուն հայերուն ինքնութիւնը հաստատելու. այսինքն իր նպատակն է, որ
գտնենք Թուրքիոյ մէջ բնակող այն հայերը, որոնցմէ խլուած է իրենց հայկական
ինքնութիւնը, գտնել այն հայերը՝ որոնց անունները ու պատմութիւնները ջնջուած են
ցեղասպանութենէն ետք, հիւսել մեր անջատուած ծննդաբանական կապերը իրար հետ,
որպէսզի կարենանք մեր քանդուած իրականութեան փշրուած կտորները իրար
միացնել եւ զանոնք վերականգնենք: Պարոն Աղճայեանի համար կարեւոր է, որ մեր
անցեալի ոտնահետքերուն հետեւինք ու կցենք զանոնք մեր ներկային, որպէսզի մեր
նախահայրերը ապրին մեր մտքերուն ու մեր սրտերուն մէջ ու երկու անգամ
չմահանան:
Յաջորդ աշխատանոցը կը վարէր Լիսա Կիւլեսէրեան, այո՝ Harvard
համալսարանի դասախօս, բայց ինչ որ ես անմիջապէս նկատեցի, վաrակիչ մանկական
խանդավառութեամբ գրականութեան սիրահար մը, որ մեզի ներկայացուց հայրէնը՝
հայկական միջնադարէն մեզի հասած չորս 15 վանկերով նոյնայանգ տողերէ՝ կամ 7-8 վանկով տողերէ բաղկացած կարճ բանաստեղծութիւնը, որ մեծ ազդեցութիւն
ունեցած է հայ բանաստեղծական աշխարհին վրայ:
Երկրորդ օրը խաղցանք բառերով, կազմեցինք հայրէններ մեր նախընտրած
լեզուով եւ խումբին առջեւ կարդացինք զանոնք, իսկ Լիսա Կիւլեսէրեանը մեր
ժպիտները ու ողջոյնները իր հետ տանելով աճապարեց իր թռիչքին հասնիլ, ու մենք
գոհունակ սրտերով սկսանք մեր յաջորդ աշխատանոցը:
Դաշնակահար եւ Nexus Center for the Artsի տնօրէնուհի Աննա Միքայէլեանի
հետ ապրեցանք այն խմբային խորհրդաւոր մտերմութիւնը, որ կը ստեղծուի երբ
քաջութիւնը կը գտնենք մեր առանձնութեան խոր վիրապը իջնելու միասին: Պէտք էր
մենք բոլորս համաշունչ երգէինք ձեռքերով, ոտքերով ու բերնով. բայց իմ
մտահոգութիւններովս ծածկուած, կանգնած էի արձանի նման եւ միայն շրթներս կը
ձեւացնէի շարժել: Անվստահութեանս ալիքները ընկղմած էին ձայնս: Աննան կրկնեց,
թէ խումբը չէր կրնար ամբողջովին միանալ, եթէ անդամներէն մէկը կեղծ ըլլար:
Առաջին անգամն էր որ ես անկեղծօրէն կեղծ կը զգայի: Այդ դէպքը մտածումներս
գրաւեց ամբողջ երեկոն:
Յաջորդ օրը, Աթոմ Էկոյեանի բացակայութեան պատճառով, ազատ ժամանակ
ունէինք: Դաշնակին ձայնը զիս կանչեց ու հետեւեցայ անոր եւ լուռ նստեցայ Աննային
մօտ: Մեր խումբէն երկու աղջիկներ միացան մեզի ու սկսան երգել: Սկիզբը անոնց
երեսները դիտելով սկսայ մռմռալ, իսկ ետքը… ետքը ձեր երեւակայութեան կը ձգեմ, որ
գաղտնիքը մնայ սենեակին մէջ:
Ով որ զիս ճանչցած է, վստահաբար զիս կը յիշէ իբր ամչկոտներուն հպարտ
ներկայացուցիչ մը։ Դպրոցին մէջ այնքան լուռ էի, որ ուսուցիչներս ապահովաբար կը
կասկածէին, թէ ես աչքերս խոշոր-խոշոր բացած քնանալու հրաշալի կարողութիւնը
ունէի: Լռութիւնս միշտ եղած է ինծի համար ազատութեան յատուկ ու ներքին
անսահման տարածութիւն մը, ուր մտքերս կրնան բարձրաձայն զրուցել, աղմկել եւ
նոյն ատեն համերգ մը ստեղծել, ուր ձայները որքան ալ բարձր ըլլան, մէկուն ականջը
կամ սիրտը չեն ցաւցներ, որքան անիմաստ ըլլան՝ տակաւին իմաստ ունին: Լռութիւնը
իր երգերը ունի։ Ինչպէս երաժիշտ մը որ ջութակ կամ դաշնակ կը նուագէ, լռութիւնն ալ
իր երաժշտական նոտաները կը շարէ որ ստեղծէ տարբեր եղանակներ։ Վստահաբար
լսած էք ամենէն ծանօթները՝ աչքին ճառագայթները գողցող լռութիւնը, մանկութեան
քաղցրութիւնը վերադարձնող լռութիւնը, գիշերուան սարսափելի լուռ լռութիւնը եւ
անօգուտօրէն զգոյշ խոսքերով մխրճուած լռութիւնը: Կը կարծեմ թէ մարդը եւ
բնութիւնը իրարու միջեւ լռութեամբ է որ կը խօսին, գաղտնի համաձայնութեամբ մը։
Ամենէն զօրաւոր, անկեղծ զքացումները, հոգիին խոստովանանքները ու բարեպաշտին
աղօթքները լռութեան մէջ է որ կ՚արտայայտուին: Ան միջոցն է, որով նկարիչը կը գրաւէ
ու կ՚անմահացնէ իր ապրած անվերջ երկվայրկեանը. անով գրողը կը յաջողի որսալ իր
անընդհատ փախչող մուսան ու վերաբանտարկել զայն իր թափանցիկ բանտին մէջ:
Հիմա կը հասկնաք ինչ կը պատահէր լռութեանս ընթացքին: Ինչո՞ւ այնքան կը
պահպանեմ լռութիւնը. որովհետեւ լռութիւնը կը մխիթարէ, հաստատ է, ապահով ու
գուշակելի. եւ կամ այս բոլորը անիմաստ է, ինծի համար պատճառաբանութիւն մը,
որովհետեւ ինչ որ պատահեցաւ այդ սենեակին մէջ երեսուն տարուան լռութիւն մը
հեգնօրէն խանգարեց եւ դադրեցուց: Ես չեմ ուզեր, որ ան կարծէ թէ ես իրեն
դաւաճանեցի: Ինչպէ՞ս պարոն Վիգէնին կոչած ամենէն լուռ աշակերտը չորս ժամ
«երգեց», չեմ գիտեր. եթէ «երգեցի», կրցայ միայն անով, որ գտայ ներքին ճամբայ մը, կամ
ինք զիս գտաւ, վստահ չեմ, բայց զիս քաշեց, ուղղեց դէպի ինքնութեանս ամենէն
անկեղծ զգացումներու աղբիւրը, ուր սրտիս արձագանգները տարածուեցան մարմնէս
դուրս ու բարձրաձայն լսուեցան սենեակին մէջ:
Պարոն Վիգէն չուզեց որ մենք մեկնինք առանց մեր մտքերուն մէջ յստակացնելու
մեր հայկական ինքնութեան իմաստը: Ինչպէ՞ս կրնանք սահմանել հայութիւնը.
արդեօք որոշում մըն է՞, յատուկ բաղադրութի՞ւն մը գիտութիւններու,
սովորութիւններու, լեզուի ու պատմութեան, կամ ենթագիտակցական պէ՞տք մը
պատկանելու հսկայ ընտանիքի մը, ճակատագիրը մեր ծննդեան կապերուն կամ
բարոյական պարտականութի՞ւնը մեր հոգիին ու իր Մեծ ցաւին: Հա՞յ կը ծնինք կամ հայ
կը դառնանք. հայութիւնը կրնա՞յ բաժնուիլ մարդէն կամ մարդը կրնա՞յ դադրիլ իր հայ
ըլլալէն: Պարոն Վիգէնի աշխատանոցը հունտերը ցանեց կնճռոտ բայց անհրաժեշտ
հարցումներու, որոնց մասին երբեք չէինք մտածած: Վայրկեան մը դադրինք կարդալէ
եւ ժամանակ տրամադրենք այս հիմնական հարցումներուն մեր անձնական
պատասխաները գտնելու… Տրամաբանական կամ շօշափելի պատասխաններ չեմ
կրնար տալ ձեզի. միայն կրնամ ներկայացնել մտածում մը: Ինծի համար հայ ըլլալը
անցագիրն է ուրիշ զգացական աշխարհի մը, որ կը գտնուի մեր հայելիին միւս կողմը,
որուն ցոլացումը տեսանելի է միայն մեր սրտի լոյսով: Զգացումները ունին իրենց
յատուկ կայտառ գոյները եւ ընդարձակութիւնը, անսպառ եւ բնազդային խորութիւն մը,
որ կորսուած մանուկը կը զգայ, երբ լսէ իր մօրը ձայնը որ իր անունը կը կանչէ հեռուէն:
Իսկ լռութիւնս… կը մնայ զիս հարբեցնող խենթ տիեզերքը ու անոր խաղաղ
վարագոյրը, անհաճոյ ու անտարբեր աշխարհներէ զիս փրկող ապաստանը: Բայց
պէտք է ընդունիմ թէ ձայնս լսեցի, պէտք է ձեզի յայտնեմ, որ ArtLinksէն բաժնուեցայ
սրտիս մէջ սեղմ պահելով ինծի փոխանցուած սուրբ խորհուրդը, որն է՝ լռութիւնը
ստեղծուած է որպէսզի խանգարուի:
Շնորհակալութիւններ ArtLinksի իւրաքանչիւր մասնակիցին, զանոնք ներշնչող
ղեկավարներուն ու կազմակերպիչներուն, մեր պարոն Վիգէնին, պարոն Խաչիկ
Մուրատեանին, իր կրքին՝ որ զինք կը մղէ իր բարեգործութեան, իր հաւատարիմ
հաւատքին, որ մեր ազգին ապագան ու իր հարցումներուն պատասխանները կը
գտնուին մեր երիտասարդութեան ձեռքերուն մէջ:
Եթէ երաժշտութիւնը, գրականութիւնը կամ որեւէ ուրիշ սրտի եւ մտքի միացման
արտայայտութիւն մը դառնայ ցնցուղ մը՝ որով կը ջրենք մեր արմատները, կրնանք
ծաղկեցնել մեր ճիւղերը. իսկ եթէ միանանք, կրնանք ամբողջ պտղատու պարտէզ մը
մշակել, որպէսզի յաջորդ հայ սերունդին մտքերը կերակրենք։ Այդ է ArtLinks
Երիտասարդական ցանցի նպատակն ու իմաստը: Ուրեմն, գալ տարի երբ արեւը
ժպտի, ձեզ բոլորը կը հրաւիրեմ Լոս Անճելըս, հայկական պարտիզամշակութեան:
Այո՛, իմ սկզբնական նպատակս՝ համբաւաւոր Աթոմ Էկոյեանին ծանօթանալը
չիրագործուեցաւ, բայց շաբաթավերջէն վերադարձայ աննկարագրելի յիշատակներով,
սրտիս մօտ՝ բայց տարբեր նահանգներու մէջ ցրուած ընկերներով,անյատակ
գանձարանով մը ու զայն լեցնելու խոր, խոր ցանկութեամբ մը: