Առնօ Բաբաջանեանի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանրայայտ խմբավար, Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակներու դափնեկիր, ժողովրդական արուեստագէտ, հարիւրէ աւելի մետալներով, վկայագրերով պարգեւատրուած փրոֆեսէօր Յովհաննէս Չէքիճեանի ծննդեան 85-ամեակին նուիրուած երգահանդէս, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու նախաձեռնութեամբ, 2014 թուականը յայտարարուած է Չէքիճեանական տարի: Հաղորդենք, որ նախատեսուած է մեծ երգահանին նուիրուած ձեռնարկներու շարք մը, որուն շրջանակներուն մէջ պիտի իրականացուին մեծարման երեկոներ, ձեռնարկներ եւ երգահանդէսներ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորեց մեծ արուեստագէտը, հրաշալի հայն ու անզուգական մարդը յոբելեանին առիթով եւ մասնաւորապէս ըսաւ.- “Դժուար է յայտնելը, թէ ի՛նչ կ՛ընեն աշխարհի տարբեր հորիզոնականներու վրայ գտնուող 7 միլիոն հայերը, բայց Յովհաննէս Չէքիճեան գիտէր, թէ ինչո՛ւ կու գայ հայրենիք: Ան եկաւ նոր էջ բանալու հայ մշակոյթի երկնակամարին մէջ եւ մեր ազգային երաժշտութեան տուաւ համամարդկային հնչեղութիւն` Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբը դարձնելով դարու երաժշտական աշխարհի երեւոյթ“:
Այս առթիւ Հայաստան ժամանած էր Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ կից “Սահակ-Մեսրոպ“ երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հանրայայտ խմբավար Խաչիկ Եըլմազեանի: Երգչախումբը մեկնաբանեց Գրիգոր Փիտեճեանի “Տէր Զօր“, Մակար Եկմալեանի “Տէր, կեցցո“, հատուած Ճիուզեփփէ Վերտիի “Նապուքօ“ օփերայէն եւ այլ ստեղծագործութիւններ: Ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն` նուիրուած Յովհաննէս Չէքիճեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեան: Ելոյթ ունեցան նաեւ Հայաստանի ակադեմական երգչախումբի մենակատարներ Սօնա Մովսիսեանը եւ Պերճ Քարալեանը:
Ձեռնարկին աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ նոյնինքն Չէքիճեանը եւ անակնկալ մը մատուցեց ներկաներուն: Ան բեմէն ղեկավարեց դահլիճին մէջ` հանդիսատեսին հետ երգահանդէսի ունկնդիր պետական ակադեմական երգչախումբի անդամները, որոնք անզուգական կատարումով ներկայացուցին Եկմալեանի “Ո՜վ, հայոց աշխարհ“ երգը: