Ատրպէյճանի պետութեան ստեղծման եւ ապա ատրպէյճանցիներու ցեղային կազմաւորման մասին Պաքուի իշխանութիւններուն քաղաքական պատուէրով ընթացք առած ապատեղեկատուական խուլ արշաւին խարխուլ կառքին լծուած ատրպէյճանցի պատմաբաններուն տրուած լաւ պատասխան մըն է Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան Հիմնարկի ցեղագրութեան փրէօՖեսօր, ընկերաբան Էնթընի Տէյվիտ ՍթեՖըն Սմիթի այն եզրայանգումը, թէ՝ «Որոշ ազգեր ունին լաւ պահպանուած անցեալ մը, մինչ ուրիշներ ատոր փնտռտուքին մէջն են, որովհետեւ անոնց անցեալը կա՛մ գոյութիւն չունի, կա՛մ ալ կը մնայ քողարկուած՝ այլ կարեւոր իրադարձութիւններու շղարշին տակ»։
Պատմական Հայաստանի Մայր գետին՝ Արաքսէն դէպի Հիւսիս «Ազրպէյճան» անուանուամբ երկրին ձեւաւորման հոլովոյթը Սմիթի այս եզրայանգման հետ ներդաշնակութիւն մը ունի։Երբ 1918ին իրարու ետեւէ Կովկասեան լեռներէն հարաւ ինկած շրջանին մէջ, որ այսօր Հարաւային Կովկաս անուանումը ունի, երեք պետութիւններ՝ Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան, ստեղծուեցան, առաջին երկուքը՝ Վրաստան եւ Հայաստան, իրենց անուանումներով ունէին դարաւոր անցեալ մը, մինչ երրորդը՝ Ազրպէյճան, Արաքս գետէն հիւսիս մինչեւ Կասպից ծովու արեւտմեան ափ երկարող նորաստեղծ այս պետութեան անունն ալ երկրին նման նորութիւն մըն էր։Խորքին մէջ՝ նորաստեղծ պետական այս կազմին անունը Պարսկաստանի Հիւսիսարեւմտեան, հին ժամանակներէն սկսեալ օգտագործուած Ատրպատական նահանգի պարսկերէնով «Ատրպէճան» անուան ընդօրինակութիւնն էր։
Հայ ազգի հնագոյն անցեալին եւ ծագումաբանութեան ու իբրեւ ժողովուրդ ձեւաւորման խնդիրներուն մասին պատգամագիտական լուրջ աշխատասիրութիւններուն մէջ կայ մէկ եւ ընդհանուր տեսակէտ, թէ հայ ժողովուրդը ունի աւելի քան երեք հազար տարուան անցեալ եւ պատմութիւն, մինչդեռ «ատրպէճանական ազգ»ի եւ ներկայի Ատրպէյճանի հանրապետութեան տարածքին վրայ գտնուած քաղաքական կազմաւորումներու հոլովոյթը ամբողջութեամբ այլ պատկեր մը կը ունի, պարզապէս այն պատճառով, որ իբրեւ այս անունը կրող աշխարհագրական եւ քաղաքական միաւոր մը, ստեղծուած է միայն 1918ին՝ Ատրպէյճան անունով, իսկ ժողովուրդն ալ ատրպէյճանցի անունը սկսած է կրել միայն 1936էն ետք, եւ այդ ալ քաղաքական որոշման մը արդիւնքով։
Կովկասեան լեռներէն դէպի հարաւ եւ հայկական Արաքս գետէն դէպի հիւսիս գտնուող՝ ներկայ Ատրպէյճանի հանրապետութեան տարածքը կը ներառէ Կուր գետէն հիւսիս՝ Կասպից ծովու եւ Վրաստանի միջեւ գտնուող պատմական Կովկասեան Աղուանքը, կամ՝ Բուն Աղուանքը, ուր կ՛ապրէին Կովկասի աղուանական ցեղերը։Եւ հոս չափազանց կարեւոր է շեշտել, որ այս շրջանին անմիջական սահմանակից էին Մեծ Հայքի Արցախ, Ուտիք եւ Փայտակարան երկրամասերը։
Խորքին մէջ Կովկասեան լեռներէն դէպի հարաւարեւելեան շրջանները երկարող տարածքներուն մեծ մասը տասնհինգերորդ դարէն սկսեալ հիմնովին անցան Պարսկաստանի գերիշխանութեան տակ եւ նոյն տարածքներուն մէջ հետագային ստեղծուեցան մահմետական խանութիւններ, որոնց դէմ դրին եւ կիսանկախ դրութեան մը մէջ գոյատեւեցին Արցախի հայ մելիքութիւնները՝ Վարանդա, Տիզակ, Ջրաբերդ, Կիւլիստան եւ Խաչէն։ Նաեւ պէտք է ուշադիր ըլլալ կարեւոր հանգամանքի մը, թէ տասնմէկերորդ եւ տասներկուերրորդ դարերէն սկսեալ, Աղուանքը՝ իբրեւ երկիր, իսկ աղուանները՝ իբրեւ միասնական ժողովուրդ, այլեւս չեն յիշատակուիր բոլոր աղբիւրներուն եւ քարտէսներուն մէջ, եւ եթէ որոշ պարագաներու՝ հայկական աղբիւրներու մէջ կը յիշատակուի Աղուանք անունը, ապա ատիկա կը վերագրուի Արցախին եւ Ուտիքին։
Ատրպէյճանական ճիգերը՝ սեփական հնադարեան պատմութիւն մը ունենալու, վերածուած է պատմագիտական ահաւոր խեղաթիւրումներու հիմամբ արտառոց տեսութիւններով լեցուն պատմութիւն մը գրելու ատրպէյճանական մոլուցքի մը, որ քաղաքական պատուէր է։ Ճիգ մը, որ ընկերաբաններու նկատողութենէն եւ ուշադրութենէն չի վրիպիր, յատկապէս երբ հարցը տեղացի բնիկին կացութեան եւ պատմութեան ուղղուած սլաքներ կը պարունակէ։Ատրպէյճանական ազգի մը դիմագծի, էութեան եւ պատմութեան կեղծ ու ստապատիր տեսութիւնները մեր օրերուն զիրար կը խաչաձեւեն եւ յաճախ զիրար հակասող տեղեկութիւններ ալ կը պարունակեն, որովհետեւ՝ դարձեալ ընկերաբանական տեսանկիւնէ, խնդիրը աւելի տագնապ մըն է,մանաւանդ երբ ճիգը «անպայման եւ ամէն գնով սեփական հազարամեայ պատմութիւն մը ունենալու մարմաջն է»։
Ատրպէյճանցիներու անունը, երկրամասին աշխարհագրական կազմաւորումը եւ տրուած անունը, ապա «ատրպէյճաներէն»ի ինքնուրոյն լեզու մը ըլլալու տարօրինակ փաստարկները անշուշտ որ պատմական ոչ մէկ վիճաբանութեան եւ հակատեսութեան կը դիմանան եւ ասիկա առաջին հերթին Պաքուի իշխանաւորները գիտեն։Կը մնայ քիչ մը ժամանակ տրամադրել եւ առաւել խորանալ պատմագիտական բովանդակութեամբ գրասէր լայն հանրութեան համար գրուած աշխատասիրութիւններու մէջ, որպէսզի պատկերը առաւել յստականայ մեզի համար։Այնպիսի ժամանակի մը, երբ համազգային պայքար ունինք մղելիք՝ հայկական Արցախի հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ապահովման տեսլականով։
↧
ԽԵՂԱԹԻՒՐԵԼ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆ Է
↧