Image may be NSFW.
Clik here to view.Վ.Խ.
Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին հինգերորդ օրը` Օգոստս 22, 2013-ին, Հայաստանի Թալին շրջանի Աշնակ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ: Օծման կարգը նախագահեց Արագածոտնի թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Եպս. Պռողեան: Արարողութեանց մաս կազմեցին Թեմի Արժ. Քանահայից դասէն Տ. Հայկ եւ Տ. Եփրեմ Հայրերը, նախկին պոլսահայ Վարուժան Սրկ. Խաչիկեան, Արման Սրկ. Ահարոնեան ինչպէս նաեւ տեղւոյն երգեցիկ խումբերէն մին:Image may be NSFW.
Clik here to view.
Յաւարտ Սուրբ Տաճարի օծման, եկեղեցականաց թափօրը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր տեղի ունեցաւ նորակառոյց խաչքարի օծումը:
Օծման արարողութեանց աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն վասն Հոգւոյն Պոնտական Ամասիոյ ու Սասուն գաւառի համայն ննջեցելոց: Յընթացս հոգեհանգստեան արարողութեան, եւս առաւել յիշուեցան Երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեան, բնիկ Ամասիացի, Խաչիկեան գերդաստանի Համօրէն ննջեցեալները:
Ապա, Գերշհ. Տ. Մկրտիչ Սրբազան ու Վարուժան Սարկաւագ իրերյաջորդ կերպով իրենց սրտի խօսքերը յայտնեցին վեր առնելով վախճանեալ Մեսրոպ Սրբազան Հօր բարեմասնութիւններն ու տեղացի ժողովուրդին նուիրումը նկատմամբ մեր մայր եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի: Օրուան հանդիսութեանց աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն, սիրոյ սեղան ու աշխարհիկ յայտագիր մը, որու ընթացքին տեղացի գիւղացիներ Սասունի յատուկ պարերէ նմոյշներ ներկայացուցին: Այս բոլորին ներկայ էին պետական պաշտօնեայք ու հարիւրաւոր գիւղացիք:Image may be NSFW.
Clik here to view.
Ըստ պատմական աղբիւրներու, Հայաստանի Արագածոտնի մարզին մաս կազմող Աշնակ գիւղը հիմնուած է Ե. Դարուն Թալինի շրջկեդրոնէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, սարահարթի մը վրայ: Գիւղի ներկայ 600 հոգի հաշուող բնակչութեան մեծամասնութիւնը եղած են այն գաղթականներու շառաւիղներէն, որոնք 1915-էն յետոյ գողելով Սասունի, Տարօնի ու Խնուսի շրջանները հաստատուած են Աշնակի մէջ:
Շուրջ 1500 տարիներու անցեալ ունեցող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման գաղափարը յղացած էր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ երբեմնի նուիրեալ ծառայ, Երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեան: Վախճանեալ Սրբազան Հայրը դիմած էր նախկին Կ. Պոլսեցի Զաքար եւ Վարուժան Խաչիկեան սարկաւագ եղբայրներուն, որպէսզի իրենք դիմագրաւէին այդ պատմական եկեղեցւոյ վերանորոգման ծախքը: Այսպէս, այժմ պոսթընաբնակ Խաչիկեան եղբայրք ընդառաջած էին Սրբազան Հօր կոչին ու շինարարական աշխատանքները սկսած էին 2002ին, ճարտարապետ Հրաչեայ Գասպարեանի հսկողութեան ներքոյ: 2003ի ձմրան սկիզբը շինարարական ծրագիրը գրեթէ իր աւարտին հասած էր, երբ Տ. Մեսրոպ Սրբազան անսպասելիօրէն վախճանեցաւ:
Շուրջ մէկ տարի առաջ, Խաչիկեան եղբայրք Գերշ. Տ. Մկրտիչ Սրբազանի աջակցութեամբ կարողացանք վերանորոգման ծրագրի վերջնական փուլը սկսիլ: Այս ընթացքին, եկեղեցւոյ մուտքին վերեւի մասը զետեղուեցաւ զարդարուն խաչ մը ու այս սուրբ տաճարը օժտուեցաւ նոր դուռով: Իսկ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղւոյն վրայ կառուցուեցաւ Նոր Խաչքար մը: Այս խաչքարը նուիրուած էր Պատմական Ամասիա քաղաքի Համօրէն հայազգի նահատակաց անմոռաց յիշատակին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով այս խաչքարը պատրաստուած էր Ջուղայի (Նախիջեւան) Հայոց հին գերեզմանատան ատրպէյճանցիներու կողմէ ոչնչացուած հազարաւոր խաչքարերէն մէկուն, որպէս կրկնօրինակը:
Բացի իր դարաւոր անցեալէն, Աշնակի Ս. Աստուածածին եկեղեցին ճարտարապետական տեսակէտէ իւրոյն արժէք մը կը ներկայացնէ: Եկեղեցւոյ կառուցման յաջորդող տարիներուն ան շրջապատուած է բերդանման պարիսպներով, դառնալով Հայաստան աշխարհի այդ ոճի եզակի բերդ-եկեղեցիներէն մին: Շինարարական աշխատանքներու ընթացքին եկեղեցւոյ աւերակներուն մէջ յայտնաբերուած են մի քանի հնադարեան խաչքարեր, տանիքին վերեւը եկեղեցւոյ թանկագին իրեղեններն ու անօթները պահելու համար գործածուած երեք քառակուսի մեթր տարածքով գաղտնի պահեստանոց եւ դիտարան մը: Անցեալին այս դիտարանի պահակները միշտ հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուէին գիւղի հարեւանութեամբ կառուցուած Ս. Քրիստափոր վանքի մուտքին գտնուող դիտարանի պահակներուն հետ: Այս դրութեան շնորհիւ գիւղերու միջեւ հաղորդակցութեան համակարգ մը ստեղծուած էր եւ ըստ այնմ, օտարազգի թշնամեաց արշաւանքներու ընթացքին դրացի գիւղեր զիրար զգուշացնելու հնարաւորութիւնը կ՛ունենային:
Նախքան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաբացումը, Աշնակի բնակիչները կը հարկադրուէին Թալին այցելել իրենց հոգեւոր կարիքներուն մատակարարման համար: Շրջանի ժողովրդեան տնտեսապէս ճնշուած կարգավիճակը եւս առաւել կը դժուարացնէր այդ ուխտագնացութիւնները: Գերշ. Տ. Մկրտիչ Սրբազանի որոշումով Տ. Հայկ քահանայ Սահակեան նշանակուած է Աշնակ գիւղի հոգեւոր հովիւ ու ամէն շաբաթ Ս. Պատարագ կը մատուցուի այս սրբավայրէն ներս: