Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐԻՍ Կ. ՍԵՒԱԿԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ.- ՅՈՅՍ ՈՒ ԹԱ­ԽԻԾ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
th
  ԹԵՐԷԶ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ

Արիս Կ. Սե­ւա­կի անու­նը յայտ­նի է Սփիւռ­քի տա­րած­քին իբ­րեւ թարգ­մա­նիչ, գրչու­թեան սպա­սար­կու, հա­յե­րէն լեզ­ուի ու գրա­կա­նու­թեան գե­րա­գոյն նուիր­եալ, հա­յու ու հայ­րե­նի­քի հա­մար տա­ռապ­եալ հոգիի ճիչ:

Մար­դը կը ճանչց­ուի իր գոր­ծե­րով, իր հո­գեմ­տա­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով: Կիրթ ու նրբազ­գաց, հա­ւա­տա­րիմ իր բա­րե­կամ­նե­րուն. մարդ` իբ­րեւ պատ­կե­րը Աս­տու­ծոյ:

Մօր­մէն ջու­թակ նուա­գել սոր­ված է: Զօ­րաց­նե­լու հա­մար իր հա­յե­րէ­նը բարձ­րա­ձայն կը կար­դայ. հա­յե­րէն լեզ­ուի ու անոր հնչիւն­ներն ու գե­ղեց­կու­թիւնը ըմ­բոշխ­նե­լու հա­մար:

Գրած է ար­ձակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ. առօր­եա­յէն բա­ժին հա­նած թարգ­ման­չա­կան աշ­խա­տան­քին, զա­նոնք թուելն ան­կա­րե­լի է ինձ հա­մար:

Արի­սին գրա­կան դէմ­քը փայ­լեց­նող զօ­րու­թիւնը իր հա­յե­րէն ու անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րու տի­րա­պե­տումն է: Անոր պրպտում­նե­րու ստու­գե­լու կա­րո­ղու­թիւնը, նե­րաշ­խար­հի նրբազ­գա­ցո­ղու­թիւնը, մտա­յին պա­շա­րը, ան­սահ­ման տա­րա­ծու­թիւն­նե­րու վրայ կ՛եր­կա­րի ուր` ճախ­րան­քը կ՛ըլ­լայ ազատ ար­ձակ մը ուր սո­վո­րա­կան գրու­թիւնը, խո­րը դի­տող հե­ղի­նա­կին, ինք­նու­թիւնը ցոյց կու տայ: Մերթ ընդ մերթ ղրկած իր բա­ցիկ­նե­րը նոյ­նը կը հաս­տա­տեն: Գո­վե­լի առա­քի­նու­թիւն մը եւս ու­նէր. իր ծա­նօթ­նե­րուն` անոնց ճա­շա­կին հա­մե­մատ, յօդ­ուած կամ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն կը կտրէր թեր­թե­րէն ու կը ղրկէր:

Մեր բա­րե­կա­մու­թիւնը եր­կա՜ր տա­րի­նե­րու վրայ հիմն­ուած է: Ամէն անգամ Ֆի­լա­տելֆ­իա մօ­րը այ­ցե­լու­թեան գա­լուն ան­պայ­ման Աստ­ղի­կին հետ, մե­զի կը հան­դի­պէ­ին ու ահա բա­ռա­րան­ներ կը բաց­ուէ­ին, բա­ռի մը ծա­գու­մը , գոր­ծա­ծու­թեան ձե­ւը ստու­գե­լու հա­մար:

Իմ հա­յե­ցա­կէ­տը կ՛ու­զեմ հիմ­նա­ւո­րել գրող, գրա­կա­նու­թեան սպա­սար­կու գրա­գէ­տին ու թարգ­ման­չին, ան­ձին ու հո­գե­կան ըն­կա­լում­նե­րուն վրայ. անձ` որ կը գնա­հա­տէր լա՛­ւը, ար­ժա­նա­ւո՛­րը, ճշմա­րի՛­տը, նոյ­նիսկ երբ իր հա­յե­ցո­ղու­թեան սկզբունք­նե­րուն յա­րիր չըլ­լա­յին:

Արի­սի հետ մեր ծա­նօ­թու­թիւնը չորս տաս­նամ­եա­կը կ՛անց­նի: Արհ. Գրի­գո­րիս Ման­եան Եպիս­կո­պոս` Վի­են­նա­յի Մխի­թար­եան Ուխ­տէն, նա­եւ Աբ­բա­հայ­րը նոյն Ուխ­տին, ու­զեց տես­նել Տի­կին Հե­լէն Սե­ւա­կը, Բժշկ. Մա­նա­սէ Սե­ւա­կի այ­րին եւ անոնց որ­դին Արի­սը: Լու­սա­ւոր լայն բաց­ուած աչ­քե­րով, ժպի­տը դէմ­քին դի­մա­ւո­րեց մեզ: Հո­գե­կան եւ մտա­ւոր աշ­խարհ­ներ գրկած երի­տա­սարդ` վայրկ­եան­նե­րու լա­ւա­տե­սու­թեամբ լե­ցուց մեր հո­գի­նե­րը: Աբ­բա­հայ­րը ջերմ ու սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Բժշկ. Մա­նա­սէ Սե­ւա­կի այրի­ին ու որդ­ւոյն: (Ժա­մա­նա­կին Բժշկ. Մա­նա­սէ Սե­ւակ Վան­քին վե­րե­լակ մը նուի­րած էր, տա­րի­քա­ւոր վար­դա­պետ­նե­րուն խնա­յե­լով աս­տի­ճան­ներ բարձ­րա­նա­լու յոգ­նու­թիւնը: Ոչ միայն նուի­րած էր վե­րե­լա­կը, այլ նա­եւ ան­ձամբ հսկած ու գոր­ծա­ւոր­նե­րու օրա­վար­ձերն ալ վճա­րած):

Տի­կին Հե­լէն Սե­ւակ սա­կա­ւա­խօս էր ու երա­ժիշտ. պայ­ծառ դէմ­քով ու մտքով:

Ջու­թա­կի դաս կու տար իր աշա­կերտ­նե­րուն, եր­գա­հան­դէս­նե­րուն կը նուա­գէր. սա­կայն իր ամե­նա­մեծ պաշ­տօ­նը` ամուս­նոյն Փրօֆ. Մ. Սե­ւա­կի վա­րիչն էր մին­չեւ մահ: Այս սքան­չե­լի զոյ­գին կրտսեր որ­դին էր Արի­սը: Հօր պնդու­մով մաս­նա­կի դա­սեր առած էր, հա­յե­րէ­նը զօ­րաց­նե­լու մի­տու­մով, վայրկ­եան մ՛իսկ բաց չէր թո­ղուր հա­յե­րէն կար­դա­լու, անոնց հնչիւն­նե­րուն ու իմաս­տին թա­փան­ցե­լու հա­մար:

Իր վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան աչ­քե­րը փա­կած կը հե­ւար:

Ի՞նչ ու­նիս Արիս, հիւանդ ես, յոգ­նած կ՛ե­րե­ւաս: Աչ­քե­րը բա­ցաւ.

-Այո՛, յոգ­նած եմ. սուրճ խմե­լէս ետք` կը հանգս­տա­նամ: Որ­քա՜ն լաւ կը զգամ այս տան մէջ:

Ան­ցան մի քա­նի ամիս­ներ. հիւան­դա­նոց գա­ցած էր: Յով­հան­նէ­սը (ամու­սինս) այ­ցե­լեց իրեն: Գո­յա­մար­տը սկսած էր: Որո­շե­ցինք մի­ա­սին իր տան մէջ այ­ցե­լել իրեն: Դէմ­քը եր­կա­րած եւ ու­ժաս­պառ էր: Մեծ ճի­գով ան­կող­նին մէջ նստաւ պար­տադր­ուած ժպի­տով: Դա­ժան ու մար­դաս­պան հիւան­դու­թիւնը գլուխ բարձ­րա­ցու­ցած էր: Լուռ էինք հա­յեացք­նե­րու մէջ շփո­թա­հար . . . մա­հա­սար­սու­ռը կը տես­նէ­ինք: Փո­խա­նա­կե­լու բառ չու­նէ­ինք: Ներ­քին ան­դոր­րու­թեամբ ըսաւ. -“Եկէք մի­ա­սին “Հայր Մեր“ մը ըսենք: Կսկի­ծը կը հա­լա­ծէր մեր ծնօտն ու շրթնե­րը, եր­բեք այդ­քան ար­ցուն­քով չէ­ինք աղօ­թած: Վեր­ջին խոս­տո­վա­նան­քը ըրած էր. ճա­շա­կած Քրիս­տո­սի Մար­մինն ու Արիւնը: “Հի­մա պատ­րաստ եմ ըսաւ“: Ին­չո՞ւ Աստ­ուած. ին­չո՞ւ ինք եւ ո՛չ ես: Շրթներս պրկուե­ցան: Հա­մա­կեր­պու­թիւնը կ՛ու­շա­նար: Այս աշ­խար­հը այ­լեւս բա­ւա­րար չէր իրեն: Տի­ե­զեր­քի ճամ­բորդն էր ըն­դե­լուզ­ուած վշտի, ցա­ւի եր­ջան­կու­թեան սլաք­նե­րով:

Ըն­տա­նի­քը իրեն հա­մար արեւ մըն էր: Ու­նէր Ար­մէ­նը, Անին ու Աստ­ղի­կը, որոնք եղան նոր լոյս ու ծա­րաւ յա­գեց­նող սի­րե­լի­ներ: Սի­րոյ անա­պակ ջու­րը բղխած իր երակ­նե­րէն անոնց սրտե­րուն մէջ կը թա­փէր: Լի­ո­վին ճա­շա­կած էր կեան­քի փուշն ու վար­դը: Ան­սա­կարկ բաժ­նած ու բազ­մա­պատ­կած էր իր սէ­րը անոնց մի­ջեւ:

Հե­ռու էր սին ու­նայ­նու­թիւն­նե­րէ: Հա­մբե­րու­թեամբ ու նե­րու­մով կեր­տեց իր ան­պար­տե­լի դղեա­կը, որուն խնա­մա­կալն էր Աստ­ղի­կը որ ան­թե­րի կա­տա­րեց մին­չեւ անոր վեր­ջին շուն­չը:

Արիս կը գի­տակ­ցէր թէ ամէն րո­պէ նպա­տակ ու ար­ժա­նիք ու­նի. իսկ ամէն նոր օր` դարձ­եալ սկսե­լու ու ճիշ­դը կա­տա­րե­լու բարձ­րա­գոյն յատ­կու­թիւն: Արե­ւի մէջ ան միշտ լա­ւա­տես բաշ­խուող առա­ւօտն էր: Ին­ծի կը թուի թէ գե­ղե­ցիկ ու բա­րի ըլ­լա­լը յա­ւեր­ժա­կան եր­ջան­կու­թիւն է:

Անոր ազ­գա­յին ըմբռ­նու­մե­րը, լի­նե­լիու­թեան տեն­ջը, տար­ուէ տա­րի իր կա­տա­րե­լու­թեան դի­մող հո­գին, խա­ղա­ղու­թեան մէջ էր, ա՛լ ոչինչ կը յու­զէր զինք: Հա­յու­թիւնը մէկ ամ­բող­ջու­թիւն պի­տի ըլ­լայ, մի­ա­հա­մուռ ու վճռա­կամ` որ Նոր Հա­յը ստեղծ­ուի: Գի­տակ­ցու­թիւնը ու­նէր հա­յուն սպառ­նա­ցող ֆի­զի­քա­կան վտանգ­նե­րուն, իր եզ­րա­կա­ցու­թեամբ եւ իմ` մի­ա՛յն հա­մազ­գա­յին միու­թեամբ կա­րե­լի է յաղ­թել. օրի­նակ` Ար­ցա­խը: Գի­տու­թեամբ տի­րել, հա­մար­ձակ տե­սո­ղու­թեամբ վտանգ­նե­րէ զերծ մնալ, մա­նա­ւանդ վե­րա­դառ­նալ իր հո­ղե­րուն եւ իր հա­ւատ­քին: Հա­յոց լե­զուն Ս. Մես­րո­պի ուղ­ղագ­րու­թեամբ ու տա­ռե­րով իր Սրբու­թիւն Սրբոցն էր:

Հա­յե­րէն բա­ռե­րով է որ մեր ցաւն ու խնդակ­ցու­թիւնը կը յայտ­նենք, որ գինի­էն աւե­լի ախոր­ժե­լի ու վա­յե­լուչ է:

Թարգ­ման­չա­կան աշ­խա­տան­քը կլա­նեց իր ժա­մե­րը, չհա­սաւ իր մտա­սե­ւե­ռում­նե­րը կա­տա­րել: Հօր կեն­սագ­րա­կա­նը մօր նուիր­ուա­ծու­թիւնը ներ­բո­ղել:

Հա­յա­գի­տա­կան աշ­խար­հը ու իր սի­րե­լի­նե­րը կը սգան մե­ծա­գոյն բա­նա­սէ­րին, հա­յա­սէ­րին, իրաւ հա­ւա­տաց­եա­լին բա­ցա­կա­յու­թիւնը:

Օրհն­եալ ըլ­լայ ար­դար­նե­րու յի­շա­տա­կը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles