Image may be NSFW.
Clik here to view.ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Վերջին շաբաթներուն, հակառակ ամառնային արձակուրդին եւ շոգին, Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ բեղուն աշխատանք կը տարուի։
Թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ատրպէյճանական կողմերը գործի լծուած են, իսկ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ Պաքու կը շարունակէ հետեւողական ձեւով չյարգել զինադադարը, հետզհետէ դժուարացնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահներու պարտականութիւնը՝ շրջանին մէջ խաղաղութիւն պարտադրելու։
Քաղաքական բեմահարթակի վրայ, դեռ քանի մը շաբաթ առաջ Ֆրանսայի իշխանութիւնները ազերիներու կիրարկած «ձկնկիթեան քաղաքականութեան» ուռկանին մէջ իյնալով եւ հետեւողական ճնշումներու ազդեցութեան տակ, սկսան դատական գործերով Արցախի քոյր քաղաքներու հետ կապուած դաշինքներն ու համաձայնութիւնները չեղեալ նկատել, նշելով թէ նախապէս կատարուած բոլոր աշխատանքները ապօրինի են։ Ցայսօր ֆրանսահայութիւնը աշխատանք կը տանի, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկուի Պաքուի այս կոշտ միջամտութիւնը եւ վերստին գործեն այս համաձայնութիւնները։
Հին ցամաքամասէն արագ ոստում մը կատարելով դէպի հեռաւոր Աւստրալիա, Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Մասիս Մայիլեան պատուիրակութեան մը հետ պաշտօնական հիւրն էր տեղւոյն իշխանութիւններուն, որոնք բազմիցս հանդիպումներ կազմակերպեցին եւ ինքնաբերաբար ասոր արդիւնք, կազմուեցաւ Արցախ – Աւստրալիա բարեկամներու խումբը։ Արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ թէ՜ Պաքուի եւ թէ՛ Անգարայի պատասխանը, ագեվազներու երկրին մէջ Արցախեան կողմի արձանագրած այս յաղթանակին դիմաց։
Փոխադրուելով Նոր Աշխարհ, դեռ հազիւ ամիս մը առաջ էր, որ Ներկայացուցիչներու Տունը վաւերացուցած էր երկու առաջարկներ։ Առաջինը՝ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրէսական Ճուտի Չուի առաջարկն էր, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ահաբեկչական արշաւին պէտք է վերջ դրուի: Չու անընդունելի նկատելով Պաքուի կողմէ զինադադարի շարունակական խախտումները, պահանջած էր, որ Արցախի սահմանէն արձակազէնները եւ ծանր զէնքերը հեռացուին միաժամանակ պահանջելով, որ յարձակող կողմը բացայայտող յատուկ սարքաւորումներ տեղադրուին, մօտէն հսկողութեամբ ԵԱՀԿ-ի յաւելեալ դէտերու:
Իսկ երկրորդը՝ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող Դեմոկրատական քոնկրէսական Պրէտ Շըրմընի առաջարկն էր, որ օրէնքներու յանձնախումբին կողմէ եւս վաւերացուած էր:
Շըրմընի կողմէ ներկայացուած այս առաջարկին նպատակն է` արգիլել Ատրպէյճանին վաճառել այնպիսի հակա-օդային կազմածներ, որոնք կը վտանգեն քաղաքացիական օդանաւերու ապահով թռիչքները:
Այս երկու կարեւոր յաղթանակներէն ետք, ահաւասիկ բոլորովին հակասական մօտեցում մը, որուն մասին գրեթէ շաբաթէ մը ի վեր կը խօսուի քուլիսներու ետին, թէ Ուաշինկթըն մտադիր է երկու ամսուան ընթացքին դադրեցնել Արցախին տրամադրուող ելեւմտական աջակցութիւնը։
1998-էն ի վեր կը կատարուէր այս օժանդակութիւնը, անգամ մը եւս՝ շնորհիւ քոնկրէսական Պրէտ Շըրմընի հետեւողական ջանքերուն։ Այս օժանդակութեան առիւծի բաժինը տրամադրուած է «Ականազերծուած Արցախ»արշաւին, որ շնորհիւ «Հալօ Թրասթ» կազմակերպութեան՝ կրցած է մաքրել ականադաշտեր ու փրկել անհամար կեանքեր:
Ֆրանսայի մէջ վերջերս արձանագրած յաղթանակէն խանդավառ Պաքու ամէն գնով կը փորձէ դադրեցնել այս օժանդակութիւնը, յատկապէս այն պատճառով, որ Հայաստանէն ետք Միացեալ Նահանգները աշխարհի միակ պետութիւնն է, որ չճանչնալով հանդերձ Արցախի անկախութիւնը, ուղղակի նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէ։
Այս մէկը աւելի քան քսան տարուան պատմութիւն ունեցող նախանձելի ՅԱՂԹԱՆԱԿ մըն է, որ կարելի չէ անտեսել։ Առաջնահերութիւն մը, որ լուսանցքի տակ կ՛առնէ Պաքուի գործօնը։ Պէտք է շարունակ ահազանգել ուպայքարիլ հետզհետէ աւելի կրկնուող Սպիտակ Տան ցուցաբերած անտարբերութեան եւ ժխտական կեցուածքին դէմ։