Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Վահագն Տատրեանի Մահը

$
0
0


ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- 93 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ ամերիկահայ հանրածանօթ գիտնական, իրաւագէտ, պատմաբան, ընկերաբան, ուսողագէտ, ընկերաբանութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուոյ դոկտոր եւ արտասահմանեան անդամ, Հայոց ցեղասպանութեան պատմաբան եւ «Զօրեան» հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման բնագաւառէն ներս տնօրէն Վահագն Տատրեանը։
Վահագն Տատրեան պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալով, «Վերիթաս» ոսկէ մետալով (Հարվըրտի համալսարան), Ռուսիոյ հայերու միութեան ոսկիէ մետալով, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ոսկիէ յուշամետալով, Իտալիոյ «Ճշմարիտները հայերու համար» կոմիտէի Ֆրիտէոֆ Նանսենի ոսկիէ յուշամետալով (Ցեղասպանագէտ գիտնականներու միջազգային ընկերակցութիւն), «Ս. Սահակ – Ս. Մաշտոց» մետալով, Հայաստանի նախագահի ոսկիէ մետալով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ցաւով իմացաւ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան գոյժը, որուն համար յայտնեց, թէ անոր կորուստը մեծ է մանաւանդ Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ։
Նշենք, թէ 1999-ին Նորին Սրբութիւնը Փրոֆ. Տատրեանը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս պարգեւատրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ,Ս. Մեսրոպ Մաշտոցե շքանշանով եւ վեր առնելով անոր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ ըսած էր. ,Շնորհիւ իր գերագոյն ճիգին, ան կրցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դուրս բերել մեր ժողովուրդի կեանքի շրջագիծէն եւ զայն բանալ աշխարհին։ Ու ահա, այսօր, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայութիւն է միջազգային հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններու, դիւանագիտական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ ակադեմական ծիրէն ներսե։
Տատրեան համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրներէն է: Յատկապէս արժէքաւոր են «Հայկական ցեղասպանութիւնը խորհրդային եւ պատմագիտական քննարկումներով» (հայերէն, 1995), «Հայոց ցեղասպանութեան մէջ գերմանական պատասխանատւութիւնը: Պատմական ապացոյցի ստուգաբանութիւն» (անգլերէն, 1996), «Ցեղասպանութեան երաշխիքը. Թուրք-հայկական հակամարտութեան գլխաւոր բաղադրատարրեր» (անգլերէն, 1998) մենագրութիւնները: Միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերլուծութեան նուիրուած է «Ցեղասպանութիւնը որպէս ազգային եւ միջազգային իրաւունքի հիմնահարց. Հայկական հարցը Ա. աշխարհամարտի տարիներուն եւ անոր նկատմամբ ժամանակակից իրաւական վերաբերմունքը» (անգլերէն, 1989) աշխատութիւնը:
Վահագն Տատրեան ծնած է 1926-ին, Պոլիս: Աւարտած է Պերլինի համալսարանի ուսողութեան, Վիեննայի համալսարանի պատմութեան եւ Ցիւրիխի համալսարանի միջազգային իրաւունքի բաժանմունքները: 1970-էն 1991 ընկերաբանութիւն դասաւանդած է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ, միաժամանակ եղած է Հարվըրտի համալսարանի Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու եւ Մասաչուսէցի Արհեստագիտութեան միջազգային ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու աւագ գիտաշխատող: 1990-ականներուն եղած է Հ. Ֆ. Կուկընհայմի ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի տնօրէն: 1991-էն ի վեր, ան «Զօրեան» ուսումնարանի (Թորոնթօ եւ Քեմպրիճ) ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագիրի գիտական տնօրէնն էր:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles