ԵՐԵՒԱՆ.- Տարբեր երկիրներէ Հայաստանի մէջ համախմբուած երիտասարդներու մասնակցութեամբ, Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 2019-ի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Յուլիս 15-ին: Բացման հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ՝ ծրագիրին, նպատակին եւ օրէնքներուն:
Բացումէն ետք, հաւաքին մասնակցողները պտոյտ մը կատարեցին Երեւանի մէջ: Ծանօթացան Օփերայի շուրջ գտնուող արձաններուն՝ Թումանեան, Սպենդիարեան, Խաչատուրեան, Սարեան, Կոմիտաս, Բաբաջանեան եւ Թամանեան: Անոնք նաեւ նախաձեռնեցին Երեւանի բնակիչներուն հետ հանդիպումներու եւ անոնց հետ զրուցեցին իւրաքանչիւր դէմքի մասին:
↧
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ
↧