Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Արարատ Միրզոյեան Այցելեց «Հայրենիք»

$
0
0

ՊՈՍԹԸՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Ուաշինկթընի մէջ գիտաժողովին մասնակցելէ եւ հանդիպումներ ունենալէ ետք, ժամանեց Պոսթըն եւ այցելեց հայկական կեդրոններ եւ տեսակցեցաւ զանազան ներկայացուցիչներու հետ: Ուրբաթ, Յուլիս 19-ի երեկոյեան, նախքան գաղութին հետ տեսակցիլը, Միրզոյեան ժամանեց «Հայրենիք» եւ այցելեց Հայաստանի Ա. հանրապետութեան եւ Հ.Յ.Դ.-ի արխիւները: Ազգային ժողովի նախագահը մօտէն հետեւեցաւ պատասխանատու Ճորճ Աղճայեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն: Հ.Յ.Դ. արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի ներկայացուցիչ՝ Աղճայեանին կ՛ընկերակցէր նաեւ Անի Չաղլասեան:

Միրզոյեան ակնածանքով եւ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ տրուած մանրամասնութիւններուն: Աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles