Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Արարատ Միրզոյեանի Հանդիպումները Ուաշինկթընի Մէջ

$
0
0

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչներուն հետ:

Միրզոյեան շեշտեց երկու կազմակերպութիւններուն կարեւոր դերը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ: Ան ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բարեփոխումներու օրակարգը: Քննարկուեցան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած շարք մը ծրագիրներ, որոնց իրականացման գործին մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Ամերիկայի հայկական համագումարը կրնան իրենց ներդրումը ունենալ:

Նշենք թէ, Յուլիս 16-ին, Խորհրդարանական ղեկավարութեան գիտաժողովին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած էին երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

Երկուշաբթի, Յուլիս 15-ին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի առաջնորդ՝ Անուշաւան  արքեպիսկոպոս  այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթընի հայկական դեսպանատունը, ընկերակցութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի եւ Պեթեստայի (Մէրիլէնտ) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս քհնյ. Ագթաւուգեանի։  Անոնք հանդիպեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խօսնակ Արարատ Միրզոյեանին եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանին։

Նշենք թէ, չորեքշաբթի , Յուլիս 17-ի առաւօտեան , Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը այցելեց Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին , գլխաւորութեամբ փոխ-վարչապետ՝ Տիգրան Աւինեանի , որուն մաս կը կազմէին անոր գրասենեակի ղեկավարը՝ Վարագ Սիսեռեան , խորհրդական՝ Զարուհի Մաթեւոսեան , եւ Կայուն Զարգացման Նպատակների Ազգային Նորարարական Կենտրոնի վարիչ՝ Ստեփան Մարգարեան։ Պատուիրակութեան կ՚ընկերանար ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ՝ Մհեր Մարգարեան։ Հիւրերը ընդունուեցան Գերշ . Տ .  Անուշաւան   արք .  Դանիէլեանին կողմէ , որուն կ՚ընկերանային Ս . Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ . Մեսրոպ քհնյ . Լագիսեան , Ս . Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ . Նարեկ քհնյ . Թրթռեան , Ազգ . Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ . Վարդան Մատթէոսեան , Ս . Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան փոխատենապետ՝ Բարշ . Տ . Շանթ Ա . սրկ . Գազանճեան , եւ հոգաբարձութեան այլ անդամներ։

Մայր Եկեղեցին կարճ այցելութենէ մը եւ աղօթքէ մը ետք , այցելուները նախաճաշի նիստ մը ունեցան « Ճոն Բաշալեան » սրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստի խօսքով ընդունեց այցելուները , անդրադառնալով Եկեղեցւոյ դերին՝ մշտապէս կանգնելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին։ Փոխ-վարչապետ Աւինեան խօսեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւնները նոր որակի հասցնելու կարեւորութեան մասին։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles