Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յուլիս 5 եւ 6-ին երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն տուած է Սիւնիքի մարզ: Անոր առաջին կանգառը հայ-իրանական սահմանին գտնուող Մեղրիի Ազատ տնտեսական գօտին էր, անկէ ետք այցելած է մարտական դիրքեր, տարբեր գործարաններ եւ Մեղրիի շրջանային բժշկական կեդրոն:
Նախագահը Սարգսեան շրջագայեց Ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին մէջ եւ ծանօթացած իրականացուող աշխատանքներուն: Մարտական դիրքեր այցելելով` նախագահը ողջունեց սահմանապահները եւ նշած, որ խորհրդանշական է Սահմանադրութեան օրը սահմանին գտնուիլը: Ան շատ կարեւոր նկատած է սահմանապահներուն աշխատանքը` ընդգծելով, որ անձնուրաց կերպով անոնք կը ծառայեն թէ՛ ամրան տաքին, թէ՛ ձմրան ցուրտին: Նախագահը անոնց մաղթած է յաջողութիւն ու բարի ծառայութիւն:
Սարգսեան նաեւ մասնակցեցաւ Քարահունջի թութի փառատօնին:
Սիւնիքի մարզ կատարած աշխատանքային այցելութեան աւարտին հանրապետութեան նախագահը այցելեց Գորիսի Ֆրանս-հայկական սրտանօթային կեդրոն: