Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐՆԱԽԱՒԻ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄՆԵՐԸ ՇԱՏ ՀԵՌՈՒ ԵՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

$
0
0

Մարք Յարութիւնեան, 18 յունիս 2019, Երեւան

            Բանն ասանկ եւ ոչ  բամբասանք:

            Հայաստանի մամուլը, տպագիր թէ հեռատեսիլային, անդադար կը սփռէ տեղեկութիւններ ոճիրներու, պատահարներու, կուսակցութիւններու, դատերու, ցոյցերու, ամբաստանութիւններու, մրցակցութիւններու, փոխադարձ անհատնում քննադատութիւններու, չարաշահումներու մասին: Պարզ. կարծէք երկիրը անհակակշռելի է եւ սովորական է որ ամէն ոք կը փորձէ ինքնիրեն իրաւունքներ տալ, իշխանութիւն ձեռք բերել:

            Տասնեակներով կուսակցութիւններ կան, նորեր կը յայտնուին: Լրատուամիջոցները կը յորդին դատաւորի, տնօրէնի եւ այլ պաշտօններէ հրաժարումներու եւ նոր նշանակումներու մասին տեղեկութիւններով: Գումարեցէ՛ք անվերջանալի ճամբորդութիւնները, պաշտօնական անձերու եւ պատուիրակութիւններու ժամանումները, ժողովներու նկարահանումները եւ ճեպազրոյցները:

            Կրկնութիւններով՝ օրը քսանչորս ժամ:

            Լրատուամիջոցները առատ նիւթ ունին:

            Այսինքն Հայաստանի կեանքը կարծէք կը թաւալի այն իւրայատուկ շրջագիծէն ներս միայն՝ ինչ որ կարելի է կոչել վերնախաւ, եւ այդ վերնախաւի աշխարհագրութիւնը Երեւանն է: Նոյնիսկ Աշտարակը կամ Եղվարդը, որոնք Երեւանի դռներուն կը գտնուին, տարբեր աշխարհներ են, անոնց բնակիչներն ալ իրենց աչքերը յառած են Երեւանի վրայ:

            Ինչպէս որ էր Ֆրանսայի Վերսայի պալատը, Լուդովիկոս ԺԴ թագաւորի ժամանակ:

             Հայաստանի հեռատեսիլէն յայտագիր մը կայ միայն, զոր հաճոյքով կը դիտեմ, որ կը ներկայացնէ գիւղերը եւ գիւղացիները, իրենց կեանքի եւ աշխատանքի վայրին մէջ: Կը զգամ, որ Երեւանէն դուրս երկիր մը կայ որ կը շնչէ, որ Երկիրն է: Լրագրողը իւրաքանչիւր հաղորդման ընթացքին  կը կրկնէ՝ «Երկիրը երկիր է»: Արդարեւ այդ է: Այդ «երկիր»ն է ապագայի երաշխիքը, ան է Հայաստանը: Ան կարիք ունի ճանապարհներու, դպրոցական շէնքերու, ոռոգման ջուրի: Այս մարդոց հետաքրքրութիւնը առաւելագոյնը կանգ կ’առնէ մարզպետի եւ քաղաքապետի մակարդակին: Անոնցմէ անդին պատահածը եւ պատահելիքը լուսնին չափ հեռու են իրենցմէ,- նախագահներու, վարչապետի, դատաւորի շանակումներ, արտասահմանէն եկած հիւրեր եւ ընդունելութիւններ եւ դէպի արտասահման վերնախաւի ճամբորդութիւններ:

            «Նախկին»ի եւ «նոր»ի փոխադարձ քննադատութիւնները «Երկիրը երկիր է» խօսքի յայտագրին  հաղորդավարի զրուցակիցներուն չեն վերաբերիր: Չաւարտող եւ ընդլայնուող, նոր ճակատներ բացող պառակտումները այլմոլորակային են իրենց համար: Այդ պառակտումները ոչ ճանապարհներու շինութեան կը ծառայեն, որպէսզի «Երկիրը երկիր է»ի մարդոց եւ թոշակառուներու առօրեան բարելաւեն, ոչ դպրոցները:

            «Վերնախաւ»ը բնաւ մտածա՞ծ է, թէ ի՞նչ կրնայ ընել համեստ քաղաքացին ամսական 25.500 դրամով: Պոտրումը, Անթալիան կամ Սոչին պարիկի պատմութիւն են 25.500 դրամով ապրողներուն համար: Իսկ Նիցցան եւ Էյֆէլի աշտարակը… մենաշնորհեալներու:

            Զարմանալի կրնայ թուիլ թերեւս, եթէ ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ դրամ կայ: Կը բաւէ շրջիլ տեսնելու համար բարձրացող շէնքերը, ինչպէս կ’ըսուի «էլիտար» շէնքերը, ընտրանիի յատուկ, շրջող ինքնաշարժներու (աւդոներու) յարաճուն թիւը, խճողուած ճաշարանները, վերջին նորոյթ կաճէթները: Բայց պէտք է տեսնել մադրուշքաները (ցած առաստաղով հանրակառքերը), որոնց ճամբորդները կը թխմուին, եւ դժբախտութիւնը ունին միջահասակ կամ բարձրահասակ ըլլալու, եւ երբ ոտքի մնան, աթոռ չգտնեն, ամէն վայրկեան իրենց գլուխը կրնան վիրաւորել:

            Կան նաեւ անմիջապէս փուլ գալու վտանգին ենթակայ բնակարաններ, որոնք անտեսանելի են վերնախաւի բարձունքէն: Մեծ վաճառատուներէն լեցուն եւ ուռած պայուսակներով դուրս եկողներ կան, բայց կայ նաեւ այն զանգուածը որ հացին մէջ խաշած գետնախնձոր (կարտոֆիլ) կը փաթթէ եւ օր կ’անցնէ:

            Զբօսաշրջիկները այս բոլորը չեն տեսներ: Իրենց համար «տաքսի»ն աժան է, կեդրոնի սրճարանները եւ ճաշարանները աժան են, ձանձրանալու պատճառ չունին, տեսարժան վայրեր տանող ընկերութիւններ կան, անոնք փուլ գալու վտանգին ենթակայ ընտանիքը ցոյց չեն տար:

            25.000 դրամ թոշակ ստացողները հէքիաթային անուններով ճաշարանները եւ խաղատուները պիտի չերթան: Տեսարժան վայրերու այցելու յաճախորդ չեն:

            Բայց վերնախաւը, ինչպէս ամէն տեղ ամբոխայնացում-populisme խաղալով յոյս պիտի ծախէ, կը ծախէ, յոյս՝ որուն ինք պէտք չունի, ինք Rubiconի միւս կողմը կը գտնուի, կրնայ նոյնիսկ Ֆրանսայի թագուհիին պէս ըսել, որ եթէ հաց չունին թող կարկանդակ ուտեն, հոս պիտի ըսեն՝ թխուածք:

            Վերնախաւը կրնայ պառակտուիլ, ողողել լրատուամիջոցները: 25.000 դրամ թոշակ ստացողներու համար այդ պառակտումները կը նմանին թատրոնի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ֆրանսացի քաղաքական գործիչ մը զանոնք սահմանած էր, bonnets blancs, bonnets blancs, բառակառուցում՝ զոր դժուար է թարգմանել, ըսենք՝ սպիտակ գլխարկաւորները, գլխարկաւոր սպիտակները…

            Եթէ քիչ մը Կանտիի դպրոցին հետեւէին վերնախաւի մարդիկ եւ կիներ, պետական եւ ազգային հարստութիւնը չհամարէին սեփական ագարակ, «Երկիրը երկիր է»ի հաղորդման ճանապարհները եւ փոխադրամիջոցները այլ կ’ըլլային, մարդիկ մեծով պզտիկով փուլ գալու վտանգի ենթակայ յարկի տակ չէին ապրեր, եւ օր ու շաբաթ չէին անցներ բաւաւարարուելով լաւաշի մէջ փաթթուած կարթոշկայով (գետնախնձոր):

            Վերնախաւի մարդիկ եւ կիներ ինչո՞ւ չեն ընկերանար «Երկիրը Երկիր է» հաղորդաշարի նկարահանողին, ազգային վերաորակաւորման ենթարկուելու համար

            Օրացոյցի դիպուած:

            Այսօր 18 յունիս է, տարեդարձը Ֆրանսայի ազատարար զօրավար տը Կոլի հռչակաւոր կոչին՝ դիմադրելու գրաւման բանակներուն, ծանօթ Appel du 18 juin-ը : Ան երբ նախագահ էր եւ երբ շաբաթավերջին հանգստանալու կ’երթար իր գիւղի բնակարանը, պետական-ծառայական մեքենան չէր գործածեր, այսինքն՝ պետական միջոցները չէր չարաշահեր: Երբ պետական ճամբորդութիւն կ’ընէր, կին եւ զաւակ իրեն չէին ընկերանար: Եւ կը մեծնար:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles