Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԳՐՈՂԻ, ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉԻ ԵՒ ՍՐԲԱԳՐՈՂԻ ՄԱՍԻՆ

$
0
0

Յ. Պալեան

            Հայերէնով գիրքեր լոյս կը տեսնեն, հակառակ տիրող յոռետեսութեան: Կը գրեն հայերէնով, կը գրեն նոյնիսկ անոնք որոնք կը տիրապետեն օտար լեզուներու: Բայց հայերէնով արտայայտուելու միտումը ազնիւ ըլլալով հանդերձ, մեզ կը դնէ շատերու կողմէ լուրջ չհամարուող խնդիրներու առջեւ: Այդ հայերէնի մաքրութեան հանդէպ խստապահանջութիւնն է, որպէսզի մեր յաճախ թութակաբար կրկնուող ոսկեղնիկը արեւելեան պազարի լեզու չըլլայ:

            Արմենակ Եղիայեան անվարան վեր կ’առնէ լեզուական, շարահիւսական, քերականական եւ այլ շեղումներ, որոնցմէ զերծ չեն սփիւռքի մէջ դեռ յամառօրէն հայերէն գրողները: Կը դժգոհի, որ զինք չեն լսեր: Պատճառը շատ պարզ է. բոլորս ալ կը գտնուինք մեզ շրջապատող օտար լեզուի (լեզուներու) ազդեցութեան տակ, եւ անգիտակցաբար կապկումներ եւ իւրացումներ կ’ընենք: Նաեւ, պէտք չէ մոռնալ, որ գրողը երբ կ’ուզէ սրբագրել իր գրածը, դժուար կը տեսնէ իր սխալները, քանի որ կը հետեւի միտքին, ոչ բառերուն:

            Փոխանակ բանտարկուելու քննադատութեան եւ լեզուի աղարտման ողբին մէջ, մտածենք, թէ ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի գրուած լեզուն պահէ իր մաքրութիւնը, քայլ մըն ալ անդին երթալով, նաեւ խօսուած ընթացիկ լեզուն պաշտպանուի: Այս ճիգը հողմաղացներու դէմ Տոն Քիշոթի կռիւ չէ, այլ ազգի ինքնութեան եւ հարազատութեան պաշտպանութիւն, պարզ հայերէնով՝ ազգային իրաւ քաղաքականութիւն, այսօրուան եւ վաղուան համար:

            Եթէ այս տեսանկիւնէ դիտենք հայերէնով լոյս տեսնող էջերը,- գիրքեր, յօդուածներ,- եւ վեր առնենք անոնց մէջ տեղ գտած մեծ կամ փոքր այլանդակութիւնները, բարոյախօսողներ պիտի ըսեն թէ սխալ կ’ընենք, որ ընդհակառակն՝ պէտք է քաջալերել հայերէն գրողները, եւ ճիշդ կ’ըսեն: Բայց ինչպէ՞ս հաշտեցնել հայերէն գրելու քաջալերանքը նոյն այդ հայերէնի պաշտպանութեան հետ, թերթ, գիրք եւ ինչո՞ւ ոչ՝ բեմ (ճառախօս եւ թատրոն):

            Այնպէս պարտադրած է մեր պատմութիւնը, որ ունենանք երկու աշխարհաբար գրական լեզու, առաւել՝ անոնցմէ մին ալ ունենայ երկու տարբեր ուղղագրութիւն: Պիտի ապրինք, խօսինք եւ գրենք ընդունելով այս կացութիւնը, առանց մեր անգիտութիւնը կանոնի վերածելու (այսպէս ալ կ’ըլլայ, այնպէս ալ կ’ըլլայ, ասիկա թատրոնի լեզու է, լեզուն կը յառաջդիմէ), եւ շարունակելու աղաւաղումները:

            Չխորհինք, որ ֆրանսացի, անգլիացի, գերմանացի կամ արաբ լրագրողները եւ գրողները անսխալ կը գրեն: Այդ լեզուներով գրուած էջերուն մէջ լեզուական սխալները հազուադէպ են, քանի որ ֆրանսական թերթերը եւ հրատարակչատուները սրբագրողներ ունին (լեզուի եւ ուղղագրութեան): Ֆրանսացի գրողի գործը երբ կ’ընդունուի հրատարակիչին կողմէ, կը խմբագրուի, կը սրբագրուի:

            Բայց նախ գրողը եւ լրագրողը իրենք բծախնդիր պէտք է ըլլան: Նուաստացում չէ աշխատանքի սեղանին վրայ բառարան ունենալ, դիմել անոր, նայիլ իմաստին եւ ուղղագրութեան: Ապա, թերթը եւ հրատարակիչը բարոյապէս իրենք զիրենք պարտաւոր պէտք է համարեն իրենց հրատարակած թերթի եւ գիրքի որակին, ոչ միայն կողքին, այլ նաեւ եւ մանաւանդ՝ լեզուին:

            Ֆրանսական թերթի սրբագրիչի մը հետ երբ կը զրուցէի, ինծի բացատրեց որ իր աշխատանքը մասնագիտական է, կը պահանջէ հմտութիւն եւ վարժութիւն: Այսպէս, բացատրեց, որ սրբագրողը իր ընթերցում-աշխատանքը գրութեան առաջին տողէն չի սկսիր, այլ վերջին բառէն եւ վեր կ’ելլէ, իմաստի ազդեցութենէն զերծ մնալու եւ գրուած բառը տեսնելու համար, պատկեր եւ տող չի տեսներ:

            Խօսքս կ’ուզեմ մասնաւորել արեւմտահայերէնի եւ սփիւռքի հրատարակութիւններուն:

            Գնահատելի է, որ երիտասարդներ եւ նուազ երիտասարդներ, նոյնիսկ անոնք որոնք հայերէնի տիրապետելու առիթը չեն ունեցած, հայերէն կը գրեն թերթով եւ գիրքով: Այս դրական ճիգը պատճառ չէ, որ ամէն գրուած այդպէս տպուի, թուղթի վրայ, տեսնուի համացանցի վրայ: Ըսի՝ բառարան պէտք է օգտագործել, բայց թերթերը եւ հրատարակիչները պէտք է որ սրբագրեն գրուած էջը տպելէ առաջ գրութիւնը, այդ էջը գրուած ըլլայ հանգամանաւոր անձի, վարդապետի, հոգեւոր հովիւի թէ տաղանդաւոր երիտասարդի կողմէ: Այս ընելով կը պաշտպանուի լեզուի անաղարտ պահպանումը, գրողի եւ լրագրողի էջը կ’ունենայ յաւելեալ որակ:

            Գրուած էջը, թերթ թէ գիրք, համացանց, նպարավաճառի կրպակ չէ, ուր կարելի ըլլայ ամէն բան լեցնել: Նուազ ինքնահաւան ըլլալ, աւելորդ չհամարել մեր գրած էջի սրբագրութիւնը: Քիչ մը յարգանք մեր լեզուին եւ մեր արժանապատուութեան հանդէպ, օգտակար կ’ըլլայ անհատին, հաւաքականութեան եւ մեր տոկալու ու տեւելու ճիգերուն:

            Այս մասին կրկին մտածեցի վերջին օրերուն, երբ աղմուկով եւ ծափով դիմաւորուած արեւմտահայերէնով  գրուած երեք գիրքեր կարդացի: Եթէ ցանկը կազմենք եւ մամուլով արտայայտուինք անոնց ուղղագրական, լեզուական, հոլովական եւ այլ սխալներու եւ թերիներու մասին, ճշդելով գիրքի եւ հեղինակի անունը, պիտի ըսուի որ կը ստորագնահատենք ճիգերը, որ բացասական վերաբերում ունինք, անհանդուրժող ենք:

            Այս իսկ պատճառով, թերթերը եւ հրատարակիչները կոչ պէտք է ընեն բանիմաց սրբագրողներու, նախընտրաբար ոչ սիրայօժար եւ ոչ սիրողական: Ընթերցող, հանդիսատես եւ  գրողներ իրենք կը շահին: Մանաւանդ կը շահին սերունդը եւ հայ լեզուն:

            Այս կ’ըլլայ ապագայակերտ քայլ: Նաեւ նպաստ՝ մեր գրաւոր ժառանգութեան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles