Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Լոնտոն․- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Բանախօսեց Հ․ Հ․ Անկախութեան 101-ամեակի Ձեռնարկին

$
0
0


ԼՈՆՏՈՆ․- Յունիս 13-ին, Հ․Յ․Դ․ «Դարբինեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 101-ամեակին, որուն ներկայ եղան նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան (Ֆրանսա):

Րաֆֆի Քիլեան
Սթեֆըն Փաունտ

Բացման խօսքին մէջ Հ․Յ․Դ․ Լոնտոնի կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Քիլեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւիրեալներուն, անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման պատմական քայլի կարեւորութեան, ապա բեմ հրաւիրեց Անգլիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Սթեֆըն Փաունտը: Վերջինս դրուատանքով խօսեցաւ հայ-անգլիական խորհրդարանական սերտ յարաբերութիւններուն, Լոնտոնի հայ գաղութին եւ յատկապէս Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցութեան մասին, աշխատանքներ, որոնք զինք մղած են ըլլալու հայ ժողովուրդի կողքին` ներդնելով բոլոր կարելիութիւնները:

Խօսելով գործընկեր Հ․Յ․Դաշնակցութեան մասին` Փաունտ շնորհաւորեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ հաստատեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումը չէր կրնար իրականութիւն դառնալ առանց զոհողութիւններու, որոնց ակունքներուն կանգնած էր եւ կը ղեկավարէր Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը: Փաունտ պատմեց նաեւ, թէ Դաշնակցութիւնը ինչպէ՛ս դիմաւորեց զինք Արցախի մէջ, ապա հիացմունքով խօսեցաւ հայկական երկրորդ հանրապետութեան մէջ Հ․Յ․Դ․-ի կատարած աշխատանքներուն մասին:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր շնորհակալական խօսքէն ետք անդրադարձաւ 28 Մայիս 1918-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման բոլոր նուիրեալներուն եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին կամքը ներկայացնող Արամ Մանուկեանի կերպարին, որ ճակատագրական պահուն կրցաւ յորդորել, համախմբել բոլորը եւ վերջնական յաղթանակ ապահովել հայ ժողովուրդին:
Անդրադառնալով Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ Դաշնակցութեան կողմէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ իրագործուած ու իրագործուող նախաձեռնութիւններուն` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ անոնք, այսօրուան անմիջական հրամայականներէն անկախ, պէտք է դառնան յենասիւն, վերակազմակերպուած սփիւռք, որ իր հայապահպանութեան աշխատանքներուն իբրեւ լրացուցիչ ազդակ, ամբողջութեամբ պէտք է ծառայեցուի Հայաստանի հզօրացման եւ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման վերջնանպատակին:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Արամ Արարատեան

Իր ելոյթին մէջ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նկատել տուաւ նաեւ, որ պատմութիւնը ժամանակի ընթացքին սկսած է իր արժանի գնահատականը տալ մայիս 28-ը կերտած փաղանգին, որուն ապացոյցը եղաւ այս տարի Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ Արամ Մանուկեանին նուիրուած յուշակոթողի բացումն ու յուշակոթողի պատին մէջ Արարատի գագաթէն, Վանէն, Շուշիէն բերուած հողին եւ Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն առնուած մասունքներուն ամփոփումը:
Ձեռնարկի աւարտին Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչ Արամ Արարատեանը ներկաներուն ուղղեց դեսպանութեան խօսքը: Ան, շնորհաւորելով հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագիրը խարսխող Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 101-ամեակը, հաստատեց, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն ունենալու համար մենք ամբողջութեամբ պարտական ենք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն մարտնչած սերունդին եւ այդ սերունդին կամքը ներկայացնող Արամ Մանուկեանին:
Արամ Արարատեանը անդրադարձաւ նաեւ իշխանափոխութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական կեանքի հեռանկարներուն:
Աւարտին, փակման խօսքով հանդէս եկաւ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի հոգեւոր առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանը: Ան շնորհաւորեց եւ դրուատանքի խօսք արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 101-ամեակին առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու ձեռնարկի կազմակերպիչ Հ․Յ․Դ․ Լոնտոնի շրջանի կոմիտէութեան:

Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի հոգեւոր առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան

Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles