Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՆԱՅԻՄ ԷՖԵՆՏԻ ԵՒ ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒ……ՀԱԼԷՊԻ «ՊԱՐՈՆ» ՊԱՆԴՈԿԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

$
0
0

Ա.Ա.

Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան ուղեգիծը կը շարունակուի Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ եւ ամէն անգամ որ պետական մակարդակի հանդիպումներ կայանան այն պատասխանատուներուն հետ, որոնց պետութիւնները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ դատապարտած են Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, թուրք պաշտօնատարներ հանդէս կու գան առարկայական քննութիւններու պահանջով, որպէսզի բացայայտուի ամբողջ ճշմարտութիւնը։
Այս մօտեցման նորագոյնը արձանագրուեցաւ Հինգշաբթի, 13 Յունիսին Անգարայի մէջ, ուր արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր Ֆրանսացի պաշտօնակիցին՝ Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ եւ որոնց աւարտին տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ «եթէ Հայաստան կը վստահի իր ուժերուն, ապա թող ընդունի համատեղ աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկը։․․․Բանանք արխիւները։ Այդ յանձնախումբին մէջ թող ըլլան Ֆրանսան, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները։ Հայաստան կրնայ հրաւիրել որեւէ պետութիւն», աւելցուց Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը, որ յայտնեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը՝ ընդունելու աշխատանքային խումբին ուսումնասիրութեան արդիւնքը։
Առաջին ակնարկով Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը կը թուի ըլլալ դրական զարգացում մը։ Աշխատանքային միացեալ խումբ մը, որուն մաս կրնան կազմել ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները, եւ որ պիտի ուսումնասիրէ արխիւները՝ վճռելու, թէ 1915ին պատահածը ցեղասպանութիւ՞ն է, թէ ոչ։Եւ իր բովանդակութեան մէջ ցնցիչ թուող հաստատումը, թէ Թուրքիա պատրաստ է ընդունելի աշխատանքային խումբին ուսումնասիրութեան արդիւնքը։
Նախ արխիւները բանալու հրաւէր – կոչին մասին։
Տակաւին մօտիկ անցեալին նոյնինքն Չաւուշօղլուի ղեկավարած նախարարութիւնը Հայաստանի պետութիւնը կ՛ամբաստանէր իր արխիւները փակ դռներուն տակ պահելու յանցանքով, մինչ թրքական արխիւները բաց էին բոլոր ուսումնասիրողներուն դիմաց։ Հոս կայ չափազանց վտանգաւոր վիճակ մը՝ նկատի ունենալով Օսմանեան արխիւներու վրայ դրուած պետական արգելքը, որ Մուսթաֆա Քեմալի իշխանութեան օրերուն հաստատուած է եւ որուն հիմնական նպատակն էր «մաքրագործել» արխիւներուն մէջ գտնուող օրինակի համար՝ ցեղասպանութեան գործադրութեան համար տրուած հրամանները պարունակող հեռագիրները, որոնց ջախջախիչ մասը քաշուած են ներքին գործերու նախարար Թալաաթի կողմէ։Խորքին մէջ թուրքերը տքնաջան աշխատանք ալ տարին կեղծ փաստաթուղթեր ներկայացնելու Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործերու նախարարութեան Հալէպի գրասենեակին կապուած «Սեվքիաթ Միւտիւրլու»-ի քարտուղարներէն՝ Նայիմ էՖենտիի յուշագրութիւնը, որ դասական յուշագրութիւն մը չէ, այլ հրապարակումը օսմանեան յիսուն երկու փաստաթուղթերու, որոնք անվիճելիօրէն կը հաստատեն, որ պատահածը կանխամտածուած եւ ծրագրուած ցեղասպանութիւն մըն էր։
Նայիմ էֆենտի 6, 14 եւ 14 Նոյեմբեր 1918-ին, Հալէպի հռչակաւոր Մազլումեան եղբայրներուն պատկանող ,Պարոնե պանդոկին մէջ տեսակցեցաւ մտաւորական եւ լրագրող Արամ Անտոնեանի հետ, որ գումարի մը փոխարէն ստացաւ փաստաթուղթերը։ Անտոնեան մէկ տարի ետք՝ 1919-ին հրապարակեց հեռագրերը, որոնց իբրեւ թէ չարափոխուած ըլլալը ապացուցելու համար՝ Շինասի Օրէլ եւ Սուրէյա Եուճա Թրքական Պատմագիտական Ընկերութեան Ֆինանսաւորմամբ հրատարակեցին «էրմենիլերճէ Թալաթ Փաշայա Աթֆետիլէն Թելեկրաֆլարին Կերչէք Եիւզիւ» խորագրեալ գիրքը։ Հոս տեղին է նշել,որ Ոչ Օրէլ, ո՛չ ալ Եուճա պատմաբաններ են։ Այս իմաստով փրէօՖեսօր Թանէր Աքչամ լոյս կը սփռէ վերոյիշեալ գիրքին խմբագրման պարագաներուն շուրջ եւ կը վկայէ, որ երկու հեղինակները խորքին մէջ ոչինչ գրած են, այլ աշխատութիւնը «արգասիք»-ն է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խումբ մը դիւանագէտներու համատեղ աշխատանքին, որ պահ մը նոյնիսկ յարմար նկատուած է հրատարակելու իբրեւ նախարարութեան մէկ աշխատանքային թուղթը, բայց աւելի նպատակայարմար գտնուած է զայն «դնելու» Շինասի Օրէլի եւ Սուրէ յա Եուճայի հեղինակութեան տակ։ Ի դէպ՝ Օրէլ բաւական հանրածանօթ դիւանագէտ մըն էր։
Աքչամ վերջերս խմբագրած խիստ արժէքաւոր աշխատասիրութեան՝ «Քիլինկ Օրտըրզ»-ի մէջ հանգամանօրէն կ՛ուսումնասիրէ եւ կը վերծանէ Նայիմ էՖենտիի կողմէ բացայայտուած հեռագիրները, որոնց Թալաաթի կողմէ քաշուած ըլլալուն մասին ոչ մէկ կասկած կը մնայ։ Եւ ինչպէս Անգլիոյ Սաութհէմփթըն համալսարանի դասախօսներէն՝ Մարք Լեվըն կը նշէ, Աքչամի այս աշխատասիրութիւնը բացառիկ կարեւորութիւն ներկայացնող գործ մըն է, որ կը ջրէ թրքական պետութեան կողմէ շրջանառութեան դրուած կեղծիքը։
Ասիկա տակաւին միայն մէկ պարագան է թրքական խարդախութեան բացայայտման։ Ալ միայն Աստուած գիտէ թրքական արխիւներուն մէջ ինչ պատահած է, քանի արխիւ յարմարեցուած, ջնջուած, հրկիզուած կամ չարափոխուած է, որպէսզի հասնէր այն օրը, երբ Չաւուշօղլու «ճակատաբաց» յայտարարէր. «Բանանք արխիւները»։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles