Ծ․Խ․- Յունիս 7 -ին, Հատրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղին մէջ կատարուեցաւ բացումը «Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան» մարզադաշտին, մեկենասութեամբ բարերարներ Արա և Հայկուհի Մելքոնեաններու։ Ստորեւ, այս առթիւ «Հայրենիք»-ի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի հարցազրոյցը Հ.Յ. ԴաշնակցութԵան Ա․ Մ․ Ն․ արեւելեան շրջանի «Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի պատասխանատուներէն՝ Ռաֆֆի Քիլեանի հետ․-
Հ.- Վերջին անգամ երբ զրուցեցինք, 2017 թուականին էր, պաշտօնական բացման արարողութենէն ետք Առաջամուղ գիւղին ընդարձակման, որ Հայկական մշակութային ընկերակցութեան ծրագիրներէն մէկն էր, 2013-ին։ Հազիւ 7 տարի անցած է, սակայն, ըստ երեւոյթին, բաւական մեծ փոփոխութիւններ կրցած էք ընել շրջանին մէջ։ Համաձա՞յն էք այս արժեւորումին՝ ինչո՞ւ այո՛, կամ՝ ո՛չ։
Պ.- Ծրագիրի մը յառաջընթացը արժեւորելու համար իսկապէս պէտք է նայիլ հեռակայ ընդհանուր պատկերին։ Թէեւ «Արցախ ֆոնտ»-ը հիմնադրուած է 2013-ին, սակայն մենք կառուցման աշխատանքներուն սկսանք 2016-ին։ Այդ ժամանակէն կառուցած ենք 6 նոր բնակարաններ, վերանորոգած եւ ընդարձակած ենք դպրոցը, շինած ենք բժշկական կեդրոն մը, իսկ ներկայիս աւարտին հասած են գիւղի բացօթեայ մարզադաշտի կառուցման աշխատանքները։ Ասիկա արդէն բաւական լաւ յառաջընթաց կը նկատուի, սակայն տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք, յատկապէս յանձնախումբին հիմնական ծրագիրին առնչուող, որ պիտի արտօնէ 25 նոր բնակարաններու կառուցումը, ինչ որ պիտի կրկնապատկէ գիւղին ներկայ չափը։
Իսկապէս կը հաւատամ, որ տարբերութիւն մը կրցանք ընել, անկասկած, բայց եւ այնպէս կը կարծեմ, թէ տակաւին ամբողջական չէ։ Այս պատճառով ալ աւելի լաւ պիտի ըլլայ այս հարցումն ու արժեւորումը յետաձգել քանի մը տարիով։
Հ.- Սահմանամերձ Առաջամուղ գիւղի այս ծրագիրը մաս կը կազմէ Արցախի մէջ վերաբնակեցման աւելի մեծ ու ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ջանքերուն։ Ինչո՞ւ քաղաքացիներու ներկայութիւնը այսքան ճակատագրական է այս փուլին։
Պ.- Արցախի հայ համայնքներու ստեղծումը եւ զարգացումը, յատկապէս սահմանամերձ քաղաքներուն մէջ, որոնցմէ՝ Առաջամուղը, կենսական նշանակութիւն ունին Արցախի երկարատեւ անվտանգութեան համար: Մենք կարիք ունինք շրջանի բնակչութեան աճին (յատկապէս երիտասարդներու թիւի յաւելումին) եւ անհրաժեշտութիւն կայ տնտեսական աւելի մեծաթիւ գործունէութեան: Աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար ըսեմ, որ մենք աշխատանք կը տանինք ազատագրուած այն տարածքներուն մէջ, որոնք Ստալինի քարտէսին մաս չեն կազմեն, եւ որոնք ձեռք բերուած եւ Արցախին միացուած են 1993-1994 թուականներուն մղուած ազատագրական պայքարներու իբրեւ արդիւնք։
Այդ տարածքները հսկայական արժէք ունին, որովհետեւ անոնք կ’ընդարձակեն Արցախի սահմանները՝ հասնելով իրենց աշխարհագրական բնական չափին (Արաքս գետին), այդպիսով ազրպէյճանական ուժերուն հետ հեռաւորութիւն յառաջ բերելով, Հայաստանի հետ նոր օղակներ ստեղծելով եւ զայն աւելի պաշտպանելի դարձնելով: Այդ հողերը պէտք է պահպանուին եւ այդպիսով «դուրս բերուին բանակցային սեղանէն»: Ասիկա իրականանալի կը դառնայ վերաբնակեցնելով եւ զարգացնելով այդ տարածքները:
Հ.- Ի՞նչ է Հայկական մշակութային ընկերակցութեան «Արցախ ֆոնտ»-ին վերջնական նպատակակէտը։
Պ.- «Արցախ ֆոնտ»-ին նպատակն է աշխուժ եւ կայուն համայնքներ ստեղծել այնպիսի վայրերու մէջ, ուր հայ ընտանիքներ կրնան ապրիլ եւ բարգաւաճիլ, նաեւ ապրուստի հիմք ստեղծել յառաջիկայ սերունդներուն համար։ Ներկայիս Առաջամուղի մէջ մեր ծրագիրին կիզակէտն է ստեղծել գիւղ մը իր բոլոր տուեալներով, յառաջիկային կրնանք մշակել ծրագիրներ, որոնց մէջ ներառուած ըլլայ օժանդակութիւն վիրաւորուած զինուորներուն, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տնտեսական առողջ եւ հզօր գործունէութեան ծաւալման ի խնդիր փոքր գործառնութիւններու զարկ տալ։
Հ.- Խնդրեմ մեր ընթերցողներուն պատկերացում մը տաք ձեր նպատակներու իրականացման գործընթացին, ինչպէս նաեւ այդ ճամբուն վրայ ձեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։
Պ.- «Արցախ ֆոնտ»-ը կը գործէ հովանիին տակ Հայկական մշակութային ընկերակցութեան, որ ունի 7 հոգիէ կազմուած վարչութիւն մը Արեւելեան Ամերիկայի մէջ հաստատուած, անոր մաս կը կազմեմ ես ալ` ներկայիս Լոնտոն բնակող։ Վարչութեան պարտականութիւնն է տարբեր նախաձեռնութիւններ կատարել մեր առկայ ծրագիրներու իրականացման համար գումար ապահովելու, նոր ծրագիրներու մշակման ուղղութեամբ գործել, վերահսկել Արցախի մէջ գործադրուող մեր ծրագիրներուն ընթացքին` տեղւոյն վրայ աշխատող մեր խումբին հետ, ինչպէս նաեւ մեր գործունէութեան մասին իրազեկ դարձնել եւ անոնց քարոզչութիւնը կատարել մեր շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս։ Արցախի մէջ աշխատող մեր խումբը ունի տնօրէն մը, որ Պատու է ամէնօրեայ աշխատանքներուն, ունինք նաեւ կիսաժամ հաշուապահ մը։
Կրնամ ըսել, որ ներկայիս մեր մեծագոյն մարտահրաւէրը մեր աշխատանքները հրապարակայնացնելն է։ Հակառակ անոր որ միշտ ալ բարելաւման կարելիութեան ու տեղ կայ, բայց եւ այնպէս խորապէս կը հաւատամ, որ «Արցախ ֆոնտ»-ը բաւական հոյակապ աշխատանք կը տանի, եւ ասիկա պէտք է աւելի լաւ ձեւով ըմբռնելի եւ գնահատելի ըլլայ մեր համայնքներուն կողմէ։ Եթէ քարոզչական առումով աւելի լաւ աշխատանք կարենանք ընել, կը հաւատամ, որ մեր երկրորդ մեծագոյն մարտահրաւէրը` դրամահաւաքը, արդէն իր տեղը կը զիջի, եւ մենք կարելիութիւն կ’ունենանք ապագային աւելի յաճախական եւ աւելի մեծ ծրագիրներ իրականութիւն դարձնելու։
Հ.- Ի՞նչ կրնաք ըսել Առաջամուղ գիւղին նոր մարզական համալիրին մասին, ինչո՞ւ նման կառոյց մը կարեւոր էր շրջանին համար։
Պ.- Առաջամուղ մարզական համալիրը օժտուած է նոր կառուցուած դաշտով, նստարաններով, համաՊ սալիկներով, ջուրով եւ ելեկտրականութեամբ, որպէսզի կարելիութիւն ըլլայ ապագային գիշերային խաղերուն համար դաշտին եւ լուացարաններու օգտագործման առիթ տալ։ Համալիրը շատ բարձր որակի եւ չափանիշներու համապատասխան է։ Դաշտը արդի արուեստական կանաչապատումով օժտուած է, անիկա մնայուն կերպով հոգատարութեան ենթակայ պիտի ըլլայ, լաւապէս պիտի պահպանուի, որպէսզի երկար կեանք ունենայ։ Համալիրը նաեւ պիտի յատկանշուի պասքէթի, ֆութպոլի եւ վոլիպոլի դաշտերով։
Շրջանին մէջ այս կառոյցին հետ բաղդատուող այլ կառոյց չկայ երիտասարդներուն համար, որոնք ապահով եւ հսկելի տարածքի մը մէջ կրնան մարզական տարբեր նախաձեռնութիւններ կազմակերպել։ Մարզական խաղերը կրնան համախմբման կարելիութիւն ստեղծել, կորով ներշնչել տեղւոյն բնակչութեան եւ յարաբերութիւններու հաստատման դռներ բանալ։ Մենք երախտապարտ ենք մեր հիմնական բարերարներուն` Արա եւ Հայկուհի Մելքոնեաններուն, որոնք օժանդակեցին այս ծրագիրի կեանքի կոչման։
Հ.- Ի՞նչ էր տեղւոյն համայնքին անդրադարձը` այս ծրագիրին։
Պ.- Տեղւոյն բնակիչները միշտ ալ ընդունակ եղած են «Արցախ ֆոնտ»-ի ներգրաւուածութեան, իսկ այս ծրագիրը բացառութիւն չէ։ Գիւղին մանուկներէն մինչեւ երէցները իսկապէս ու անկեղծօրէն մեծապէս կ’ոգեւորուին տեսնելով, որ սփիւռքահայեր աշխուժ կերպով ձեռնամուխ եղած են գիւղի բարգաւաճման եւ ընդարձակման գործին։ Մարզական այս կեդրոնը իւրայատկութիւն է, անիկա կը շրջանցէ գիւղի հիմնական կարիքները` տուներ, դպրոց, բժշկական կեդրոն, որոնց վրայ արդէն իսկ նախապէս իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր «Արցախ ֆոնտ»-ը։
Հ.- Նկարագրեցէք քանի մը ձեւեր, որոնց ընդմէջէն սփիւռքահայերը կրնան նեցուկ կանգնիլ ձեր ջանքերուն։
Պ.- Բնականաբար «Արցախ ֆոնտ»-ին նուիրատուութիւն կատարելը մեծագոյն ձեւն է մեր ջանքերուն օժանդակելու, սակայն աւելի պարզ եւ երկարատեւ մասնակցութիւն է օգնել մեզի մեր ծրագիրներուն մասին տեղեկացնելու աշխարհը։ Առաջամուղին եւ շրջանին մասին իրազեկ դարձնելը մեծ կարեւորութիւն ունի։
Հ.- Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ ֆոնտ»-ի յառաջիկայ ծրագիրները ի՞նչ են։
Պ.- Մեր ապագայի ծրագիրներու ցանկը կը գլխաւորէ յաւելեալ բնակարաններու կառուցումը։ Գիւղը տակաւին ընդունակ է յաւելեալ 25 տուներ պարփակելու, ինչ որ միշտ ալ առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ, որովհետեւ ասիկա կ’առաջնորդէ վերաբնակեցման շատ կարեւոր աշխատանքին ներդրում ունենալու։ Մենք նաեւ պէտք է փորձենք տնտեսական նոր աշխուժութիւն բերել շրջան։ Նկատի ունենալով գիւղին ընդարձակ ցանքադաշտերը, հողին որակը, պէտք է գիւղատնտեսական ծրագիրները առաջնահերթ ըլլան, որպէսզի նաեւ աշխատանքային առիթներ ստեղծուին տեղւոյն բնակիչներուն։ Ի վերջոյ, նաեւ մենք կը քննարկենք 2016-ի ապրիլեան պատերազմին իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած կամ անդամալուծուած զինուորներուն օժանդակելու կարելիութիւնը։ Այս ամառ մեր աշխատանքին վերաբերող բաւական մանրամասնութիւններ կան բաժնեկցելիք։