ՏԻԹՐՈՅԹ․- Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան շրջանի «Ցոլիկ» մասնաճիւղը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան քռասնամեակը «Պէլաժիօ» հանդիսասրահին մէջ: Համակիրներն ու բարեկամները հոծ բազմութեամբ հաւաքուած էին նշելու այս կարեւոր հանգրուանը կազմակերպուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսով մը: Առաւել խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելու համար հրաւիրուած էր համբաւաւոր երգիչ Արմենչիք: Օրուան հանդիսութիւնը նախագահելու պատիւը ստանձնած ՛էին համայնքի ազգային բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Հերման եւ Շուշան Խնդիրեանները, իսկ հովանաւորութիւնը ստանձնած էր երիտասարդ բարերար Ռոժէ-Ճօրճ Պասմաճեանը:
Բացումը կատարուեցաւ տէր հօր օրհնութեամբ, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Հելենա Պարտաքճեանը, որ գրաւիչ ձայնով հանդէս եկաւ մեներգելով Ա․Մ․Ն․-ի, Հայաստանի եւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգներու կատարումով:
Հանդիսութիւնը վարեց Ցոլիկ Մասնաճիւղի ատենապետուհի Թամիձա Տաքէսեան, որ իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները, համարօտ ակնարկով մը անդրադարձաւ «Ցոլիկ» մասնաճիւղի 40-ամեայ գործունեութեանը, ի մասնաւորի շեշտելով մասնաճիւղի իրագործած ազգանուէր եւ հայրենանուէր աշխատանքները:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցան յաջորդաբար Տիթրոյթի Հ.Յ.Դ. Ազատամարտ Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Ուրլեան, ապա Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Անի Աթթար: Անոնք շնորհաւորեցին «Ցոլիկ» մասնաճիւղի քառասնամեակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն որոնք ջանք չէին խնայած օրուան միջոցառումը յաջողութեամբ պսակելու:
Ապա մոմավառութեան խորհրդաւոր հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ, ուր հրաւիրուեցան օրուայ նախագահը, հովանաւորը եւ 12 մոմավառները որոնք օրհնուեցան տէր հօր կողմէ: Ապա կտրուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Ցոլիկ Մասնաճիւղի քառասնամեայ կարկանդակը:
Ուստի բեմ բարձրացաւ «Ցոլիկ» մասնաճիւղի փոխ-ատենապետուհի Շաքէ Պասմաճեան ներկայացնելու օրուան երգիչ Արմենչիքը:
Տօնդ շնորհաւոր Հ.Օ.Մ.-ի «Ցոլիկ» մասնաճիւղին եւ նորանոր յաջողութիւններ ձեր ազգօգուտ գործին:
Թղթակից
↧
Հ.Օ.Մ.-Ի ՏԻԹՐՈՅԹԻ «ՑՈԼԻԿ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿ
↧