Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«Նարեկ» Աղօթամատեան Զետեղուեցաւ Գէորգ Չաւուշի Շիրիմին Վրայ

$
0
0

Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2019-ին, խումբ մը ազգայիններ, առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեցին Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը։ Անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անմահանուն հերոս Գէորգ Չաւուշին եւ այս առիթով,  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, «Նարեկ» աղօթամատեան մը զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ, եռագոյն դրօշի կողքին:

Չաւուշի գերեզմանը երկար տարիներ անտեսումի ենթարկուած էր: Ժամանակին, Մուշի հայերը տէր կանգնած են գերեզմանին, որպէսզի թուրքերը զայն չպղծեն:
1907-ին, Սուլուխի կռիւին ընթացքին, հայդուկապետ Գէորգ Չաւուշի գլխաւորութեամբ ութսուն հոգիէ բաղկացած հայկական ֆէտայական խումբը յաջողեցաւ մէկ գիշերուան մէջ սպաննել զինք պաշարող 8 հազարնոց թշնամիէն 127 զինուոր եւ թուրք հրամանատար Քէօսէ Պինպաշին: Սուլուխի ճակատամարտին զոհուեցաւ նաեւ Գէորգ Չաւուշ: Հայդուկապետ Գէորգ Չաւուշէն այնքան կը վախնային թուրքերը, որ զինք թաղեցին մեծ պատիւով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles