Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ «ՎԵՐՍՏԻՆ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԵՑԷՔ ԵՒ ՎԵՐԱԳՏԷՔ ՁԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» ԲՆԱԲԱՆՈՎ

$
0
0

Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը՝ Ուայթընզվիլի Սուրբ Աստուածածին (Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ այս յետմիջօրէին, 15-18 Մայիսին։

Ծուխերը ներկայացնող եկեղեցական ու աշխարհական երեսփոխանները միասնաբար ժողով գումարեցին Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներուն հետ, Ֆրէյմինկհէմի The Sheraton Conference Center-ին մէջ։ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Ճէք Մարտոյեան, նիստերու բացումը կատարեց, ապա լիազօրագրերու քննութենէն եւ վաւերացումէն ետք, բարի գալուստի խօսք ուղղեց Ուայթընզվիլի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Միքայէլ քհնյ. Տէր Խոսրովեան։ Ան դիտել տուաւ, որ 2019-ի այս ժողովին հիւրընկալումը պատիւ մըն էր իր ծուխին համար։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Րաֆֆի Սամքարանեան, իր բարի գալուստի խօսքերուն մէջ ընդգծեց, որ առաջին անգամն էր, որ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին նման ժողով մը կը հիւրընկալէր։ «Սկիզբը թերահաւատ էի, բայց Տէր Հօր եւ Պարպրա Պէրպէրեանի ու Յակոբ Անդրանիկեանի գլխաւորած հոյակապ յանձնախումբի առաջնորդութեամբ ու հսկողութեամբ՝ ամէն ինչ իր տեղը գտաւ հեզասահ կերպով», բացայայտեց ան։

Տ. Աւետ քհնյ. Թէրզեան, որ կը ներկայացնէր Արեւելեան թեմի (էջմիածնական) առաջնորդ՝ Դանիէլ եպս. Ֆընտըգեանը, ջերմ ողջոյններ փոխանցեց՝ Արեւելեան թեմի եւ Դանիէլ Սրբազան Հօր անունով։

Երեսփոխանական Ժողովի համա-ատենապետներ ընտրուեցան՝ Արամ Սարաֆեան (Սուրբ Խաչ եկեղեցի, Պեթեստա, Մերիլընտ) եւ Սիմոնէ Թոփուզեան (Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, Տիրպորն, Միշիկըն)։ Ատենադպիրի պաշտօնին ընտրուեցան՝ Էնտրիւ Ասատուրեան՝ անգլերէնի համար (Սուրբ Գրիգոր եկեղեցի, Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ) եւ Տ. Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեան՝հայերէնի համար (հոգեւոր հովիւ՝ Սուչբ Գրիգոր եկեղեցի, Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ)։

Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան (https://hairenikweekly.com/38813) իր ուղերձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ծուխին՝ անոր ստանձնած պատասխանատուութեան համար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց արեւմտեան եւ գանատական թեմերու առաջնորդներուն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին եւ Բաբգէն արք. Չարեանին, միաժամանակ նաեւ յիշելով ու շնորհակալութիւն յայտնելով իր երկու նախորդներուն, որոնց առաջնորդութեան օրերուն ծառայած է նոյն այս թեմին մէջ՝ հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեան եւ Օշական արք. Չօլոյեան։

Ան նաեւ իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնեց Արեւելեան թեմի (էջմիածնական) առաջնորդ՝ Դանիէլ եպս. Ֆընտըգեանին՝ for «իր անկեղծ ու սրտբաց գործակցութեան համար։ Սրբազան Հայրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուեցաւ եւ օծուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ իշխան՝ եպիսկոպոսութեան կարգով, եւ կը խնդրեմ Տ. Աւետ քհնյ. Թէրզեանէն որ յանուն պատկառելի Ժողովիս մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցէ Առաջնորդ՝ Դանիէլ Սրբազան Հօր»։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ։

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles