Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՆԺԴԵՀ-ԱԿԱՆ ԲԱՑ­ԹՈ­ՂՈՒՄ­ՆԵՐ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
P11 Njdeh1
 Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Վա­չէ Բրուտ­եա­նի “Նժդեհ“. Նժդե­հի աք­սո­րը“ յօդ­ուա­ծը (տես­նել “Հայ­րե­նիք“ի կայ­քէջ եւ Մարտ 15, 2013 թիւ, էջ 5) ման­րա­մաս­նօ­րէն կ՛անդ­րա­դառ­նայ Հրաչ Քէ­շիշ­եա­նի հա­մա­նուն ժա­պա­ւէ­նին խոր­քին եւ ձե­ւին, եւ դուռ կը բա­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն ծա­ւա­լած հրա­պա­րա­կա­յին բա­նա­վէ­ճին սփիւռք­եան մաս­նակ­ցու­թեան: Յուն­ուա­րի վեր­ջին շա­բա­թը, երբ հե­տաքրք­րա­կան զու­գա­դի­պու­թեամբ ժա­պա­ւէ­նը ցու­ցադր­ուե­լու սկսաւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րար­շա­ւի մեկ­նարկ­ման հետ, ե՛ւ մա­մու­լին մէջ, ե՛ւ հե­ռուս­տա­տե­սու­թեամբ, ե՛ւ, մա­նա­ւանդ ֆէյս­պուք­եան հա­մա­ցան­ցա­յին մի­ջո­ցին մէջ, անոր պաշտ­պան­ներն ու քննա­դատ­նե­րը մի­եւ­նոյն կիր­քով թեր եւ դէմ ար­տա­յայտ­ուե­ցան: Բա­նա­վէ­ճը այն­քան չէր վե­րա­բե­րեր ժա­պա­ւէ­նի ար­ուես­տի նուա­ճում­նե­րուն եւ տկար կող­մե­րուն, որ­քան անոր բո­վան­դա­կու­թեան, որ ոչ միայն Վա­չէ Բրուտ­եա­նի էա­կան հար­ցադ­րու­մի հե­տե­ւու­թեամբ ո՛ր Նժդե­հին մա­սին էր, այլ` բե­մա­կա­նաց­ուած Նժդե­հին հե­րո­սի իրա­կան կեր­պա­րին հետ հա­մա­տե­ղու­թեան: Որ­քա­նո՞վ ժա­պա­ւէ­նը բան մը կրնար աւելց­նել Ռա­ֆա­յէլ Համ­բար­ձում­եա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեան` “Գարե­գին Նժդեհ. Ամ­բող­ջա­կան Կեն­սագ­րու­թիւն“ (Նա­խի­ջե­ւան հրա­տա­րակ­չու­թիւն, Երե­ւան 2007):

Այ­լա­պէս, ինչ կը վե­րա­բե­րի ժա­պա­ւէ­նին ար­ուես­տա­գի­տա­կան հան­գա­ման­քին, եթէ, ինչ­պէս Վա­չէ Բրուտ­եան ճիշդ կեր­պով կը դի­տէ, Քէ­շիշ­եա­նի Նժդե­հը, մա­սամբ շնոր­հիւ իր պիւտ­ճէ­ին, թեք­նի­քա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րուն պատ­րաստ­ուած ժա­պա­ւէն­նե­րէն աւե­լի յա­ջող է ապա եւ այդ գնա­հա­տա­կա­նը միայն յա­րա­բե­րա­կան է: Խոր­քին մէջ, որ­պէս ֆիլ­մար­ուեստ այն դե­ռեւս հե­ռու է ոչ միայն Վա­չէ Բրուտ­եա­նի նշած խորհր­դա­հայ դա­սա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րէն, այլ նա­եւ, ըսենք, Վի­գէն Չալտ­րան­եա­նի Լռու­թեան Սիմ­ֆոն­իա­յէն:

Ամէն պա­րա­գա­յի, ար­ուես­տի գոր­ծի ամէն գնա­հա­տում ու­նի են­թա­կա­յա­կան բա­ժին մը, վի­ճե­լի է որ­քան ալ որ փոր­ձենք “առար­կա­յա­կան“ չա­փա­նի­շեր սահ­մա­նել, եւ, հե­տե­ւա­բար, Նժդե­հին ծնունդ տուած բա­նա­վէ­ճը միայն անոր ար­ուես­տի ար­ժա­նիք­նե­րուն թէ թե­րի­նե­րուն մա­սին չէ: Ի վեր­ջոյ, ժա­պա­ւէ­նը պատ­րաստ­ուած է բա­ցա­ռա­պէս հայ հան­դի­սա­տե­սին հա­մար, թե­րեւս նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նի հան­դի­սա­տե­սին հա­մար, եւ ոչ թէ մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով: Եւ կ՛ըսեմ Նժդեհ առանց չա­կերտ­նե­րու որով­հե­տեւ ժա­պա­ւէ­նին բո­վան­դա­կու­թիւնը, որ ծնունդ կու տայ այս բա­նա­վէ­ճին, սեր­տօ­րէն առըն­չա­կից է ազատ ու ան­կախ Հա­յաս­տա­նի մէջ ամե­նէն աւե­լի ար­ժե­ւոր­ուած ազ­գա­յին այս հե­րո­սի կեր­պա­րին, անոր գոր­ծու­նէ­ու­թեան եւ Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ ու­նե­ցած կա­պին: Ահա եւ այս երե­ւոյթն է, այ­սինքն` խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ան­տես­ուած բո­լոր ազ­գա­յին դէմ­քե­րու եւ հե­րոս­նե­րու մէջ արե­գին Նժդե­հի առանձ­նաց­ման, անոր տրուած իւ­րա­յա­տուկ տե­ղին, որ անհ­րա­ժեշտ է քննար­կել, թէ­կուզ եւ կիր­քեր հրահ­րէ, թէ­կուզ եւ սխալ մեկ­նա­բա­նում­նե­րու տե­ղի տայ, բայց անհ­րա­ժեշտ է ու կա­րե­ւոր ոչ այն­քան ան­ձե­րու գնա­հա­տու­մը ար­դա­րօ­րէն կա­տա­րե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ որ­քան բնո­րո­շե­լու եթէ ան­ձեր են որ կ՛որո­շեն մեր ազ­գա­յին գոր­ծըն­թացն ու անոր գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ուղղ­ուա­ծու­թիւնը, թէ այդ գոր­ծըն­թացն ու իր գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ուղղ­ուա­ծու­թիւնը ան­ձե­րէ վեր է որ­քան ալ որ պայ­ծառ ու հե­րո­սա­կան ըլ­լան անոնք: Փաս­տօ­րէն, եթէ մեր ազ­գա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մեկ­նար­կու­մը տե­ղադ­րենք տաս­նին­նե­րորդ դա­րու Զար­թօն­քի շարժ­ման մէջ, ան­ձի անու­նով գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մը բա­նա­ձե­ւու­մը, իմա՛` “նժդե­հա­կա­նու­թիւնը“, 1991-ի ան­կա­խու­թեան ծնունդ է: Երե­ւոյ­թը բա­ցա­ռիկ չէ հա­յու­թեան ան­շուշտ: Նա­սըր եւ Փե­րոն այն ղե­կա­վար­նե­րէն են որոնց ան­ձին շուրջ պատ­մա­կան պա­հեր ստեղ­ծած զանգ­ուա­ծա­յին շար­ժում­ներ առա­ջա­ցան. առա­ջի­նին մա­հէն յե­տոյ նա­սը­րա­կա­նու­թիւնն ալ մե­ռաւ արա­բա­կան աշ­խար­հի մէջ, մինչ փե­րո­նա­կա­նու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ Ար­ժան­թի­նի պատ­մու­թիւնը կեր­տել եւ մաս­նա­կից ըլ­լալ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յին կա­ռու­ցա­յին տե­ղա­շար­ժե­րուն:

Նժդե­հին, հա­մա­նուն ժա­պա­ւէ­նին ու “նժդե­հա­կա­նու­թեան“ այս եռան­կիւնն է ահա­ւա­սիկ որ անհ­րա­ժեշտ բա­նա­վէճ մը կը յու­շէ եթէ տրա­մադ­րու­թիւն կայ մտա­ւո­րա­կան ճի­գի թէ­կուզ եւ, ինչ­պէս զգու­շա­ցու­ցի, այդ մէ­կը կիր­քեր հրահ­րէ: Կը բա­ւէ նշել որ Սփիւռ­քի մէջ Նժդե­հի մա­սին Քէ­շիշ­եա­նի այս ժա­պա­ւէ­նը շատ հա­ւա­նա­բար հին Պաղ Պա­տե­րազմ­եան երկ­բե­ւե­ռում­ներ վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ: Հա­մայ­նա­վար շրջա­նակ­ներ, ի մաս­նա­ւո­րի անոնք որոնք Խորհր­դա­յին պատ­մա­կան կեն­սա­փոր­ձի ձա­խո­ղու­թե­նէն յե­տոյ իսկ հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած են իրենց գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան սկզբունք­նե­րուն, Նժդե­հի մէջ պի­տի շա­րու­նա­կեն տես­նել Գէորգ Աբո­վի թու­նա­ւոր խօս­քե­րով “ֆա­շիզ­մի ռազ­մի“ դար­ձած “դաշ­նակ“ին, որ­քան ալ որ այ­սօր­ուայ նժդե­հա­կան­նե­րը փոր­ձեն ցոյց տալ, ինչ­պէս ժա­պա­ւէ­նին մէջ, որ Նժդե­հը Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դամ էր բայց ու­րիշ էր, ատոր հա­մար ալ ու­նե­ցաւ իր իւ­րա­յա­տուկ ու­ղին` ցե­ղակ­րօ­նու­թիւնը, որ, Վա­հան Նա­ւա­սարդ­եա­նի դե­ռեւս 1951-ի խօս­քե­րու հե­տե­ւու­մով ըն­կեր­վա­րա­կան ծնած, ըն­կեր­վա­րա­կան եղող եւ ըն­կեր­վա­րա­կան մնա­լիք Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար խորթ յղացք է:Image may be NSFW.
Clik here to view.
P11 NJDEH2

Եւ թե­րեւս այս կէ­տէն պէտք է սկսիլ Նժդե­հի ծնունդ տուած բա­նա­վէ­ճին եր­կու ներդ­րում ընե­լու մի­տող այս յօդ­ուա­ծը` ժա­պա­ւէ­նին եր­կու բաց­թո­ղում­նե­րուն մա­սին, աւե­լի ճիշ­դը` մէկ կա­րե­ւոր բաց­թո­ղու­մին եւ մէկ “քա­ւու­թեան նո­խազ“ին: “Այս կէ­տը“, որ սահ­մա­նե­ցինք նժդե­հա­կա­նու­թեան ու ըն­կեր­վա­րու­թեան հա­կա­սու­թեամբ, երե­ւան կ՛ել­լէ Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին ուր պի­տի որոշ­ուի Նժդե­հին գոր­ծու­ղու­մը դէ­պի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ: Այդ Ժո­ղո­վի տե­սա­րա­նին մէջ Նժդեհ ելոյթ կ՛ու­նե­նայ ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան ճա­ռով, իսկ իրեն բուռն հա­կա­ճա­ռո­ղը Յով­հան­նէս Տէ­վէճ­եանն է որ կը խօ­սի ըն­կեր­վա­րու­թեան, աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շարժ­ման ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­աս­նա­կան պայ­քա­րին հա­մար: Կաս­կած չկայ որ այդ տե­սա­րա­նին մէջ Տէ­վէճ­եա­նին ելոյթն է ամե­նէն հա­րա­զա­տը Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մինչ Նժդեհ ար­դէն, գի­տակ­ցա­բար թէ ոչ, իր ու­ղին կը բա­նար կու­սակ­ցու­թե­նէն դուրս, ան­կէ ան­կախ ինչ­պէս իր հե­տա­գայ գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը Երկ­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին ցոյց պի­տի տայ: Խնդի­րը հոս այն չէ թէ Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թի՞ւ­նը, թէ՞ Նժդե­հի բա­նա­ձե­ւած ազ­գայ­նա­կա­նու­թիւնն էր աւե­լի իրա­ւա­ցի հա­յու­թեան փրկու­թեան հա­մար-թէ­եւ, պարզ է, ժա­պա­ւէ­նը յստա­կօ­րէն երկ­րորդ տե­սա­կէ­տին հա­մո­զումն է որ կ՛ար­տա­յայ­տէ: Խնդրա­յա­րոյ­ցը, եւ պարզ ու մէ­կին պի­տի ըսել` Նժդեհ ժա­պա­ւէ­նին “քա­ւու­թեան նո­խազ“ը, եթէ ոչ` զո­հը, Յով­հան­նէս Տէ­վէճ­եանն է… Նժդե­հին հետ սթա­լին­եան բան­տե­րուն տան­ջան­քը 1947-1955 կրած դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչն ու մտա­ւո­րա­կա­նը, ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան պաշտ­պա­նը, կը փոք­րաց­ուի Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի հե­րո­սին մօտ, կը ներ­կա­յաց­ուի որ­պէս գրե­թէ Չե­կա­յի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցող, եւ երբ կը վե­րապ­րի եւ Խրուշ­չեւ­եան նե­րու­մին շնոր­հիւ ազատ կ՛ար­ձակ­ուի մինչ հիւանդ Նժդեհ մա­հա­ցած էր բան­տին մէջ, գրե­թէ ան­խու­սա­փե­լի հան­դի­սա­տե­սին մտքին մէջ առն­ուազն շփո­թի առա­ջա­ցու­մը: Այդ մէ­կը անար­դար է Յով­հան­նէս Տէ­վէճ­եա­նին հա­մար: Նախ­քան Նժդե­հի բան­տա­յին կեան­քին տե­սա­րան­նե­րուն բե­մագ­րու­թեան շա­րադ­րու­մը անհ­րա­ժեշտ էր աւե­լի լաւ կար­դալ Ար­մէն Սե­ւան ստո­րագ­րու­թեամբ Յով­հան­նէս Տէ­վէճ­եա­նի Բան­տարկ­եա­լի մը Յու­շե­րը գիր­քը, որ առա­ջին ան­գամ հրա­տա­րակ­ուած է 1970-ին Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ, ապա` 2008-ին, իր եղ­բօր աղջ­կան` Սե­դա Հրան­դի Տէ­վէճ­եա­նի խմբագ­րու­թեամբ Երե­ւա­նի մէջ:

Ժա­պա­ւէ­նին միւս բաց­թո­ղու­մը Արամ Մա­նուկ­եա­նի մա­սին բա­ցար­ձակ լռու­թիւնն է: Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի այն տե­սա­րա­նին ուր Սար­դա­րա­պատ­եան օրերն են, ուր Թիֆ­լիս նստած Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դը կը պա­խա­ռակ­ուի Նժդե­հի խօս­քին մէջ, հա­յոց բա­նա­կի զօ­րա­վար­նե­րուն անուն­նե­րը կը յիշ­ուին, բայց Արամ Մա­նուկ­եա­նին մա­սին` ոչինչ: Այս մէկն ալ, դժբախ­տա­բար, այն­քան ալ ար­դիւնք չէ ան­մեղ ան­տես­ման կամ անու­շադ­րու­թեան: Հայ ժո­ղո­վուր­դին Սար­դա­րա­պատ առաջ­նոր­դած Արամ Մա­նուկ­եա­նը իր ար­ժա­նի տե­ղը դե­ռեւս չու­նի քսան­մէ­կամ­եայ ան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան մէջ պե­տա­կա­նօ­րէն կա­ռու­ցուող ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մէջ: Հար­ցը հոս ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րին Արամ Մա­նուկ­եա­նա­ցու­մը չէ բնաւ, ոչ ալ Արամ Մա­նուկ­եա­նա­կա­նու­թիւն մը բա­նա­ձե­ւե­լու որ­պէս ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն: Նման որե­ւէ փորձ Վա­նի Արա­մին յի­շա­տա­կին անար­գանք պի­տի ըլ­լայ որով­հե­տեւ ան մին­չեւ իր մա­հը մնա­ցած հա­ւա­տա­րիմ իր դա­ւա­նած կու­սակ­ցու­թեան` Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան: Բայց Սար­դա­րա­պա­տի, Բաշ Ապա­րա­նի ու Ղա­րա­քի­լի­սէի ճա­կա­տագ­րա­կան պա­տե­րազմ­նե­րու մէջ առն­ուազն առաջ­նոր­դի դեր ու­նե­ցած Արամ Մա­նուկ­եա­նին մի­ակ յու­շար­ձա­նը Ներ­քին որ­ծոց Նա­խա­րա­րու­թեան շէն­քին առ­ջեւ դնե­լը կը նշա­նա­կէ որ ինչ որ մեր երկ­րորդ ան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կա­նու­թիւնը կեր­տող­նե­րը, առն­ուազն անոնք որոնք իշ­խա­նու­թեան վրայ եղած են մին­չեւ հի­մա, կ՛ու­զեն պահ­պա­նել Արամ Մա­նուկ­եա­նէն որ­պէս յի­շա­տակ իր Ներ­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րի յա­րա­բե­րա­բար կարճ եւ անն­շան դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն է առա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան օրե­րուն, ոչ Վա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ղե­կա­վա­րը, ոչ հայ ժո­ղո­վուր­դի կամ­քով Դիկ­տա­տոր հռչակ­ուած Սեր­գէ­յը: Հե­տե­ւա­բար, կրկին հարց տանք, ար­դե­՞օք Նժդե­հի ժա­պա­ւէ­նին մէջ Արամ Մա­նուկ­եա­նի մա­սին քար լռու­թիւնը պարզ զու­գա­դի­պու­թիւն է…

Այս բո­լո­րը, պարզ է, չեն բա­նա­ձեւ­ուիր սադ­րան­քի մը են­թադ­րու­թեան հիմ­քե­րով: Բաց­թո­ղում­ներ են որոնք ոչ յիշ­ուած ան­ձե­րուն կը վե­րա­բե­րին, ոչ ալ անոնց վաս­տա­կին բաղ­դա­տա­կան մը ընե­լու կը ձգտին: Մտքեր են որ կը շա­րադր­ուին խնդրար­կե­լու հա­մար ազ­գա­յին ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ձե­ւա­ւո­րած ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը որ, են­թադ­րա­բար, Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թեան ու ծրագ­րին ուղղ­ուա­ծու­թիւն պի­տի տայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles