Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐՑԱԽ. Ի՞ՆՉ ԲԱՆԱԾ ԵՆ ԵՒ ԿԸ ԲԱՆԻՆ ՀԱՄԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ, ՌՈՒՍԻԱՆ, ՖՐԱՆՍԱՆ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Լուսանկարներ՝ Սարօ Պաղտասարեան (ՀԵՏՔ)

Յ. Պալեան

             Արցախեան ազատագրական պայքարին հանդէպ այնքա՜ն որձեւէգ վերաբերում ունին երթեւեկող համանախագահները: Հետեւելով Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան օրէնքներուն, Արցախը հանրաքուէով որոշեց դուրս գալ Ատրպէյճանի կազմէն, որուն կցուած էր մենատէրի կամայականութեամբ:

            Պատմական հայաքաղաք Շուշին, ժողովուրդի հաւաքական կռիւով, 9 մայիս 1992-ին ազատագրուեցաւ: Հայ ժողովուրդը տեւաբար հող կորսնցնելու պատմութեան պարտադրած աղէտին վերջ տուաւ: Անկէ ի վեր Ատրպէյճան կը զինուի եւ կը սպառնայ, համանախագահներու եւ մանաւանդ Ռուսիոյ միջամտութեամբ հաստատուած զինադադարը տեւաբար կը խախտէ, եւ զարմանալի է, որ միջնորդները եւ համանախագահները չեն անհանգստանար, կը շարունակեն երթեւեկել:Image may be NSFW.
Clik here to view.

            Միջազգային իրադրութեան մէջ երեւան եկած «հեռացումները» եւ «մերձեցումները» ինչ կը վերաբերի նոր դաշնակցութիւններու, ճիշդ է, տակաւին անդրադարձ չունեցան Արցախեան հարցին: Կ’ակնարկեմ մասնաւորաբար Թուրքիոյ Միացեալ Նահանգներէն հեռացման եւ Ռուսիոյ մերձեցման: Ատրպէյճան կը զինուի եւ Թուրքիան քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական ձեւերով անթաքոյց կերպով զօրավիգ է իրեն:

            Սկզբունքով հրադադար է: Բայց ամէն օր հայկական լրատուամիջոցները կը յայտարարեն թէ այդ հրադադարը կը խախտեն ատրպէյճանցիները, եւ կարծէք բնական դարձած է, որ հայ զինուորներ զոհուին: Խախտած հրադադարը եւ դիրքերու վրայ զոհուած հայ զինուորներու մահը չի յուզեր համանախագահները, միջազգային քաղաքական շրջանակները եւ հանրային կարծիքը: Երեք մեծ երկիրներու պատասխանատուները, ոչ միայն երթեւեկող համանախագահները, իրենք զիրենք անտեսուած չե՞ն համարեր, չե՞ն խորհիր, որ իրենց հովանաւորութեան տակ գտնուող հրադադարը կը խախտուի, եւ իւրաքանչիւր զոհուող հայ զինուորի կեանքին համար նաեւ իրենք հաշուետու են:

            Image may be NSFW.
Clik here to view.
Պէտք է երբեմն յիշել ազատագրուած Շուշիի առաջին օրերու պատկերները:

            Չարագործութեան եւ աւերումներու նիւթական փաստերը դեռ հոն էին արեւուն տակ: Այդ փաստերը կրատ հրթիռներու տուփերն էին, դիզուած Ղազանչեցոց եկեղեցիի պատերուն տակ: Շուշի հասնողի առջեւ կը փռուէր դատարկ քաղաք մը, ուր մարդ պէտք էր փնտռել բարեւելու համար: Փլած շէնքեր եւ տուներ: Այդ ուրուական քաղաքին մէջ, կէսօրուան գարնանային արեւին տակ, ծիլ արձակող ծառ տեսնելու սպաւորութիւն ունեցած էի, երբ անմարդաբնակ փողոցի անկիւնէն յայտնուած երկու կիներ, որոնք իրենց առջեւէն կը քշէին մանկական կառք մը:

            Կեանքը կը պայթէր:

            Image may be NSFW.
Clik here to view.
Քաղաքին եւ հողին տէրերը հոն էին. մայր, հարս եւ թոռ: Ամբողջ խորհրդանիշ մը:
Եւ կը զրուցենք: Այրերը, հայր եւ որդի, աշխատանքի են դուրսը, բայց արդէն եկած եւ վերանորագած են իրենց տունը: Այժմ աւելի քան քառորդ դար անցած է այդ հանդիպումէն ի վեր: Որքա՜ն պիտի ուզէի հանդիպիլ մանկական կառքին մէջ հանգիստ շրջապատը դիտող այդ մանկան, չեմ ալ գիտեր թէ մանչ էր թէ աղջիկ, որ հիմա արդէն երեսունի մօտեցող երիտասարդ ըլլալու է: Ան կը վերաշինէ՞ իր երկիրը, թէ շատերու պէս վարակուած արտագաղթի ախտով, այլ երկինքներու տակ կ’ապրի:

            Այսօր Արցախը հայուն վերադարձուած հայրենիք է: Հոն ապրողները գիտեն, որ քիչ մը մօտ, քիչ մը հեռու սահման կայ, այդ սահմանին դիմաց հայու հողը, ինչքը եւ կեանքը յափշտակելու համար զինուած մարդիկ կան, որոնք հայ սպաննելու համար կը կրակեն: Պատերազմական վիճակը մնայուն է: Մինչեւ ե՞րբ: Միջազգային համայնքը, որ համակեցութիւն եւ խաղաղութիւն կը քարոզէ բեմերէ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան բեմերէն, ինչպէ՞ս ինքնիրեն թոյլ կու տայ, որ պալարը ըլլայ փտախտ: Առաջին հերթին՝ երթեւեկող համանախագահները: Անոնք կ’երթան կու գան, եւ հայկական լրատուամիջոցները յանկերգի պէս կը կրկնեն, որ այսինչ օրը, երէկ, այսօր, ատրպէյճանցիները քանի անգամ խախտած են հրադադարը, քանի անգամներ կրակած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, երբեմն ալ խլելով երիտասարդ կեանքեր: Համանախագահները ի՞նչ կը բանին տարիներէ ի վեր, կը հաշուեն կրակոցնե՞րը եւ զոհե՞րը: Այդքանը ընելու համար միթէ՞ իրենց կարիքը կայ:Image may be NSFW.
Clik here to view.

            Անտեղեակներ կը խորհին, որ Արցախի իրադարձութիւնները յետխորհրդային տագնապներու հետեւանք են: Երբ «Ատրպէյճան» գոյութիւն չունէր,- ան նոր անուանուով բռնագրաւուած հողերու վրայ ստեղծուած երկիր է,- «Ազերի» անունով ազգ գոյութիւն չէ ունեցած պատմութեան մէջ, տեղի ունեցած էին «հայ-թաթարական» կռիւներ, միշտ հայուն հողը իւրացնելու համար նախայարձակում գործելով: «Թաթարական-ատրպէյճանական» միտումները յստակ են, կը հետեւին «մեծ եղբօր» օրինակին, որ տէր դարձած է Արեւմտահայաստանին, ջարդելով, տեղահանելով, կրօնափոխ ընելով: 1905, 1918. հայ-թաթարական կռիւները հայկական բնակավայրերէն հայերը անհետացնելու եւ անոնց տէր ըլլալու միտում ունէին:Image may be NSFW.
Clik here to view.

            Համայնավարական կարգերու հաստատումէն ետք, նոր իշխանութիւնները սիրաշահելու համար Թուրքիան, եւ անոր ճամբով թափանցնելու համար իսլամական երկիրներ, 1921-ին բազմադարեան հայկական աշխարհը կցեցին Ատրպէյճանի, որպէս «ինքնավար» մարզ: Պատմութիւնը ծանօթ է: Այդ ինքնավար կոչուած մարզի հայութիւնը ենթակայ եղաւ ճնշումներու, հայերէնի ուսուցումը բախեցաւ դժուարութիւններու, եղան հալածանքներ եւ ոճիրներ, յականէ անուանէ ոճրագործները չդատուեցան, նոյնիսկ զարմացան, որ զիրենք կը դատեն, երբ իրենք պարզապէս «հայ կը մորթեն»: Հարկ է վերստին կարդալ վկայութիւնները: Կարդալ Զորի Բալայեանի «Օճախ»-ը (1981): Նոյնիսկ խորհրդային օրերուն, Արցախի հայութիւնը դիմումներ ըրաւ, հանրագրութիւն կազմեց, դուրս գալու համար Ազրպէյճանի կազմէն: 1988-ին վերստին սկսաւ արցախեան ազատագրական շարժումը: Պատմութիւնը ծանօթ է: Արտաքին աշխարհին համար «տագնապը կը շարունակուի», հայ ժողովուրդը իրականացուցած է իր պատմական հայրենիքի բռնագրաւուած մէկ մասի ազատագրութիւնը: Եթէ նուազագոյն պարկեշտութիւնը ունին միջնորդները, երթեւեկող համանախագահները, թող բանան պատմութեան էջերը, թող շրջին Արցախի տարածքով եւ թող ճշդեն, թէ որոնց հետքերը կան այդ հողերուն, որոնք ապրած են հոն, թող զատորոշեն բնիկը եւ եկուորը: Եւ վճռեն: Ա՛յս կը պահանջէ մարդկային արդարութիւնը եւ քաղաքական պարկեշտութիւնը: Առանց ճշմարտութեան եւ իրականութեան, իրաւարարութիւնը քաղաքական զաւեշտ է:

          Image may be NSFW.
Clik here to view.
 
1991-ին յայտարարուած Արցախի հանրապետութիւնը պատմութեան հաւատարմութիւն է եւ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի յաջողութիւնը:

            Ազատագրուած հայ աշխարհի այդ բեկորը ինքզինք հռչակած է ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ: Զարմանալի է, որ Հայաստան եւ սփիւռքներ, դեռ կը շարունակենք այդ հանրապետութիւնը կոչել ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ:

            Ազատագրուած այդ աշխարհը կը կոչուի ԱՐՑԱԽ: Այդպէս վճռած են այդ հանրապետութեան վարիչները եւ ժողովուրդը: Ճիգ պէտք է ընել հայերէնով եւ այլ լեզուներով ըսել միայն ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ:

            Այս է իրական եւ անդառնալի կացութիւնը: Արցախի ժողովուրդը չի կրնար ընդունիլ նախկին գաղութարարական ենթակայութեան վիճակը:

            Արցախի հանրապետութիւնը ժողովրդավարական կարգերով կը կառավարուի, ունի իր սահմանադրութիւնը, իր բանակը եւ կազմակերպուած պետութիւն է:

            Image may be NSFW.
Clik here to view.
Եւ ժողովուրդը կը վարէ բնականոն կեանք, հակառակ անոր որ սահմանը հեռու չէ եւ միջադէպերը անպակաս են:

            Բայց հայու երազանք ազատագրուած Արցախը ամէն օր քիչ մը աւելի կը հզօրանայ եւ կը զարգանայ:

            Պատմութեան դիմաց եւ հայ ժողովուրդին համար բառային ճապկումները դատարկաբանութիւններ են. հայերու կողմէ բռնագրաւուած տարածքներ չկան, կան միայն ազատագրուած տարածքներ: Միջնորդներ եւ համանախագահներ պէտք է որ ծանօթ ըլլան այդ տարածքներու իւրաքանչիւր թիզի պատմութեան: Վկայ են վանքերը, որոնք կը բացակային համանախագահներու դիւանագիտական զեկոյցներուն մէջ:

            Այսօր հայութիւնը կը դիմագրաւէ այլապէս կարեւոր հարց մը, բնակեցումը, որպէսզի քաղաքական դէմքեր եւ լրագրողներ դադրին ըսելէ, որ Արցախի մէջ կ’ապրին միայն 150.000 հայեր:

            Մարտահրաւէր է բնակչութեան աճը, որ յուզումէ, բարեսիրութենէ, տուրուզմէ, ճառէ եւ երգէ տարբեր որակ է՝ ազգի գոյութեան երաշխաւորման եւ հայրենատիրութեան ճամբուն վրայ:

            Ապագան պիտի կերտուի նաեւ եւ մանաւանդ համրանքով, որ ենթակայական ազդակ չէ, այլ առարկայական անշրջանցելի տուեալ:

            Իսկ համանախագահները պէտք է պատասխանեն պարզ հարցումի մը. թաթարները, այսօրուան ազրպէյճանցիները ե՞րբ եկած են աշխարհի այս շրջանը, այսինքն՝ ներխուժած եւ բռնագրաւած:

            Առանց կռթնելու իրաւունքի եւ ճշմարտութեան վրայ, դիւանագիտական ճապկումները աճպարարութիւն են:

                 Անգլիացի իմաստասէր Թոմաս Մուր (1478-1535), զոր թագաւորը գլխատել տուաւ իր հաստատ համոզումներուն համար, եւ եկեղեցին զինք սրբացուց, կ’ըսէ. «Մարդկութիւնը օր մը երջանիկ պիտի ըլլայ, երբ իմաստասէրները ըլլան արքայ, եւ արքաները՝ իմաստասէր»:

                 Համանախագահները կը պատահի՞ որ Թոմաս Մուր կարդան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles