ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատուներ Մայիս 9-ին այցելեցին Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, ուր ծաղիկներ զետեղեցին Շուշիի ազատագրութեան համար նահատակուած Հայաստանի ու Արցախի հայորդիներու շիրիմներուն վրայ:
«Շուշիի ազատագրումով մենք ապացուցեցինք, որ եթէ ըլլանք միասնական, համախմբուած, ապա անկարելին կարելի կը դարձնենք: Փա՛ռք մեր տղաներուն, որոնք ազատագրեցին Շուշին: Ազատագրուած Շուշին կեանքի ուղի բացաւ դէպի Մայր Հայաստան եւ միաժամանակ ռազմական մեր յաջողութիւններուն սկիզբը դարձաւ: Շուշիով ապահովուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան կայացումը: Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն յաղթական հիմը դրաւ արցախեան պայքարին, այլ նաեւ ռազմաքաղաքականօրէն ապահովեց վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութիւնը: Այսօր Հայաստանը Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է: Հայկական երկու պետութիւններու ազգային անվտանգութեան սկզբունքն ու կերտուածքը պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ ռազմաքաղաքական կայուն եւ ամրագրուած դաշինքով», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Եռաբլուրի մէջ Շուշիի ազատագրութեան համար նահատակուած իր ընկերներուն շիրիմները խնկարկելու գացած էր նաեւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, արցախեան ազատամարտին կամաւորագրուած վիրաբուժ Տարօն Տօնոյեան: «Ասիկա իրական տօն է, շինծու ու կեղծ տօն չէ: Տօն է, որ կերտուած, ձեռք բերուած է հազարաւոր կամաւոր հերոս տղոց արեամբ: Այստեղ յաճախ կ՛ուզէի տեսնել երիտասարդ, մատաղ սերունդը: Ճիշդ է` անոնք հոս են այժմ, բայց կայ այն, որ միայն մենք պէտք չէ արժեւորենք յաղթանակ կերտած այս տղաները, այլ այն սերունդը, որ կը վայելէ այդ յաղթանակին քաղցրութիւնն ու հպարտութիւնը: Եթէ մենք չարժեւորենք, չկարենանք ճիշդ պատկերացնել յաղթանակը, ապա կը վախնամ, որ յաղթանակներ չունենանք։ Խաղաղութեան միակ գրաւականը հզօր ու ուժեղ ըլլալն է: Մեր բազմադարեայ պատմութեան մէջ գրուած են հազարաւոր պայմանագիրներ, որոնք մնացած են թուղթի վրայ: Մեր խնդիրը ուժեղանալն է, մեր խնդիրը համախմբուիլն է, ու մենք ցոյց տուած ենք, որ երբ դառնանք մէկ բռունցք, անկարելի է մեր կամքը կոտրել: Ես խաղաղութիւն կ՛ուզեմ խաղաղութեան դիմաց», ըսաւ Տօնոյեան, նշելով, թէ առանց յուզումի կարելի չէ մօտենալ սրբատեղի նկատուող այդ բարձունքին, ո՛չ ալ առանց յուզուելու կարելի է հեռանալ հոնկէ:
Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան իր կարգին յայտնեց, թէ «Գիտակցութիւնը, որ բարձունքներէ բաղկացած հայրենիքը սոսկ տարածք չէ, պէտք է առաջնային ըլլայ, իսկ բարձունքներուն վրայ հպարտութեամբ քալելու իրաւունքը պէտք է նուաճենք ամէնօրեայ պահուածքով, գոյութեամբ, նուիրումով, յաղթանակները ամրագրելով: Ինծի համար լռութեան ու միտքի արժեւորման, ինչպէս նաեւ ցաւի ու ափսոսանքի պահ է ասիկա, որովհետեւ այս բոլոր ոսկի տղաները, որոնք հոս կը հանգչին, իսկ անոնց հոգիները կը սաւառնին մեր հայրենիքին վրայ, ամէն վայրկեան պատգամ կը յղեն մեզի, որ հող ազատագրած ենք, իսկ մենք պէտք է տիրութիւն ընենք այդ հողին»։ Ան աւելցուց, թէ Եռաբլուրի բարձունքը լռութիւն կը պարտադրէ, բայց` խորհելու ու իմաստուն դառնալու լռութիւն: