Ստորեւ, այս երկու մահագրութիւնները, Տիթրոյթի «Հայրենիք»-ի թղթակից Անդրանիկ Գարատօլեանի մահուան քառասունքին առթիւ․-
Անդրանիկ Գարատօլեան՝ Արթուն Երազողը
Երուանդ Ազատեան
Տիթրոյթ
Ընթացիկ տարուան Մարտ ամսուն երբ Անդրանիկ Գարատօլեան քամուած կը մնար հիւանդանոցի անկողինին, բարեկամներ շարաններով ուխտատեղիի մը նման կ՚այցելէին այդ հիւանդասենեակը, ուր Անթոյին հոգին քանի մը անգամներ փորձեց բաժնուիլ իր մարմինէն, սակայն բժիշկներու հրաշք սարքաւորումները ետ բերին անոր հոգին՝ միացնելու մարմինի վանդակին: Բայց Ապրիլի 2-ին, անզօր մնացին բժշկական դարմաններն ու հնարքները ու թողուցին որ անոր հոգին երթայ միանալու այն հերոսներուն, ֆետայիներուն ու դիւցազուններուն, որոնց հետ միշտ քալած էր ան իր բովանդակ կեանքի տեւողութեան, ու երազած անոնց մասին նոյնիսկ արթուն վիճակով:
Չզարմացայ երբեք որ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին լեցուած էր հոծ բազմութեամբ մը, բոլոր համայնքներէն, բոլոր դաւանանքներէն եկած բարեկամ սգակիրներով: Բացական միայն Անդրանիկին հզօր ձայնն էր որ տասնամեակներով դղրդացուցած էր այդ եկեղեցւոյ պատերը, երբ ան իբր սարկաւագ կը մասնակցէր պատարագին: Գուցէ նաեւ այդ պահուն իր ձայնին արձագանգները լուռ կը սաւառնէին դեռ սգակիրներուն գլխուն վերեւ:
Անդրանիկ ծնած էր Հալէպ, սակայն փոքր տարիքէն հաստատուած էր Լիբանանի հայկական Անճար գիւղը, ուրկէ ժառանգած էր նաեւ Մուսա Լեռցիներու բարբառը: Իր ուսման կարեւոր շրջանը անցուցած էր Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ, եւ այսօր շատ մը յարգուած եպիսկոպոսներ, արքեպիսկոպոսներ իր դասընկերները եղած էին:
Եթէ Անդրանիկ որոշած չըլլար հեռանալ դպրեվանքէն եւ Վարդուկին հետ ամուսնանալով ընտանիք կազմել՝ չեմ գիտեր թէ կը հասնէ՞ր կաթողիկոսութեան աստիճանին. բայց վստահաբար այսօրուան բարձրաստիճան եկեղեցականներուն չափ եւ աւելի՝ սկզբունքային կեանքով ու կենցաղով պիտի ապրէր ան:
Անդրանիկ եօթ քոյրերու եւ եղբայրներու անդրանիկն էր եւ հօր մը նման վերաբերած էր անոնց բոլորին նկատմամբ: Անդրանիկ Գարատօլեան կօշկակար մըն էր Պուրճ Համուտէն. սակայն եթէ միայն այսքանը արձանագրենք՝ գուցէ առաջնորդուինք արգատահանքի. ան միշտ հետամուտ եղած է ինքնազարգացման եւ ինքնաորակաւորումի. այդ պատճառաւ ալ գացած է Միլանօ, Իտալիա մասնագիտանալու կօշիկի մեծաքանակ արտադրութեան մեքենաներու եւ վերադարձած էր գլխաւորելու իր կօշիկի գործարանը, որ իր հերթին զոհ գացած է Լիբանանի երկարաձիգ քաղաքացիական պատերազմին:
Ան Խրիմեան Հայրիկին հիացող եւ հետեւորդ մըն էր: Տառացիօրէն կը դաւանէր անոր պատգամը՝ «դէպի հայրենի հողը»: Անճարը իրեն համար պատառ մըն էր փրցուած Մուսա Լերան բարձունքներէն. եւ նոյնիսկ Ամերիկա հաստատուելէն ետք ալ պահած էր իր Անճարի հօրենական տունը:
Յաճախ իր Տիթրոյթի տան պարտէզին մէջ աճեցուցած բանջարեղէնները կը կիսէր բարեկամներուն հետ եւ երբ յայտնէիք ձեր հիացումը այդ թարմ բանջարեղէններու համին մասին՝ «հունտը Անճարէն բերած եմ» կ՚ըսէր, ոլորելով իր խոշոր աչքերը, տեսնելու համար թէ որքան տպաւորած էր իր խօսակիցը:
Անդրանիկը շատ բարեկամներ ունէր, ոչ անպայման որ ան բացառապէս ծառայասէր անձ մըն էր, այլ անոր համար որ բնազդօրէն գիտէր մտերմութիւններ հաստատել: Վստահ եմ որ ան չէր կարդացած Տէյլ Քարնեկիի գիրքը՝ «Ինչպ՞էս բարեկամներ շահիլ եւ ազդել մարդոց վրայ». սակայն ունէր մարդոց ներաշխարհին թափանցելու պարզ ու բնական գաղտնիքը: Արդարեւ նշմարա՞ծ էք որ մարդիկ ձեզ խելացի ու բանիմաց անձերու կարգին կը դասեն՝ երբ առաջին րոպէէն սկսիք զիրենք հետաքրքրող նիւթի մը մասին խօսիլ: Անթօն այդ մօտեցումը ունէր, ոչ անպայման ծրագրուած ձեւով, այլ բնական բխումով մը եւ շուտով կը վաստակէր տաքուկ տեղ մը բարեկամներու զգացական աշխարհին մէջ:
Ազգային կեանքին մէջ ան հաւատաւոր Դաշնակցական էր. իր կեցուածքով եւ իր վերաբերումով յարգանք կ՚ապահովէր իր գաղափարական համոզումներուն եւ իր պատկանած կազմակերպութեան նկատմամբ:
Երբեմն, մարդիկ երբ թաքնուած զարմանք կը պարզէին թէ ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլայ այդպիսի յարաբերութիւն մը դաշնակցականի մը եւ ռամկավարի մը միջեւ, կը պատասխանէի – «Ես յարգանք ունիմ բոլոր այն հայերուն ու մարդոց նկատմամբ որոնք դաւանանք մը ունին եւ գաղափարի մը կը հաւատան, ինչ որ ըլլայ այդ գաղափարականը: Ընդհակառակն, բնաւ յարգանք չունիմ այն մարդոց նկատմամբ որոնք գաղափար ու կեցուածք չունին եւ յանձնառու չեն ազգային կեանքի թէ՝ մարդկային կեանքի մէջ»:
Անդրանիկին համար թապուներ չկային ազգային կեանքին մէջ. ան հաւատաւոր անդամն էր Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ որ ենթակայ է Անթիլիասի Աթոռին: Սակայն ան գիտակից էր որ իր հնչեղ ձայնը, հոգեւոր երաժշտութեան իր հմուտ կատարումները փնտռուած արժանիքներ էին ամենուրէք, հետեւաբար ան սահմանը հատելով կու գար պատարագի մասնակցելու Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ ուր եւս գնահատուած էր ան:
Պատմաբան չէր ան, ոչ կոչումով եւ ոչ ալ մանաւանդ բնաւորութեամբ: Պատմաբաններու գործը փոշիներու ծածկին տակէն տուեալներ յայտնաբերելն է եւ զանոնք ուսումնասիրելը: Սակայն, Անդրանիկին հերոսներուն վրայ, ինչպէս անոնց հերոսական դրուագներուն վրայ փոշին չէր նստած երբեք. անոնք կենդանի մարդիկ էին, իր կենդանի կենակիցները. զրոյցի մէջ էր անոնց հետ ամէն վայրկեան: – Ի՜նչ մարդիկ էին, կ՚ըսէր հիացած, կարծես երէկուան ֆութպոլի խաղին ընթացքին գեղեցիկ կոլ մը արձանագրողին մասին ըլլար խօսքը: Այսպիսի համոզումով ու մանրամասնութիւններ կը խօսէր պատմութեան դէպքերուն ու դէմքերուն մասին:
Կը սրտմտէր, եթէ խոստովանէի որ «Հայրենիք»-ի մէջ հրատարակուած պատմական իր վերջին յօդուածը կարդացած չըլլայի: Այդ պատճառով ալ կանխիկ ապահովելու համար ընթերցումը յօդուածները կը յանձնէր ինծի տակաւին խմբագրի սեղանին չհասցուցած եւ դեռ աւելի կանուխէն կ՚աւետէր լուրը թէ պատմութեան լուսանցքին վրայ մնացած ֆետայիի մը հետքը գտած էր եւ պրպտումներ կը կատարէր այդ մասին ալ գրելու:
Ան այնքան տեղեակ էր մանրամասնութեանց որ անպայման հետաքրքրութիւնը կը շարժէր իր խօսակիցին: Կ՚ուզեմ խոստովանիլ այստեղ որ Խանասորի արշաւանքին մասին իմ վերաբերումս վերատեսութեան ենթարկած եմ Անթոյին պատճառով. ես յաճախ քմծիծաղով վերաբերուած էի այդ դէպքին նկատմամբ եւ երբեմն ալ նոյն վերաբերումով՝ արտայայտուած: Սակայն, երբ օր մը կը խօսէինք Նիկոլ Թումանի, Մազրիկ ցեղի բնաջնջման եւ արշաւանքի պատրաստութեանց մասին. նիւթը երկարեցաւ եւ հասաւ մինչեւ 1896-ի Վանի առաջին ինքնապաշտպանութիւնը՝ Թերլեմէզեանի գլխաւորութեամբ. այստեղ անդրադարձայ Մազրիկ ցեղի բարբարոս դերին մասին, զոր անոր անդամները ստանձնած էին Սուլթանի հաշւոյն, Բարթողիմիոս լերան վրայ նահատակելով 800-է աւելի Արմենական հերոսները:
Անթոն շատ ոգեւորուեցաւ երբ գոչեցի – «Ապրիս Նիկոլ Թուման, ապրիս Անթօ». կարծէք դաւանափոխ մը ապահոված ըլլար:
Այսպէս ապրեցաւ Անդրանիկը: Ան ամէն օր, կեանքի ուղիներուն վրայ քալեց այդ հերոսներուն հետ ու քալեցին անոնք իր կողքին: Անոնք իր զրուցակիցներն էին: Շատ կենդանի բարեկամներ ունէր, բայց մեռեալներուն հետ չխզեց իր կապը, որովհետեւ ան չհաւատաց որ կրնային մեռնիլ անոնք:
Անդրանիկը իր երազները թողուց Մուսա Լերան բարձունքին, իր պարտէզը թողուց Անճարի մէջ եւ իր մարմինը յանձնեց Տիթրոյթի սառնամանիքներուն, ցուրտ ու ձմեռ օր մը:
ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ ՏԻՊԱՐԸ
Զ․Թ․
Արդեօք կարելի՞ էր Նոր Աշխարհ ժամանել եւ հարիւր առ հարիւր պահել արմատները․․․եւ այդ ալ Մուսա Լեռցիի արմատները։
Արդեօք կարելի՞ էր տասնեակ տարիներ բնակութիւն հաստատել Միշիկընի նման նահանգի մը մէջ եւ այդ ալ ինքնաշարժներու եւ «մոթաուն»-ի քաղաք Տիթրոյթի մէջ եւ պարզ ու մէկին մնալ հարիւր առ հարիւր Մուսա Լեռցի։
Արդեօք կարելի՞ էր, այս վերջին տարիներուն սնանկացած Տիթրոյթի մէջ ապրիլ եւ շարունակ գործել հաչս իր պաշտած կուսակցութեան, միութեան ու ծուխին։
Պատասխանը, առանց տատամսումի եւ երկմտանքի «այո՛» էր Անդրանիկին համար․․․ընկեր Անդրանիկ Գարատօլեանին համար։ «Սառնարանէն ելած մարդ»-ու եզակի տիպար մը։
Այսպէս տասնեակ տարիներէ ի վեր Անդրանիկ Գարատօլեան Տիթրոյթի ․․․եւ անշուշտ նոյնքան հետեւողականութեամբ Մուսա Լեռցիներու «Հայրենիք»-ի թղթակիցն էր։ Բծախնդիր էր ան, գեր-բծախնդիր, այնքան մը որ բազմիցս կը կապուէր վերյիշեցումներ, յաւելումներ եւ մանրամասնութիւններ կատարելով։
Անգամ մը եւս տեղին է կրկնել, թէ ան ամէնայն մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ, ան կը կատարէր իր պարտականութիւնը։ Ե-նամակով ղրկելէ ետք, եւ նոյնիսկ ստացման պատասխանն ալ ստանալով, ան հեռաձայն մըն ալ կ՛ընէր, պարզապէս հաստատ ըլլալու համար, թէ իր գրած թղթակցութիւնը հասա՞ծ է, թէ ոչ։
Այո՛ ․․․ «հին գլուխ» էր Անդրանիկը։ Տիպար, բնաւորութիւն, երեւոյթ մը որ ժխտական ձեւով պէտք չէ, դեռ աւելին կարելի չէ ակնկալել։ Նաեւ «տաք գլուխ» մըն էր ան, սակայն միշտ կցուած վերոյիշեալ բացատրողականով։
Է՜հ այդպէս թրծուած էր ան։ Նոյնիսկ ճակատագիրը այնպէս մը պատահեր, որ ան Ալասքա կամ Հաուայի հաստատուէր, ան պիտի մնար անփոփոխ Մուսա Լեռցին։
Կառչած իր պատկանած կուսակցութեան՝ Հ․Յ․Դ․-ին ծրագրին, կանոնագրին եւ սկզբունքներուն, ան ամենադոյզն սխալը անընդունելի կը նկատէր եւ այդ գծով ալ գործի կը լծուէր, սակայն միշտ ալ յարգելով խողովակները, կարգն ու կանոնը։
Քաջատեղեակ էր, թէ Չորեքշաբթի օրերը «Հայրենիք»-ի թիւը աւարտելու եւ տպարան ուղղարկելու օրն էր եւ վստահաբար ան անհամբեր կը սպասէր յաջորդ օրուան, որպէսզի իր «տերտ»-երը (կատակելով կը նկարագրէինք իբրեւ «լուր ցաւեր») պատմէր։
․․․Եւ այսպէս, յաջորդ օրը՝ Հինգշաբթի անխուսափելի էր անոր հեռաձայնը; Մէյ մը որ ընկալուչը կը վերցնէի, գիտէի թէ երկար էր զրոյցը։ ․․․Զրոյց մը, որուն մէջ, մերթ ընդ մերթ ու ամենէն աւելի շատ գործածուած նախադասութիւնն էր․- «Կը ներես ընկեր, շատ կը խօսիմ» ներողամտութիւնը։
Նոյնիսկ բջիջային հեռաձայնիս մէջ, գոյութիւն ունի պատգամ մը, որ կը սկսի միեւնոյն ներողամտութեամբ։ Պատգամ մը, որ պահած եմ եւ ցարդ չեմ ջնջած։
Հուսկ, կարելի չէ իր ծուխէն ներս անաչառօրէն ծառայած հլու սարկաւագին մասին այս քանի մը տողը աւարտել խունկով եւ մոմով։