ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ․- Շաբաթ, Մայիս 4-ին, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 43-րդ շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրուած ներկաներու:
Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ներկայացնէր Հրայր Պարոնեանը, իսկ շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէն՝ Խաժակ Մկրտիչեանը:
Կատարուեցաւ միամիայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագրերու ընթերցում: Առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու եւ ապա կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում:
Յատկապէս քննուեցան երիտասարդութեան հետ առնչուող հարցեր, որոնց կարգին տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող Artlinks ծրագիրը եւ այլ նոր ձեռնարկներ: Այս գծով, հանդէս եկաւ ծրագրի պատասխանատու Խաչիկ Մուրատեան եւ օգնական Հելենա Պարտաքճեան, որոնք յաւելեալ բացատրութիւններ փոխանցեցին: Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի տնօրէն Հուրի Պոյամեան, իր կարգին կրթական բնագաւառին մասին անդրադարձաւ։
Հրաժարեալ կազմի ատենապետ՝ Արեւիկ Գաբրիէլեան յուշանուէրներով պատուեց Համազգայինի համար գործող քանի մը անձնաւորութիւններ։
Աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւն: Նորընտիր անդամներն են.- Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի – ատենապետ), Անի Աղաճանեան (Ֆիլատելֆիա – ատենադպիր), Քարի Ղազարեան (Ֆիլատելֆիա – գանձապահ), Թալին Մավլեան (Նիւ Ճըրզի – փոխ ատենապետ), Վարանդ Չիլոյեան (Պոսթըն – Խորհրդական), Վարդիվառ Քեշիշեան (Նիւ Ճըրզի – Խորհրդական) եւ Հելենա Պարտաքճեան (Տիթրոյթ – Խորհրդական):
↧
ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 43-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ
↧