Image may be NSFW.
Clik here to view.
Մակար, 27 ապրիլ 2019, Երեւան
Երեւանը գարնան արեւու մէջ կը լողայ: Ազնաւուրի այգին ենք: Թոշակառուներ կան եւ մանուկներ կը խաղան: Արմենակ հոս ալ կը պտըտի հայերէն թերթ ու գիրքով: Այդպէս կը տպաւորէր փարիզցիները: Երեւանի մէջ զարմանք չի պատճառեր:
– Մակա՛ր, ամէն քայլափոխի Թումանեան եւ 150-ամեակ կը լսեմ: Ոչ ոք կ’ըսէ թէ ան, միայն բանաստեղծ չէր եւ ինչե՜ր ըսած է ժողովուրդի մասին:
– Տրտունջները չեն յիշուիր: Ժառանգութիւնը կարեւոր է,- ըսի:
Արմենակ շարունակեց.
– Մարդիկ ժամանակ չունին եւ հետաքրքրուած չեն բանաստեղծութեամբ եւ գիրքով, Թումանեանի գէթ ֆաքիրի իմաստութիւնը լսելի պէտք է դարձնել:
– Ի՞նչ ըսած է ֆաքիրդ:
– Ինչե՜ր: Ան ձաղկած է պոլսեցիներու սիրած բառով մեր թեթեւսոլիկութիւնը, երբ ըսած է՝ «Մենք քաղաքակրթուած ենք միայն մեր շորերով, լուսաւորուած ենք միայն վկայականներով…»: Բնակչութեան թիւը կը գերեզանցեն բջիջայինները, եւ քանի մը տարիէն աւդոները՝ բնակչութեան համրանքը: Իսկ կերպասի եւ հիւսուածքի խնայողութիւն պիտի ըլլայ, քանի որ կանանց շորերուն համար սպառումը պիտի նուազի՝ որպէս քաղաքակրթութեան նշան:
– Մի՛ զարմանար, աշխարհ է, հին օրերու զրկումները կը դարմանեն:
– Ճիշդ այդ պատճառով ալ ըսած է. «Մարդիկ քիչ են, գազանները շատ: Եւ այժմ ապրում ենք մի ժամանակ, երբ մեծ ասպարէզ կայ մարդու էդ վայրենի բնազդին…»: Ինչ որ կը բացատրէ համատարած ընչաքաղցութիւնը, եւ անոր ծառայ՝ կոռուպցիան:
– Այդ նոր չէ: Փիլիսոփայ Հոպզ ըսած էր՝ «մարդը մարդուն գայլն է»:
– Հոս ամէնքն ալ ուսումնական են, պոլիտեխնիկ եւ բանասիրական ըրած են: Թումանեան այդ ալ մարգարէացած է եւ ըսած, որ «Աւաղ, կարծես թէ իզուր են ապրում ու անցնում մեծ փիլիսոփաները, մեծ գիտնականներն ու մեծ բանաստեղծները, ազգերի համար մեծ մասամբ նրանք հանդիսանում են լոկ որպէս շքեղ զարդարանքներ»: Կարծես հարսնցուի օժիտ:
– Սիրելիս, սպառողական ընկերութենէն ամէն ոք օգտուելու իրաւունք ունի: Կ’ուզես որ մարդիկ այս կամ այն մեծ գաղափարներու համար զրկուած ապրին:
– Մակա՛ր, փիլիսոփայ ըլլալէ ձեռք քաշէ՛: Հոս հայու հայրենիք է, Մեսրոպի հայերէնը բութ դանակով կը մորթեն, փողոցը, հեռատեսիլէն, Ազգային Ժողովին մէջ: Իմաստուն Թումանեանը ըսած է. «Լեզուն է ամէն մի ժողովրդի ազգային գոյութեան ու էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրույնութեան ու հանճարի ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւնների ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հեգեբանութիւնը»: Առանց այդ հոգիին եւ գանձարանին կը բազմանան ծագումով հայերը, նաեւ հայրենիքի մէջ :
– Արմենա՛կ, վար իջի՛ր, խօսի՛ր երկրի վկայականներով զինուածներուն հետ եւ իրատես դարձի՛ր: Անոնք կ’ըսեն, որ լեզուն կը յառաջդիմէ, իսկ դուն հայերէնը կ’ուզես պահել որպէս թանգարանի փայլեցուած զարդ:
– Մակա՛ր, Թումանեանն է ճիշդ, ան է ազգապահպան, միւսները, ներսը եւ դուրսը, դրամի փերեզակներ են կամ փառքի վաշխառուներ: Ինծի ըսէ՛, թէ ինչպէ՞ս Թումանեանը պիտի մտնէ Ազգային Ժողով, հեռատեսիլ եւ հայ մարդոց տուները:
Արմենակ հարցուց եւ գնաց: Ինք՝ ֆաքիր՝ գիտէր որ պատասխան չունէի: