Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԴԷՊԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ՔԱԼԵԼՈՎ, ԴԻՏԵԼՈՎ, ՄՏԱԾԵԼՈՎ

$
0
0
Լուսանկարներ՝ ՀԵՏՔ

Յ. Պալեան

Քեզ այնպիսի գանձ կ՛ուզեմ ես կտակել հայրաբար,
Որ չի կարող կտակել ուրիշ երկրում ոչ մի հայր, –
Ես քեզ այն եմ կտակում, որին այս մեծ մեր դարում
Փոքրիկ մարդիկ են բանտել ու շղթայել ամպերում…

Յովհաննէս Շիրազ

 

            24 Ապրիլի առաւօտ, հեռատեսիլէն հետեւեցայ Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցող պաշտօնական արարողութիւններուն: Երկրի պատասխանատուներ հոն էին, գլխաւորելով բազմութիւնը: Աւանդական սուգը չէր, այլ մենք մեզի եւ աշխարհին կը յիշեցնէինք, որ կայինք, հակառակ Մեծ Ոճիրին, Հայրենիքի բռնագրաւման եւ միջազգային անբարոյութեան: Միջազգային անբարոյութիւն՝ որ կը տեւէ, մենք ալ ըստ այնմ չենք խօսիր եւ չենք դիրքորոշուիր, ակնկալելով ոչ թէ իրաւունքի վերականգնում, այլ՝ գութի խօսքի տրուող կամ շրջանցուող փշրանքներ:

            Սպասեցի որ պաշտօնականութիւնները, հեռատեսիլին եւ թերթերուն նիւթ մատակարարելու կոչուած նկարեցին-նկարուեցայի բեմադրութիւնները աւարտին, եւ ապա միայն ճամբայ ելայ դէպի Ծիծեռնակաբերդ: Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին պէս, քայլ պահելով չորս զաակներով ընտանիքի, ուսերուն իր թոռը շալկած մեծ հայրիկին, հաշմանդամ զաւակին սայլակը քշող մօր հետ: Բիւրաւորներ: Լուռ օրերու փողոցներու աղմկարարութիւնը եւ հրմշտուքը չկային: Կը քալէինք կողք-կողքի, առանց տարբերութիւններու, մէկ ըլլալու զգացումը կը տարածուէր: Այս ժողովուրդ էր, ազգի փառք չփնտռող պատուանդան հատուածը:

            Այս անանունները, որոնք առանց դեդեւելու կը քալէին, իրենց ինքնութեան եւ յիշողութեան անսալով եկած էին: Հզօրութեան եւ գիտակցութեան ալիք կար, երբ ետ եւ առաջ նայելով կը տեսնէի նոյն հազարաւորները: Ասոնք ազգը կը գոյացնէին, նոյնիսկ եթէ գեղակերտ բնակարաններ չունէին, հանգստանալու համար դրացի կամ հեռաւոր երկրի ծովափը չէին երթար հանգտանալու, կամ մասնակից չէին երկրի գլուխը գտնուելու համար մղուող աթոռամարերու եւ աքլորակռիւներու, նոյնիսկ եթէ պարզապէս կը դարպասուէին իրենց քուէներուն համար: Այս մտորումներուն մէջ էի, երբ յիշեցի ԺԹ դարու ֆրանսացի մեծ պատմաբան Միշըլէն, որ ըսած էր. «Քաղաքականութիւնը հարուստներէն դրամ ստանալու արուեստն է եւ աղքատներէն՝ անոնց քուէները, մէկը միւսին դէմ պաշտպանելու համար»: Բայց հակառակ ամենուրեք տեղի ունեցող քաղաքական թատրոնին, ժողովուրդն է ազգը պահողը, ողջախոհութեան աղբիւրը, շարունակութիւն ըլլալու երաշխիքը եւ խորքային արժէքներու պահակը:

            Գարնան արեւոտ այս չորեքշաբթին, այս բազմութիւնը հանգիստի չէր գացած պուրակ մը կամ այգի մը: Պահ մը մտածեցի, որ այս լուռ ու յամրաքայլ յառաջացող կարծէք սկիզբ եւ վերջ չունեցող թափօրը հին օրերու սրբատեղիներ գացող նոյն ժողովուրդն էր, բայց այն օրերու մարդիկ կ’երթային ուրախանալու եւ հաղորդուելու: Այս բազմութիւնը տարբեր էր: Լուռ համախոհութեամբ ոչ խնդացող կար ոչ պոռացող: Բայց յուղարկաւորութիւն չէր: Ճիգ կ’ընէի ուխտագնացութենէ եւ յուղարկաւորութենէ տարբեր որակում մը գտնել: Կը մտածէի, թէ որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ քանի մը հարիւր հոգի, բարձրացող ճամբուն եզերքը կանգնելով, հարց տային այս անանուններուն, թէ ինչո՞ւ եկած էին, անոնց անպաճոյճ պատասխանը կրնար լուսաւորել ազգի մեծերու միտքը եւ ճամբան, երբ իզմերով եւ իստերով կ’առաջնորդուին:

            Ճիշդ է, յառաջդիմած ենք եւ ցեղասպանութեան ամեակները չենք դիմաւորեր որպէս սոսկ ոգեկոչում, սուգ, ջարդ:

            Այս լուռ յառաջացող բազմութիւնը ներիմացական լուսաւորումով (ինտուիցաիայով), կը շարունակէ խօսիլ Սասունի եւ Վանի մասին, կը պահէ հայոց բնագրաւուած աշխարհի երգերը եւ պարերը, կը յիշԷ առասպել դարձած հերոսները: Ան գիտէ, որ պատմութեան այդ մեծ աղէտը ջարդ չէր միայն: Ան կատարուած էր հողին տէր ըլլալու համար: Միշտ ալ զարմացած եմ, որ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն եզրի գործածութեան չենք ընկերացներ հայրենահումը, որ գործուած չարագործութեան իսկական նպատակն էր: Եթէ կարելի եղած ըլլար Արեւմտահահայաստանը դատարկել եւ իւրացնել առանց ջարդի, հաւանօրէն ցեղասպանութեան տեսաբանները այդ հունով կ’ընթանային:

            Կը յառաջանայի ժողովուրդին հետ դէպի յուշակոթող: Ամենուրեք ծաղիկներ կային: Մանուկներ, երիտասարդներ եւ երէցներ ծաղիկներով գարնան շառ գոյներու ծաղիկներով կ’ընթանային: Կը մտածէի. այսպէս համախումբ, մեծ եւ պզտիկ, ինչո՞ւ եկած էին, ի՞նչ պահանջելու համար: Պահանջ ունէ՞ին, թէ կրկնուած ծէսի մը կը մասնակցէին:

            Բառեր կային կացութիւնը բնորոշելու համար: Կ’ըսէինք. ցեղասպանութիւնը ճանչնալ եւ դատապարտել, կամ ընդհանրացումով կ’ըսէինք՝ պահանջատիրութիւն, հիմա սկսած ենք աղմուկով ըսել՝ հատուցում:

            Մեր եսին բաւարարութիւն տուող յայտարարութիւնները եւ որոշումները փորձենք քննել ազգի վերականգնումի եւ իրաւունքի քաղաքականութեան լոյսին տակ, կանխելու համար յուսախաբութիւնները եւ քաղաքական սխալները, որոնք կրնան անդառնալի հետեւանքներ ունենալ, եւ պատմութիւնը կ’ըլլայ աններող: Իրականութիւնները յամառ են եւ զանոնք կարելի չէ ճկել զգացական բաւարարութիւններու համար:

            Երբեք բաւարար չափով չենք քններ վաղորդայնը ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման: Այնքա՜ն բազմաթիւ երկիրներ ճանչցան ցեղասպանութիւնը, Ֆրանսան քայլ մըն ալ առաջ գնաց եւ յայտարարեց, որ երկրին մէջ Ապրիլ 24-ը հայկական ցեղասպանութեան յիշատակի օր է: Բայց Հայկական Հարցը մազաչափ դէպի առաջ ընթացա՞ւ: Տօնական օրերու գունագեղ հրավառութիւնները հաճելի են, բայց ոչինչով քաղաքական են: Եթէ պահ մը երազենք անգամ, որ ամբողջ աշխարհը Ապրիլ 24-ը հայկական ցեղասպանութեան յիշատակի օր յայտարարէ, ներառեալ Թուրքիան, ի՞նչ փոխուած պիտի ըլլայ Հայկական Հարցի տեսանկիւնէ:

            Ցեղասպանութեան եւ ճանաչման  հունով ընթացաւ  պահանջատիրութեան կարգախօսը, որ մնաց սահմանափակ եւ անորոշ: Պահանջատիրութեան բովանդակութիւնը միշտ ալ կը մնայ անորոշ. նիւթական հատուցո՞ւմ, բռնագրաւուած Հայաստանի միացո՞ւմ ներկայ Հայաստանի, նոր հանրապետութեան մը ստեղծո՞ւմ, Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմ, շրջափակման դադարեցո՞ւմ, «գաղտնի հայերու» ինքնութեան եւ իրաւունքներու ճանաչո՞ւմ: Բայց ոչ Հայաստան եւ ոչ ալ սփիւռք(ներ), պահանջներու բաւարարման համար ոչ մէկ ռազմավարական եւ մարտավարական ծրագիր մշակուած է, իսկ ճառերը եւ կարգախօսները ծրագիր չեն, եւ յաջողութեան պարագային՝ տիրութեան համար ոչ մէկ ծրագիր եւ կարգախօս սահմանուած է ցարդ:

            Հիմա կը խօսինք հատուցման մասին, որ իր ընդհանրութեամբ եւ անորոշութեամբ քաղաքական փակուղի կը տանի:

            Ի՞նչ բան, ինչպէ՞ս, որո՞ւ, որոնց եւ ինչո՞վ հատուցել, ո՞վ կամ որոնք պիտի հատուցեն:

            Ճիշդ է, որ հաշուարկներ եղած են հայ անհատներու, աշխարհի այդ շրջանի հայ բնակիչներու ինչքի եւ նիւթական կորուստներու մասին, այն օրերու արժէքի այսօրուան գնահատումով, եւայլն: Մասնագիտական-տնտեսագիտական խնդիր: Պատմաբաններ ըսած են, որ ներկայի Թուրքիան վերակառուցուած է հայերու ինչքի եւ հարստութեան վրայ: Թուրքիան չի կրնար այդ ասղաբաշխական գումարները վճարել, նոյնիսկ եթէ յանկարծ արդարութեան տենդով բռնուի: Նիւթական հատուցումը, բախտաւոր պարագային, կրնայ բաւարարութիւն տալ հայ անհատներու:

            Յետո՞յ: Ուր կը մնայ ազգի մը պարտադրուած իրաւազրկման խնդիրը:

            Այս մտորումներով կը քալէի դէպի Եղեռնի յուշարձան:

            Դիմացս Արարատն էր, այնքա՜ն մօտիկ: Կը խորհէի, որ բազմութիւնը եթէ հնար ունենար, այսպէս քալելով, կը հասնէր լերան ստորոտը:

            Ճանաչումներու, դատապարտութիւններու եւ հատուցումներու Գորդեան Հանգոյցը հոն էր, քիչ մը հեռուն:

            Արդարեւ, ոչ մէկ լեզուագարութիւն, ճանաչում եւ հատուցում չեն կրնար փոխարինել, վերականգնումի, տոկալու, տեւելու եւ ինքնութիւն պահելով պատմութեան բեմէն չանհետանալու համար կենսական հողի պահանջը: Առանց այդ հողին, անոր տիրութեան եւ հոն վերադարձի, պատմութիւնը պիտի արտադրէ հետզհետէ ծագումով հայեր, որոնք օր մը այդքանն ալ պիտի մոռնան:

            Ինչ որ կ’ընենք, ինչ որ թոյլ տուած են որ ընենք, կը նմանի գեղարուեսատական հանդէսի, որուն ընթացքին ամէն բան կը բեմադրուի, ընդունելի ըլլալու համար, բացի հողային պահանջէն:

            Իսկ միջազգային հանրութիւնը այդ հարցով վճիռ կայացուցած էր: Այդ միջազգային հանրութիւնը Առաջին Աշխարհամարտի դաշնակիցներն էին, որուն մասնակից եղած էր նոյնինքն Թուրքիան:

            Թէ այդ օրերու խաղաղութեան կարգախօսով աղմկող յառաջադէմ եւ քաղաքակիրթ աշխարհը դրժելով իր սկզբունքները, յանձնառութիւնները, որոշումները եւ ստորագրութիւնը, Հայկական Հարցը կրկին դրած է ոչ թէ սպասման սենեակի մէջ, հայկական աւանդութիւններուն մէջ յիշուած վիհի մէջ, Արտաւազդի եւ Մհերի կողքին:

            Հասած էի յաւերժական բոցին առջեւ: Ծաղիկներու փառատօն էր կրակին շուրջ:

            Վերադարձի ճամբուն վրայ, բաժակաճառ խօսողի պէս ես ինծի կ’ըսէի, որ ճանաչումներու եւ հատուցման ճամբան Արարատէն կ’անցնի, Արարատի միւս կողին վրայ կը գտնուի:

            Այդ ճամբուն վրայ քալողները պիտի բերեն հատուցումները եւ լուծումները:

            Տուն վերադարձիս Շիրազ կարդացի: Զգացական: Յուզումնախառն: Ան գրած է «Որդի՛ս, քեզ ի՞նչ կտակեմ»… Այդ կտակը Սարն է եւ Սարէն անդին…

            Քեզ այնպիսի գանձ կուզեմ ես կտակել հայրաբար,
Որ չի կարող կտակել ուրիշ երկրում ոչ մի հայր, –
Ես քեզ այն եմ կտակում, որին այս մեծ մեր դարում
Փոքրիկ մարդիկ են բանտել ու շղթայել ամպերում…

            Առանց ամպագոռգոռ ճառերու, ճամբորդութիւններու, լուսանկարներու եւ անվերջանալի տեսակցութիւններու, պատմութիւն եւ հոգի լսող բանաստեղծի «բալիկ»ը մենք ենք, սփռուած մոլորակի տեսանելի անտես անկիւնները:

            Կտակողը կը կտակէ: Կտակը ընդունող կ’ուզէ:

            Տէ՛ր ըլլալ «կտակ»ին:

            Ոչ բեմի լոյսերով, ոչ բարձրախօսներու աղմուկով, ոչ ալ երկինքէն գալիք մանանայի սպասումով, այլ այդ «կտակ»-ի տիրութեամբ կու գայ իրաւունքը:

            364 օր ետք, պիտի ըսենք 105 եւ պիտի քալենք դէպի յաւերժական բոցը, ուխտի գալով աշխարհի հեռուներէն եւ քաղաքի թաղերէն, ապրողներ եւ կեանքի հաւատացողներ:

            Սրտի պարտք պիտի կատարենք:

            Իսկ ի՞նչ ըրած պիտի ըլլանք «կտակ»ին համար, սպառողական ընկերութեան ոստաններուն մէջ օր եւ հայու հոգի մաշեցնելով… Երեւանն ալ ոստան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles