Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՅԱՆԿԵՐԳԸ՝ ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆԷՆ․․․ՍՊԻՏԱԿ ՊԱԼԱՏ

$
0
0

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Ոչինչ փոխուած է Սպիտակ Տան մէջ։ Կը պարզուի, որ ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին, նախագահական ուղերձ պատրաստող պաշտօնեան կ՚օգտագործէ նախորդ տարիներու գրութիւնները՝ զանազան պարբերութիւններ առջեւ-ետեւ տեղադրելով, կարգ մը չնչին փոփոխութիւններ ալ կատարելով, բնականաբար ի մտի ունենալով ,կտրել ու փակցնելեու գործելաձեւը։
Գերարդիական պայմանները այնքան դիւրացած են, որ մկրատի կարիքն ալ չկայ։ Համակարգիչին ստեղնաշարին վրայ գիր մը կամ նշան մը սեղմելով, կարելի է ,գրելե նոր ուղերձ մը։
Իսկ նախագահն ալ, յատկապէս ներկայ Սպիտակ Տան վարձակալը, որուն գերագոյն նպատակը իր կեցութիւնը չորս տարիով երկարաձգելն ու տուգանքային ,թնճուկե-ը մոռացութեան մատնելն է, առանց ամենադոյզն ստուգման կամ վերանայման, թութակի մը նման կը կարդայ իրեն տրամադրուած էջ մը գրութիւնը։ Եթէ վերջերս Ֆրանսայի նախագահները դժուարութեամբ, սակայն խոր համոզումով հնչեցին ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառը, նախագահ Թրամփ՝ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով, բաւական դժուար առոգանութեամբ ,կարդացե Եղեռնը։ [Չակերտը պէտք է, քանի որ ասոնցմէ ո՛չ մէկը՝ Պուշ պապայէն սկսեալ, իրենց ուղերձները բարձրաձայն կարդացած են]
Այս սովորութիւնը կամ Լափալիսեան իրականութիւնը կարելի չէ գործածել քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառին մէջ գործածել։ Խրթին, բարդ եւ անակնկալներով լի բնագաւառ մը։ Ստանձնել Միացեալ Նահանգներու նման մեծ պետութեան մը թիւ մէկ ղեկավարի պաշտօնը եւ ըստ այնմ գործել, յատկապէս միջազգային-արտաքին յարաբերական գործունէութեան դաշտէն ներս, շատ աւելի հետեւողականութեան, ճկունութեան եւ ուշիմութեան կը կարօտի։
Եթէ ժամանակին ղեկավարութեան մը Աքիլլէսի կրունկը կարելի էր նշել կամ յայտնաբերել, այս պարագային բազմաթիւ են Աքիլլէսեան կրունկները, որոնց կարգին՝ յատկապէս արտաքին քաղաքականութիւնը, ուր յստակ է, թէ հարցերը անտարբերութեամբ եւ մակերեսային ձեւով կը հետապնդուին՝ առանց խոր ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծումներ կատարելու։ Այսպէս, տարիներէ ի վեր ,outsourceե կացութեան մը մէջ է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը, յատկապէս Միջին Արեւելքի պարագային, ուր վստահաբար շատ են առիւծի բացակայութեան դեր ստանձնողները անտառին մէջ։
Բնականաբար, Սպիտակ Պալատն ալ (թուրք նախագահին նորակառոյց բնակատեղին Անգարայի մէջ), յանձին ներկայ վարձակալ, կամ մշտնջենական բնակիչի մարմաջով Էրտողանի, այս գծով կը շարունակէ ո՛չ միայն ուրացման քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ շրջանէն ներս սուլթանական ոճով իշխելու գործընթացը, բնականաբար հանդիպելով իշխող այլ ոյժերու ընդդիմութեան։
Վերջին քանի մը օրերուն պատահած երկու իրադարձութիւններ ցոյց կու տան ներկայ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ։
Առաջին հերթին՝ Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին այցելութիւնը (երկրորդ անգամ ըլլալով) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան։ Արամ Ա․ կաթողիկոսին եւ շրջանի գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ պարզ տեսակցութիւն մը չէր, Ապրիլ 24-ի սեմին պատահածը, այլ դեսպանը սրտբացօրէն արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, շեշտելով, թէ հայորդին, հակառակ հալածանքի եւ անարդարութեան ենթարկուելուն, յաջողեցաւ վառ պահել իր դատը բոլոր այն ժողովուրդներու յիշողութեան եւ խղճին մէջ, որոնք կառչած կը մնան արդարութեան: Աւելի՛ն. դեսպանը նաեւ ուղղուեցաւ նահատակաց յուշարձան, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց ցեղասպանութեան նահատակներու աճիւններուն առջեւ։
Այս կարեւոր իրադարձութեան կողքին, երկրորդ յիշատակելին Լիպիոյ արեւելեան շրջանի, զօրավար Հաֆթարի հրամանատարութեան տակ գտնուող ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը, որ կը վայելէ Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական էմիրութիւններու աջակցութիւնը, որդեգրեց 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ճանչնալու բանաձեւը։
Հուսկ, քաղաքական այս ձեռնավարութիւնը՝ ,մանիպուլացիաե-ն ոչ մէկ խոր ազդեցութիւն կամ տեւողութիւն կրնայ ունենալ։ Երկար է ճանաչման, հատուցման եւ ,Մեր հողերե-ու պահանջի ուղին։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles