Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ջահերթ` Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Առթիւ

$
0
0


Դարձեալ Ապրիլի 24։ Երկրագունդի երիցագոյն ժողովուրդներէն մէկը, կը յիշէ, կը վերյիշէ եւ անգամ մը եւս կը գուժէ իր բազմադարեայ պատմութեան մեծագոյն սուգը։
Օր մը առաջ իսկ, արդէն բազմաթիւ ձեռնարկներ տեղի ունեցան։ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, որոնց կարգին՝ Երեւան, Ստեփանակերտ, Սպիտակ, Գիւմրի, Իջեւան, Վերին Կարմիրաղբիւր եւ այլ շրջաններ։
Ապրիլ 23-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած ջահերով աւանդական երթը, որուն այս տարուան կարգախօսն է․- «Ամբողջական եւ արդար հատուցում»: Ջահերով երթին մասնակցեցան հազարաւոր հայորդիներ, հիմնականօրէն` երիտասարդներ:
Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն մարմնի անդամ Արթուր Ղազարեան յայտնեց․- «Ձեր երթը շարունակւում է, քանի դեռ ցեղասպան Թուրքիան չի առերեսուել իր պատմական ճշմարտութեան հետ: Ձեր երթը շարունակուելու է, քանի դեռ մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւն կատարած պետութեան իրաւայաջորդը, այսինքն ներկայիս Թուրքիան եւ նրա իշխանութիւնը շարունակում են մերժման եւ ժխտողական քաղաքականութիւնը»:
Խօսք առաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Արգիշտի Գէորգեան, որ յայտնեց, թէ․- «Քսան տարի շարունակ, անմար պահելով ջահերը, մենք պահանջած ենք արդարութիւն: 20 տարի շարունակ այս երթին միացած են բազմահազար քաղաքացիներ, որոնք ունին տարբեր գաղափարներ, տարբեր կուսակցական պատկանելիութիւն, բայց այնտեղ, ուր կը սկսի ազգային պայքարը, մենք կը դադրինք տարբեր ըլլալէ: Աշխարհի զանազան մասերու մէջ ընդդէմ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան` տարիներ շարունակ իրենց ձայնը բարձրացուցած են հազարաւոր հայորդիներ:․․․Մեր պայքարը երբեք չէ դադրած: Երբ անհրաժեշտ էր վերականգնել ամբողջ ժողովուրդի մը արժանապատուութիւնը, մենք կայացուցինք «Նեմեսիս»-ի իրագործման որոշումը, որուն իբրեւ հետեւանք պատժուեցան Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչները»։
Անդրադառնալով անցեալին միջազգային հանրութեան լռութեան եւ անոր պատճառով դիւանագիտական լուծումներու ապարդիւն ըլլալու իրականութեան` Արգիշտի Գէորգեան ըսաւ, թէ Երկանեաններուն եւ Թեհլիրեաններուն եկան փոխարինելու Լիզպոնի տղաները, որոնք զոհասեղանին դրին իրենց կեանքը:
Շարունակելով իր խօսքը` Արգիշտի Գէորգեան աւելցուց, թէ մեր պայքարի ճամբուն վրայ իսկական յաղթանակ պէտք է նկատել ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը: Մեր ազգային պետութիւնը եւ այդ պետութիւնը պաշտպանող ազգային բանակը մեր անվտանգութեան լաւագոյն երաշխաւորներն են: «Սակայն մեր պայքարը իր աւարտին չէ հասած: Ազատ, անկախ Հայաստանին կը պակսի ամբողջական բնութագրումը: Ուրեմն մեր պայքարը կը շարունակուի նաեւ այժմ, երբ բոլորը կը քարոզեն, որ թշնամին փոխուած է, իսկ անցեալը պէտք է մոռնալ եւ յառաջ նայիլ: Ամբողջ աշխարհին մէջ մեր պետութեան, համազգային կառոյցներու եւ բազմաթիւ նուիրեալներու միացեալ պայքարին շնորհիւ մենք ճանաչումէն կ՛անցնինք հատուցման փուլ: Պատահական չէ, որ այսօր ալ մենք Ծիծեռնակաբերդ կ՛ուղղուինք ամբողջական եւ արդար հատուցման պահանջով», ըսաւ ան:
«Այսօր Հայաստանի այլ քաղաքներու եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական գաղթօճախներու մէջ եւս սկսած է ջահերով երթը: Սիրելի՛ երիտասարդներ, ջահերով երթը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, քանի տակաւին Թուրքիան չէ առերեսուած իր պատմական ճշմարտութեան հետ, քանի տակաւին մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւն կատարած պետութեան իրաւայաջորդը, այսինքն` ներկայիս Թուրքիան, կը շարունակէ մերժման եւ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը: Վստահաբար կ՛ըսեմ` ձեր երթը պիտի պսակուի յաղթանակով: Արեւմտեան Հայաստանի ժառանգները պիտի վերադառնան իրենց օճախները, բայց արդէն` տիրոջ կարգավիճակով: Ասիկա է ջահերով երթին վերջնական նպատակը», եզրակացուց ան:
Երիտասարդները որպէս բողոքի նշան այրեցին Թուրքիոյ դրօշը եւ այդ կրակով վառեցին իրենց ջահերն ու շարժուեցին դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք:
Հայրենասիրական երգերով ու պահանջատիրական կոչերով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր հասած երթի հազարաւոր մասնակիցները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ Եղեռնի աւելի քան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Անմար կրակի մօտ խոնարհուեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշները: Երիտասարդները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակի շուրջ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

Ստեփանակերտի Մէջ

Հ․ Յ․Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ, Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտի մէջ ալ կազմակերպուեցաւ ջահերթ: Մեկնարկը տրուեցաւ մայրաքաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցիէն, այնուհետեւ մասնակիցները եկեղեցւոյ բակէն ուղղուած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող Զանգակատուն-յուշակոթող, ուր Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, դիմելով ջահերթին մասնակիցներուն, յայտնեց, թէ ոգեկոչման նպատակն է, որ ճշմարտութիւնը ի վերջոյ հաստատուի այս անտարբեր աշխարհին մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութենէն Վահրամ Բալայեան ըսաւ, որ ամէն տարի ջահերթի մասնակիցներուն թիւը կ՛աւելնայ եւ հայ երիտասարդը, զինուոր դարձած, կը պահէ իր հող հայրենին:
Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ արդէն 20-րդ տարին է, որ Հ․Յ․Դ․ Արցախի կառոյցի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ ջահերթ կը կազմակերպուի:
Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Բենօ Միրզոյեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ ջահերթին հիմնական նպատակն է միջազգային հանրութեան անգամ մը եւս ներկայացնել հայ ժողովուրդի արդար կոչն ու պահանջը, որուն հիմամբ պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Ախալքալաքի Մէջ
Ապրիլ 23-ին, Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին Ախալքալաքի երիտասարդութիւնն ալ կազմակերպեց ջահերով երթ, պահանջելով Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը:

Երթը սկսաւց Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնէն։ Երիտասարդական միութեան անդամները, աշակերտները եւ ուսուցիչները ուղղուեցին դէպի նախկին զինուորական աւան:
Երիտասարդները` վանկարկելով «ճանաչում, հատուցում» շարունակեցին երթը դէպի Ախալքալաքի բերդ: Հոն է, որ երթի մասնակիցները վառեցին իրենց ջահերը եւ շարժուեցան Ազատութեան կեդրոնական փողոցով:
Մօտ 300-400 ջահակիրներ Բերդի տարածքէն ուղղուեցին դէպի Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ուր աղօթեցին սուրբ նահատակներու, Ցեղասպանութեան զոհերու ի յիշատակ:
«Մենք, ջահերով երթի մասնակիցներս, իշխանութիւններից պահանջում ենք ճանաչել եւ դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս արդար քայլով մենք կը համալրենք այն երկրների ցանկը, որոնք ճանաչելով Ցեղասպանութիւնը, միանում են համաշխարհային հանրութեան պայքարին` ապագայում ցեղասպանութիւնների կանխարգելման համար», – ըսաւ երիտասարդական միութեան անդամներէն մէկը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles