Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ՝ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

$
0
0

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Կիրակի, Ապրիլ 7-ին, դոկտ. Մելինէ Անումեան ներկայացուց իր «Ճանաչում և դատապարտում. Երիտթուրքերի դատավարութիւնները 1919-1921 և 1926թ.» մենագրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպած էին Մայր Եկեղեցին եւ «Համազգային»-ի Շրջանային Վարչութիւնը։ Թուականը կը նշէր գիրքի թարգմանիչին՝ դոկտ. Արա Գաբրիէլեանի մահուան չորրորդ տարելիցը։ Դոկտ. Գաբրիէլեան, կարդալով այս գործը, անմիջապէս ըմբռնած էր անոր կարեւորութիւնը եւ թարգմանութեան ձեռնարկած։ Սակայն, անոր անժամանակ մահով, ծրագիրը կիսատ մնացած էր։ Հանգուցեալին կողակիցը՝ Արեւիկ Գաբրիէլեան, ամբողջացուցած էր աշխատանքը, իսկ անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս ընծայուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամին կողմէ։

Իր բացման խօսքին մէջ, Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան անդրադարձաւ Գաբրիէլեան ընտանիքին ու Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կապերուն, դոկտ. Անումեանի նպաստը ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան եւ դոկտ. Արա Գաբրիէլեանի դերակատարութեան այդ ծիրին մէջ։ Իր հակիրճ խօսքով, տիկ. Արեւիկ Գաբրիէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Մեսրոպ քահանային եւ հոգաբարձութեան՝ այս եւ նմանօրինակ մշակութային ու դաստիարակչական ձեռնարկներ կազմակերպելուն համար։ Ան դիտել տուաւ, թէ Մայր Եկեղեցւոյ մեր համայնքի կրօնական, մշակութային ու ընկերային կարիքներուն մեծապէս ծառայող կեդրոն մը դարձած է վերջին տարիներուն։

Մելինէ Անումեան իր դոկտորական ատենախօսութիւնը պաշտպանած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ։ Ներկայիս, Արեւմտահայոց Հետազօտական Կեդրոնի թրքական բաժանմունքի պատասխանատուն է Երեւանի մէջ, ու հայկական նիւթերով թրքերէն յայտագիրներ կը ձայնասփռէ Հայաստանի պետական ռատիոյէն՝ թրքախօս հայերու համար։ Ան հեղինակած է գիտական յօդուածներ ու դասախօսած տարբեր նիւթերով, ինչպէս՝ հայոց ցեղասպանութիւնը, Երիտասարդ Թուրքերու դատավարութիւնները, իսլամացած հայերը եւ հայախօս գնչուները Թուրքիոյ մէջ։ Անոր մենագրութիւնները թարգմանուած են անգլերէնի եւ թրքերէնի, իսկ անոր թարգմանութեամբ հայերէն լոյս տեսած են Թանէր Աքչամի, Քեմալ Եալչընի եւ այլոց գործերը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles