Յ. Պալեան
Հայերէն գրաւոր մամուլի մասին երբ կը խօսինք, մեր մտածումները այսօր պէտք է ընդգրկեն անոր արտայայտութեան երկու բեմերը. թուղթը եւ համացանցը: Երկրորդը արդէն անշրջանցելի դարձած է:
Բայց նախ պէտք է խօսիլ հայերէն գրաւոր մամուլի պատմական եւ այսօրուան ալ ազգապահպան դերի մասին, որ թուղթով էր, պէտք է մնայ, հարց տալով, որ այդ դերը կը շարունակուի՞ այսօր, մանաւանդ՝ ան կրնա՞յ շարունակուիլ վաղը:
Հայերէն գրաւոր մամուլը երբեք սոսկ լրատուամիջոց չէ եղած, ան եղած է հզօր կապ համայնքներու միջեւ, նոյնիսկ ովկիանոսներէ անդին: Ան ազգային-քաղաքական միտքի խմորման իւրայատուկ վայրը եղած է: Ան եղած է հայ գրականութեան ինքնատիպ ենթահողը, ուր ծլած եւ աճած են հայ գրողները, Րաֆֆին եւ Գրիգոր Զօհրապը, բանաստեղծներ: Այս պատմական-մշակութային դերը բաւարար չափով չ’ընդգծուիր այսօր: Նաեւ մեր զոյգ աշխարհաբարները զտուած եւ յղկուած են հայ մամուլի էջերուն վրայ, եւ ժողովուրդն ալ ընտելացած է աշխարհաբարներուն, դարձած է հայախօս, գրականութիւն ստեղծած է եւ ընկալած: Հայերէն մամուլը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ հայերէնի որպէս կենդանի լեզուի անփոխարինելի նեցուկը:
Հայ մամուլը երկու արտայայտութիւն ունի. հայաբարբառ եւ օտարաբարբառ: Այս զոյգ արտայայտութիւնները նո՞յն են, թէ՞ տարբեր: Այս հարցը սուր կերպով կը դրուի սփիւռք(ներ)ի պարագային, թէեւ Հայաստանի մէջ ալ օտարաբարբառ մամուլ եղած է (մասնաւորաբար ռուսերէն) եւ կայ: Առանց մարդորսական ճապկումներու պէտք է ըսել եւ կրկնել, որ հարազատը հայաբարբառ մամուլն է: Օտարաբարբառ հայ մամուլը նահանջի արտայայտութիւն է, որ ոչինչ կը խոստանայ:
Սփիւռքներու հայաբարբառ մամուլը անցեալին, մասամբ նաեւ այսօր, սոսկ տեղեկատու չէր եղած եւ այսօր ալ չէ, ան պատմութեան, գրականութեան, արուեստի եւ քաղաքականութեան (ներազգային թէ միջազգային) բեմ էր: Օտարաբարբառ հայկական մամուլը որպէս կոչում ունի տեղեկատուութիւնը եւ քարոզչութիւնը, բայց ոչ մշակոյթը, քանի որ չի սնանիր հայ գիրով եւ գիրքով, անոնց մեզի բերած ժառանգութեամբ: Այսինքն ան բազմալեզու տեղեկատու է, ուղղուած օտարաբարբառ դարձած հայկական ծագումով համայնքներուն, տեղեկատու՝ որ անցեալին կ’ուղղուէր օտարին, հիմա կ’ուղղուի սեփական ազգի տեղատուութեան մէջ եղող զաւակներուն:
Ազգային իրաւ հեռանկարով հարկ է, առանց աւաղելու, քննել հայաբարբառ մամուլի հարցը, ի՞նչ պէտք է ըլլայ ան եւ չէ, ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չենք ըրած, չենք ըներ: Նահանջի ղեկավարութիւնները անմիջականի տուրք տալ քաղաքականութիւն ընդունելով, հայ մամուլը դարձուցին օտարաբարբառ, այդ վերաբերումը գործնապաշտութիւն եւ անհրաժեշտութիւն համարեցին, յաճախ նաեւ՝ յառաջդիմութիւն եւ նորարարութիւն: Այսինքն, փոխանակ առաջանորդելու, այդ ղեկավարութիւնները առաջնորդուեցան կրպակային առաջադրանքով: Օտարաբարբառ հայ մամուլը ոչ մէկ նպատակի կը ծառայէ, զանգուածը (այս եզրը պարզապէս ինքնախաբէութեան պերճանք է), քանի որ, այսօր մանաւանդ օտարաբարբառ հայ մամուլին կարիք չկայ, համացանցի հաղորդած հեռագրային լուրերը կը բաւարարեն հետաքրքրուողները, անոնք յաւելեալին կարիք չունին:
Եթէ իսկական եւ գիտական հիմերով հարցախոյզ մը կատարէինք հայկական մամուլի հարցով (հայաբարբառ եւ օտարաբարբառ), ճիշդ պատկերացումը կ’ունենայինք կացութեան: Նախ թիւեր պէտք են տպաքանակի, սպառման եւ ընթերցման հարցերով, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Միաժամանակ, եթէ ուսումնասիրութիւն մը կատարուէր նոյն այդ մամուլի բովանդակութեան մասին, գիտնալու համար թէ ի՞նչ կ’ըսեն, որո՞ւ կ’ըսեն, ինչո՞ւ կ’ըսեն, ի՞նչ կ’ըսեն եւ ի՞նչ է այդ ըսուածով հետաքրքրուողներու տոկոսը:
Ինքնագոհութիւն է քաղաքական, կրօնական կամ այլ նկատումներով հայ մամուլ ունենալ, ներդրում ընել, առանց դիմագրաւելու այն հարցը, որ այդ մամուլը կը ծառայէ՞ իր նպատակին, որոնց կը հասնի, ի՞նչ ընելու համար: Հարցը դրուած է ընդհանրապէս գրաւոր մամուլին համար. ի՞նչ է անոր ապագան: Թէեւ պէտք է խօսիլ նաեւ համացանցի մամուլի մասին, որ նաեւ գրաւոր է:
Դատումներ եւ գնահատումներ չենք կրնար ընել, քանի որ հայ մամուլի շողանկարը (radioscopie) չունինք, թիւեր չունինք: Հայաբարբառ եւ օտարaբարբառ թերթերու (օրաթերթ, երկօրեայ, շաբաթերթ, ամսաթերթ, պարբերաթերթ) անուններ կրնամ թուել, առանց գիտնալու անոնց տպաքանակը, իրաւ սպառման (գնողներու) քանակը, ընթերցողներու թիւը եւ դեռ գիտնալու անոնց մէկ կամ միւս սիւնակներով հետաքրքրուողներու թիւը: Առանց չարութեան կը յիշեմ, որ կարգ մը ընթերցողներ հաւատարմօրէն կը կարդան… մահազդները:
Գրաւոր մամուլի տագնապը մեզի յատուկ չէ: Դեռ աւելին ալ կայ: Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի մէջ, նաեւ այլ երկիրներ, բոլորովին ձրի բաժնուող թերթեր կան, որոնք ընթերցողներու մէկ խաւը կը բաւարարեն իրենց ամփոփ լրատուութեամբ: Այս ձրի բաժնուող թերթերը, հեռատեսիլը, համացանցը եւ ընկերային ցանցերը, կը խոչնդոտեն տպագիր մամուլի տարածումը: Այս կացութեան մէջ տոկալու եւ տեւելու համար, ֆրանսական տարածուն օրաթերթի մը պատասխանատուն կ’ըսէ, թէ յաղթահարելու համար ներկայացող խոչնդոտները գրաւոր մամուլը պէտք է ինքզինք հաստատէ իր որակով, զոր չեն կրնար հրամցնել միւսները:
Ձրի բաժնուող թերթը մակերեսայնութեան եւ նուազագոյն հետաքրքրութեան բաւարարման բաց դուռն է, նոյնքան որքան համացանցով սփռուող յաճախ անպատասխանատու եւ անդուռ լրատուութիւնը, որուն ծայրայեղութիւնը սուտ եւ անպէտք լուրերն են (կ’ըսենք՝ fake news): Համացանցի վրայ կը հանդիպինք նաեւ հայկական անհատական եւ անհակակշիռ շատախօսութիւններու:
Պարզ է, որ նաեւ հայ տպագիր մամուլը տագնապ կ’ապրի, ոչ միայն բովանդակութեան-տարածման-ընթերցման իրաւ կամ ենթադրեալ պատճառներով, այլ նաեւ համացանցի: Չենք կրնար ըսել, որ տագնապը միայն ընթերցողի նուազումն է, այլ հանրամատչելի թուային լրատուութիւնը, համացանց-համակարգիչի եւ բջիջային հեռաձայններու ներխուժումը, նուազագոյնի բաւարարումով:
Սփիւռքի հայկական եւ հայերէն մամուլը զինք հովանաւորողներու նպաստով կ’ապրի, ինքնաբաւ ըլլալու յաւակնութիւն չունի: Երբ մամուլը ինքնաբաւ չէ, յաւակնութիւն չի կրնար ունենալ նաեւ լիովին արհեստավարժ եւ առարկայական ըլլալու: Ինչպէս ընդհանրապէս, հայ մամուլն ալ այսօր ոեւէ ատենէ աւելի տարածում ունի որպէս սոսկ լրատուութիւն, բայց այդ տպուած թուղթի սպառում չի նշանակեր:
Հայերէն տպագիր մամուլը, օրաթերթ, երկօրեայ, շաբաթաթերթ, պարբերական, տոկալու եւ տեւելու համար չի կրնար իր սպառումով ինքնաբաւ ըլլալու յոյսը ունենալ:
Ճիշդ է, բաղդատելին պէտք է բաղդատել, բայց երբեմն լաւ է տեսնել թէ ի՞նչ է պատկերը ուրիշներու մօտ:
Ֆրանսան ունի քսան օրաթերթեր, որոնցմէ 6-ի տպաքանակը 100.000է աւելի է: Կը նշանակէ որ անոնք ոչ միայն կը տոկան համացանցի եւ ձրի թերթի մրցակցութեան, այլ շահ ալ կ’ապահովեն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Նիւ Եորք Թայմզը, անգլիական Սընը, եւայլն: Պատկառելի տպաքանակով շաբաթաթերթեր կան, ինչպէս Nouvel Obsը կամ Le Pointը: Վերջինը Ֆրանսայի ամենէն աւելի վաճառուող շաբաթաթերթն է: Երկուքն ալ ունին 250.000 աւելի տպաքանակ, այս՝ հակառակ համացանցի, հեռատեսիլի, ընկերային ցանցերու եւ ձրի թերթերու: Շաբաթաթերթերու եւ օրաթերթերու համացանցով ընթերցողները կը վճարեն, կը բաժանորդագրուին: (Բաղդատել հայկական թերթերուն, որոնք համացանցով ձրի կը կարդացուին, հետեւաբար անոնք առաւելաբար սահմանուած են քարոզչութեան):
Հայերէն մամուլի տագնապի պատճառը համացանցը չէ միայն, այլ մանաւանդ անոր ձրի ըլլալը, ընթերցողը վարժեցնելով իր մամուլին տէր չըլլալու բացասական սովորութեան: Կը նշանակէ, որ հայկական թերթերը եթէ չնպաստաւորուին մէկ միւս կազմակերպութենէ, գոյատեւելու հնար չեն ունենար: Անոնց ծանուցումներն անգամ հաճոյակատարական եւ կողմնապաշտական են: Նոյն վիճակին մէջ կը գտնուին պարբերականները եւ գրական թերթերը:
Հայերէն մամուլը կրնա՞յ համացանցով իր էջերու ընթերցումը վճարովի դարձնել: Ընթերցողները կը հետեւի՞ն: Այսինքն՝ համացանցի վրայ դրուած թերթին բաժանորդ ըլլալ: Այս բաժանորդագրութիւնը ոչ հրահանգով եւ ոչ քարոզչութեամբ կրնայ յաջողիլ, այլ հրատարակութեան որակով, վերլուծումներով, արդիականութեամբ, անմիջական ներկային հարցերուն իր բերած անկախ եւ իրազեկուած լուսաւորումով: Ներկայիս մեր հրատարակութիւններուն մէջ գերիշխող են զգացական հայրենասիրութիւնը, կրկնութիւնները, ինչու չըսել՝ նաեւ անցելապաշտութիւնը: Այսինքն, ներկայի եւ ապագայի վրայ բացուող որակը կրնայ փրկութեան լաստ ըլլալ հայերէն գրաւոր մամուլին համար:
Ինչո՞ւ չմտածել այն մասին, որ հայերէն թերթին դրամագլուխը բաժանորդ կամ կրպակէն գնող ընթերցողն է: Այդ տէր-ընթերցող հասարակութիւնը եթէ չստեղծուի, մամուլի վերականգնում տեղի չ’ունենար: Այսօր այդ հասարակութիւնը յանձնառուներու սեղմուող շրջանակն է, որ անբաւարար է:
Մեր դասական վերաբերումները շնչահատ են: Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի ընթերցողը տէր զգայ եւ թերթը ինքզինք պատասխանատու՝ ընթերցողին առջեւ:
Պէտք չէ մոռնալ, ընթերցողը, ան ըլլայ հայ թէ օտար, որ միշտ կ’ուզէ գրաւոր էջը ունենալ, հանդարտօրէն կարդալու, մտածելու եւ կարծիք կազմելու համար:
Թերթի եւ ընթերցողի մշակոյթ պէտք է ստեղծել, առանց զէնքերը վար դնելու համացանցի եւ ԱՅ-ՖՈՆի առջեւ: Այդ մշակոյթը կար եւ հիմա չկայ:
Այլապէս հայերէն թերթը պիտի շարունակէ չնչին փոքրամասնութեան մը ինքզինք դիտելու հաճոյք պատճառել: