Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՄԱՄԵՏԻԱՐՈՎԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ԼԱՒՐՈՎԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՈՒՆԻ ԻՐ ԾԱԼՔԵՐԸ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ա.Ա.

Մոսկուայի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի հանդիպումէն ետք, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի դիւանագիտութեան պետերուն կողմէ կատարուած որոշակի յայտարարութիւնը, թէ բանակցային սեղանին վրայ կը գտնուի Մոսկուայի իշխանութիւններուն 2016-ին կատարած առաջարկները, որոնց մանրամասնութիւնները գաղտնի են, մտածել կու տայ, որ Արցախեան տագնապին նկատմամբ Ռուսաստանի հաւասարակշռուած քաղաքականութեան մէջ բան մը փոխուած է, եւ այս փոփոխութիւնը ունի ներհայաստանեան եւ Հարաւային Կովկասի ընդհանուր իրավիճակին կապուած դրդապատճառներ։
Մինչ երկու օր առաջ Մամետիարով բացայայտեց, որ ռուսական կողմը Մոսկուայի հանդիպման ընթացքին առաջարկներ ներկայացուցած է, Սերկէյ Լաւրով երէկ հաստատեց այս տեղեկութիւնը եւ աւելի առաջ երթալով՝ նշեց, որ ռուսական առաջարկներուն մանրամասնութիւնները գաղտնի են եւ կարելի չէ զանոնք բացայայտել։
Մամետիարովի բացայայտումէն եւ Լաւրովի հաւաստիացումէն ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղտալեան աճապարեց յայտարարելու, որ համաձայնեցուած ձեւակերպումներէն զատ, անոնց հակասող յայտարարութիւնները չեն նպաստեր փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման՝ նոյնիսկ պնդելով,որ թէ՛ Մամետիարովի եւ թէ՛ Լաւրովի յայտարարութիւնները իրականութեան չեն նպաստեր։
Ահա արդէն իսկ բանակցութիւններուն հոլովոյթին վերաբերեալ յստակօրէն կայ որոշակի տարբերութիւն՝ մէկ կողմէ հայկական, միւս կողմէ ռուսեւատրպէյճանական կեցուածքներուն եւ յայտարարութիւններուն միջեւ, ինչ որ բնաւ լաւատեսական մթնոլորտ չի ստեղծեր՝ յատկապէս Արցախի տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ գրեթէ խրամատներու բաժանման այս եղանակին պատճառով։ Այնպէս կը թուի, թէ Մոսկուա եւ Պաքու համամիտ են, իսկ Երեւան կը ջանայ ցոյց տալ, որ մտացածին առաջարկներու մասին է խօսքը։
Նաղտալեան նաեւ կը նշէր, որ քննարկումներու բովանդակային մասը կը շարունակէ ընթանալ՝ իրարու դիրքորոշումներուն ծանօթանալու, պարզաբանումներու եւ յստակացումներու ուղիով եւ թէ բանակցութիւններու նիւթ չեն Մատրիտեան սկզբունքները։
Յստակ է, որ Երեւանի իշխանութիւնները դժգոհ են կատարուած բացայայտումներէն, անկախ այն իրողութենէն, թէ անոնք որքանով կը համապատասխանեն իրականութեան, կամ չեն համապատասխաներ։Ակնյայտ է նաեւ Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին՝ Մամետիարովի յայտարարութեան երկրորդման ետին գտնուող քաղաքական դրդապատճառները, որոնց մէջ հաւանաբար կարեւոր տեղ ունի Երեւանի իշխանութիւններուն վրայ ճնշումներ բանեցնելու ռուսական միտում մը։
Արցախեան տագնապին լուծման հակադիր դրսեւորումները կը վերաբերին հայկական եւ ատրպէյճանական կեցուածքներու։ Հայկական կողմին համար Արցախի կարգավիճակը եւ ապահովութիւնը առաջնահերթ թեմաներն են, իսկ ատրպէյճանական կողմին համար հիմնականը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան վերականգնումն ու ատրպէյճանցի գաղթականներու Լեռնային ղարաբաղ վերադարձն է, որոնցմէ ետք իրարու ետեւէ՝ ըստ Պաքուի իշխանութիւններուն հայեցողութեան, կը շարուին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կամքի արտայայտութիւն համարուող հանրաքուէի, եւ միւս հարցերը։ Բախումը եւ տարբերութիւնը հայկական եւ ատրպէյճանական դիրքորոշումներուն միջեւ յստակ է եւ ոչինչ կը յուշէ, որ անոնց միջեւ մօտեցման, յարմարեցման եւ պատշաճեցման միտումներ գոյութիւն ունին՝ թէ՛ Երեւանի, եւ թէ՛ Պաքուի իշխանութիւններուն համար։
Եւ ահա յանկարծ՝ Մոսկուայի բանակցութիւններուն յաջորդած լաւատեսական մթնոլորտի մասին կատարուած յայտարարութիւններէն ետք, հրապարակ կը նետուի Պաքուի եւ Մոսկուայի կողմէ շեշտադրուած Մոսկովեան 2016-ի առաջարկներու տեղեկատուութիւն մը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ռուսական եւ ատրպէյճանական հաստատում մը, թէ սեղանի վրայ է Մատրիտեան չարաբաստիկ սկզբունքները։
Ռուսիա՝ ըլլալով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւն մը, իր արտաքին գործոց նախարարին միջոցով թերեւս վերջին տարիներու ամէնէն ծանրակշիռ պատգամը յղեց Երեւանի իշխանութիւններուն, երբ Լաւրով հաստատեց, որ իսկապէս բանակցութիւններու սեղանին վրայ է 2016-ին կատարուած ռուսական կողմին առաջարկութիւնները։
Այս պատճառով ալ՝ Արցախի տագնապին բանակցութիւններուն հոլովոյթին հետեւող հայ քաղաքական միտքը անյետաձգելիօրէն կը գտնուի՝ ճիգերը լարելու հարկադրանքին դէմ յանդիման, որովհետեւ փակ դռներու ետին կատարուած բանակցութիւններուն մասին բոլոր կողմերու հաւանութեան արժանացած պաշտօնական յայտարարութիւնը գրեթէ կ՛արժեզրկուի, երբ բանակցութիւններու կողմերէն մին՝ միջնորդներէն մէկուն հետ համախոհաբար բաւական մտահոգիչ տուեալներու յղում կատարելով՝ ուրիշ բան կ՛ըսէ։ Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերն ալ մտացածին կը համարէ ռուսեւատրպէյճանական բացայայտումը, ապա մտահոգութիւնը առաւել կը խորանայ, թէ Մոսկուա – Պաքու առանցքին վրայ ինչ տեղի կ՛ունենայ։
Արցախեան տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթը ներկայ տուեալներով բնաւ լաւատեսական մթնոլորտ չունի, թէկուզ միացեալ յայտարարութիւն մը՝ թէ բանակցողներուն եւ թէ միջնորդներուն կողմէ, կը փորձէ ըսել, որ առաջին անգամ ըլլալով շինիչ եւ կառուցողական մթնոլորտի մը մէջ բանակցութիւններ կայացած են։
Ահա թէ ինչու Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք միասնութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի իր կարեւորութիւնը կ՛ահազանգէ։ Որպէսզի Արցախ պահէ իր արդար իրաւունքը՝ դասուելու անկախ պետութիւններու շարքին։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles