Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՄՈՍԿՈՒԱ․- Երեքշաբթի, Ապրիլ 16-ին, Քրեմլի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի հանդիպումը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ներկայութեամբ կատարուած այս հանդիպման, նաեւ մասնակցեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:
Հրատարակուած միացեալ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ․- «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատեցին կողմերուն մտադրութիւնը` շարունակելու քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ ջանքերը: Ընդգծուեցաւ շահագրգռուածութիւնը տագնապի գօտիին մէջ կացութեան հետագայ կայունացման ուղղութեամբ, մասնաւորաբար գիւղատնտեսական աշխատանքներու ժամանակաշրջանին: Անոնք նաեւ համաձայնեցան փոխադարձութեան հիման վրայ քայլեր ձեռնարկել` թոյլատրելու կողմերու տարածքին մէջ կալանքի մէջ գտնուող անձերու հարազատներու այցելութիւնները: Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործնական քայլերու ձեռնարկել` մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններու հաստատման ուղղութեամբ, որուն ծիրին մէջ կ՛իյնան նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները: Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը միջնորդական առաքելութեան նկատմամբ` ուղղուած շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման: Հանդիպումին մասնակիցները համաձայնեցան մօտիկ ապագային շարունակել հաղորդակցութիւնները»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ յայտնեց թէ․- «Ունեցանք շատ ծաւալուն եւ առարկայական բանակցութիւններ: Յստակ կերպով քննարկուեցան այն հարցերը, որոնք մինչեւ այսօր կը խոչընդոտէին բանակցութիւններու յառաջընթացը: Չեմ կրնար խօսիլ լիարժէք յառաջընթացի մասին, սակայն մենք կրցանք աւելի մանրամասն եւ աւելի խոր հասկանալ այն կէտերը, որոնք խնդիրներ յառաջացուցած են մեզի համար՝ հայկական կողմին հետ։ Անշուշտ, մէկ հանդիպումով կարելի չէ լուծել բոլոր հարցերը: Այս հանդիպման ձեռքբերումը այն էր, որ մենք հասկցանք, թէ կան այնպիսի հարցեր, զորս պէտք է լուծել: Օրինակ, Հայաստան բարձրացուց կարգավիճակի եւ ապահովութեան վերաբերեալ հարցերը, իսկ մենք՝ բռնագրաւեալ տարածքներէն Հայաստանի զինուած ուժերու հեռացման եւ գաղթականներու հարազատ հողերԸ վերադառնալու հարցերը: Քննարկումները անցան այս չորս հարցերուն շուրջ եւ բանակցութիւնները շարունակելու որոշում տրուեցաւ»։
Նշենք, թէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ: Այս խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Արցախի տագնապի լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթին հեռանկարները եւ լուծման գործին մէջ երեք երկիրներու ջանքերուն համակարգումը:
↧
Մոսկուայի Մէջ` Մնացականեան- Լաւրով-Մամետիարով Հանդիպում
↧