ԱԹԷՆՔ («Ազատ Օր»)․- Կիրակի Ապրիլ 14-ին, Աթէնքի Ռազմական թանգարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպած Ապրիլեան ոգեկոչման քաղաքական ձեռնարկը, քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ:
Ապրիլ 24-ի այս տարուան քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկին յատկանշական էր Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոս Սրբազանի ներկայութիւնը եւ տպաւորիչ էր մասնակցութիւնը հելլէն պետական եւ քաղաքական պաշտօնատար անձնաւորութիւններու, նոյնպէս եւ Յունաստանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանութեանց քաղաքական եւ զինուորական ներկայացուցիչներուն։
Ապա, ռազմական թանգարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն, որ սկսաւ հայկական եւ յունական ազգային ոգերգներով՝ «Համազգային»-ի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի կատարողութեամբ եւ ներկաներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ։
Օրուան նախագահ եւ հանդիսավար Ալիս Ֆարաճեան, յունարէնով ներկայացուց հանդիսութեան պաշտօնական բացման խօսքը։ Ան շեշտը դրաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան շարժումի հանգրուաններուն, ապա անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն, հայ ժողովուրդի վերապրումի կամքին ու շարունակուող պայքարներուն:
Հելլէն կառավարութեան անունով հանդիսութեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց արտաքին գործոց փոխ-նախարար պրն. Թերենս Նիքոլաոս Քուիք, որ անդրադարձաւ իր պաշտօնական այցելութիւններուն Հայաստան եւ երկու երկիրներու միջեւ տարածուն ու բազմաբնոյթ համագործակցութեան։
Հելլէն խորհրդարանի նախագահ Նիքօ Վուցիսի կողմէ խօսք առաւ տիկ. Էլէնի Սթամաթաքի, որ կը նախագահէ հայ-յունական միջ-խորհրդարանական բարեկամութեան խումբին։ Ան ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը մնայ քսաներորդ դարու ամենադաժան ոճրագործութիւնը մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ եւ հելլէն խորհրդարանի ու խորհրդարանական բոլոր ուժերու զօրակցական կամքը արտայայտեց:
Բեմ բարձրացաւ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆատէյ Չարչօղլեան, որ նշեց Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութիւնները ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպատակով: Նաեւ շեշտեց Յունաստանի խորհրդարանի կարեւոր նախաձեռնութիւնը, երբ 1996-ին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պետական օրէնքով սահմանեց ոգեկոչական ձեռնարկներու կատարումը, ամբողջ երկրի տարածքին:
Երիտասարդական Միութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Արման Գրիգորեան, որ իր խօսքին մէջ պարզեց պատմական տուեալները ու ծանրացաւ Թուրքիոյ այսօրուան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ։ Ան շեշտեց հայ երիտասարդութեան գիտակից ու պատասխանատու կեցուածքը, որ իր ուսերուն վերցուցած է ազգային իր ժառանգը եւ պահանջատէր ոգիով կը շարունակէ հետապնդել հայութեան արդար դատերը։
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ ծանօթ դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան, որ խոր ապրումով ասմունքեց Շարլ Ազնաւուրի «Ils Sont Tombes» երգի յունարէն թարգմանութիւնը, մինչ մեծ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր Ծիծեռնակաբերդի անմար Բոցը եւ կը հնչէր Շարլ Ազնաւուրի ձայնը։
Օրուան բանախօսն էր յունական մամլոյ հեղինակաւոր ներկայացուցիչներէն «Ռէալ Նիուզ» թերթի հրատարակիչ, ծանօթ լրագրող Նիքոս Խածինիքոլաուն, որ յայտնեց, թէ ինք Փոքր Ասիական ծագում ունի ու իր նախահօր ընտանիքը գաղթական հասաւ Յունաստան, այդպէս լաւապէս կը գիտակցի հայութեան ոդիսականին։ Նիքոս Խածինիքոլաու խօսեցաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան մասին եւ անոր բանեցուցած ճնշումներուն՝ այն երկիրներուն վրայ, որոնք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճանապարհին վրայ են՝ սպառնալիքներով եւ վախի մթնոլորտի տարածումով: Ան մանրամասն անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայ վրիժառու բազուկներու հասցուցած հարուածներուն եւ հայ ազգի դիմադրական ոգիին, որ կանգուն պահեց հայ ժողովուրդը ահաւոր իր ճակատագրին առջեւ։ Շատ հետաքրքրական եւ բովանդակալից իր ներկայացման մէջ, ծանօթ լրագրողը պախարակեց Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը եւ շեշտը դրաւ Ցեղասպանութեան պատմական փաստը ճանչնալու եւ անոր հետեւանքները վերացնելու համայն աշխարհի պարտաւորութեան վրայ:
Ընդհանուր առումով՝ Յունաստանի պետական, կառավարական եւ քաղաքական շրջանակները, ինչպէս նաեւ օտար դիւանագիտական կառոյցները իրենց ներկայացուցիչներով ներկայ եղան Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի ոգեկոչման պաշտօնական կեդրոնական ձեռնարկին, եւ իրենց ելոյթներով ու խօսքերով աւելիով շեշտադրեցին Հայ Դատի Յանձնախումբին փոխանցած օրուան պատգամը, թէ հայութիւնը պահանջատէր է ու գիտակից՝ իր ազգային արդար դատի հետապնդման մէջ։
Հանդիսութեան աւարտին, ներկաները՝ պաշտօնական անձնաւորութեանց առաջնորդութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու եւ Աթէնքի քաղաքապետարանի նուագախումբի ընկերակցութեամբ, սրահէն հաւաքաբար քալեցին դէպի Սինտաղմայի հրապարակի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով եւ ի յիշատակ հայոց սրբադասեալ նահատակներուն։
Յանուն Յունաստանի հայութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով եւ ի յիշատակ հայոց սրբացեալ նահատակներուն, ծաղկեպսակ զետեղեց Միհրան Քիւրտօղլեան։
Ծաղկեպսակներ զետեղեցին նաեւ յունական կառավարութեան, յունական խորհրդարանի, Ատտիկէի մարզպետարանի, Աթէնքի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, Պոնտոսցիներու եւ Ասորիներու միութեանց նախագահները: Զինուորական պահակախումբը հնչեցուց հայկական եւ յունական ազգային ոգերգները, ապա Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դմբակահարները, սկաուտ-արենուշները եւ գայլիկ-արծուիկները տողանցեցին Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւէն։
Հայ Դատի Յանձնախումբի երկար տարիներու պահանջատիրական ու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, Ապրիլի քաղաքական ձեռնարկի հրաւէրին այս տարի ալ ընդառաջացած էին մեծ թիւով յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ազգային մեր դատին ու պահանջատիրութեան։