ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց) ․ – Ուրբաթ, Ապրիլ 5-ին, Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակից՝ Աննա Յակոբեանը այցելեց Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարան, ընկերակցութեամբ Ա․Մ․Ն․-ի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի, ինչպէս նաև “Ժպիտներու Քաղաք” եւ “Իմ Քայլը” բարեգործական հիմնարկներու տնօրէններ՝ Յովաննէս Ղազարեանի և Եսթեր Տէմիրճեանի:
Տիկին Յակոբեան ջերմօրէն ընդունուեցաւ աշակերտութեան, ուսուցիչներու և տնօրէնութեան կողմէ։ Երկու աշակերտներ հայկական տարազով զինք դիմաւորեցին աւանդական հացով ու աղով, իսկ մնացեալ աշակերտները հայկական դրօշակը ձեռքերնին Հայաստանի քայլերքը երգեցին:
Իր բարի գալուստի խօսքէն վերջ, տնօրէնունի Հուրի Պոյամեան տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրոցին մասին և յայտնեց, որ Մեծն Պոսթընի մէջ կը գտնուին Ամերիկայի լաւագոյն պետական և սեփական վարժարանները, այդ պատճառով է, որ դպրոցը աշխատած է միշտ բարձր պահել իր ուսումնական մակարդակը, քաջալերելու համար ծնողները, որպէսզի իրենց զաւակները հայկական վարժարան ղրկեն: Աշակերտներուն որակաւոր ուսում տալու կողքին, դպրոցը կը փոխանցէ հայերէն լեզու, մշակոյթ, հայոց պատմութիւն և մանաւանդ անհուն սէր՝ հայրենիքի հանդէպ: Այս նոյն գծով, ամէն տարի Մայիս ամսուան ընթացքին, աւարտական դասարանի համար դպրոցը՝ Հայաստան այցելութիւն կը կազմակերպէ: Տնօրէնը իր խօսքը փակեց յաջողութիւն մաղթելով տիկին Յակոբեանին՝ հայրենիքի ի նպաստ մշակած իր ծրագիրներուն համար:
Աշակերտները կարճ յայտագրով ելոյթ ունեցան, որմէ ետք Տիկին Յակոբեանը և իր պատուիրակութիւնը տնօրէնի առաջնորդութեամբ այցելեցին դասարանները և զրուցեցին աշակերտներուն հետ, որոնք իրենց սահուն հայերէնով արտայայտուեցան եւ ասմունքեցին: