Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Իտալիոյ Խորհրդարանը Կոչ Ուղղեց` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

$
0
0

ՀՌՈՄ․- Իտալիոյ խորհրդարանը Ապրիլ 10-ին որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն մէջ երկրին կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի` «պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը» եւ անոր տալու միջազգային արժեւորում:  «Կ՛ողջունենք Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատին կողմէ 382 կողմ, 43 ձեռնպահ, 0 դէմ ձայներով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ նախաձեռնութեան ընդունումը։ Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Նախաձեռնութեան հեղինակ իշխող Լեկա կուսակցութեան անդամ, պատգամաւոր Փաոլօ Ֆորմենթինիին եւ 34 համահեղինակներուն, ինչպէս նաեւ իրենց ելոյթներով Նախաձեռնութիւնը սատարող բոլոր խորհրդարանականներուն: Պատգամաւորներու պալատը, յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ընդգծեց, որ մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուածը ցեղասպանութիւն է, եւ կոչ ըրաւ Իտալիոյ կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր միջազգային հնչեղութիւն հաղորդելու: Այս քայլով իտալական կողմը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն` իր ներդրումը ունենալով ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ճանապարհին», – յայտնեց Իտալիոյ մէջ, Հ․Հ․ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը` ելոյթ ունենալով Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ նախաձեռնութեան ընդունման առթիւ:

Հայաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն Նախաձեռնութեան սատարելու համար:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles