ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Յաջորդաբար 14 տարի «տուն» դպրոցին մէջ տարուէ տարի կ’աճի աշակերտութեան թիւը եւ բնականաբար, նաեւ ուսուցչական կազմը:
«Տուն» դպրոցը դարձած էր հարիւրաւոր հայ պատանիներու եւ պարմանուհիներու երկրորդական տուն մը :
Առաջին տարիներուն, դպրոցը կ’ընդունէր միայն երկրորդական կարգի աշակերտներ (9-էն 12րդ):
1969-ին, խնամակալ մարմինը, դպրոցի հիւսիսային կողմը գտնուող հսկայ հողաշերտը կը գնէ 58,000 տոլարի: Յաջորդաբար 1970-ին եւ 1973-ին կը գնեն, նաեւ կողքի երկու տուները եւ այս բոլորը Ֆերահեան ամոլին կտակով:
Դպրոցի հիմնադրութենէն 10 տարի ետք, 1974-ին տեղի կ’ունենայ կառուցուելիք համալիրի 4 թեւերէն առաջինին հիմնարկէքը:
Կ’որոշուի յաջորդաբար կառուցել համալիրի մնացեալ 4 թեւերը: Կը ստիպուին դրամատունէն մեծ գումարներ փոխ առնել, կարելի եղածին չափ շուտ ամբողջացնելու համալիրին կառուցումը:
Դրամատուներէ փոխ առնուած գումարներու կողքին, կը գոյանան մեծագումար նուիրատւութիւններ, որոնցմէ կարելի է յիշել Գէորգ Աւետիսեանի անունը 100,000 տոլար: Համալիրի հսկայ մարզասրահը իր անունով կը կոչուի «Աւետիսեան Սրահ»:
Քաջալերուած՝ մեծ թիւով ազգայիններու նուիրատւութիւններու շնորհիւ, 1987-ին «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ համալիրի պարտամուրհակի հրկիզումը:
* * *
Վրայ հասան Միջին Արեւելքի դաժան տարիները: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, որուն՝ քանի մը տարի տարբերութեամբ յաջորդեցին Իրան-Իրաք պատերազմը, Իրաքի մենատիրոջ տապալումը, Իրանի յեղափոխութիւնը, իսկ աւելի ուշ՝ Սուրիոյ դաժան տարիները:
Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ մեծ թիւով հայեր գաղթեն Ամերիկայի այս հեռաւոր ափերը, մեծամասնութեամբ Լոս Անճելըս: Ասոնց աւելցան Մայր Հայրենիքէն արտագաղթող բազմահազար հայերու թիւը:
Հիմնադրութենէն 14 տարի ետք, 1978-ի աշնան, միեւնոյն համալիրին մէջ, հիմը կը դրուի Սրբոց Նահատակաց նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին:
Ֆերահեան վարժարանը սկսած էր նեղ գալ: Նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի հիմնուելէն 10 տարի ետք, Էնսինոյի համալիրէն ո՛չ շատ հեռու, «Նորթ Հիլզ»ի շրջանին մէջ կը գնուի նոր դպրոցին համալիրը եւ այսպէսով դպրոցը կ’ունենայ երկու համալիր:
«Նորթ Հիլզ»ի համալիրին մէջ կը գտնուին մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բաժինները, որուն աւելի ուշ կ’աւելնայ «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուրը:
1990-ին, Ֆերահեան վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Պրն. Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, 26 տարիներու դժուար պայմաններու մէջ դպրոցը կայուն վիճակի հասցընելէ ետք, կը հրաժարի դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնէն, սակայն ներկայ կը գտնուի ամավերջի հանդէսներու, եւ մեծ կամ փոքր դպրոցական ձեռնարկներու:
Յաջորդաբար տնօրէն նշանակուած են հետեւեալ նուիրեալ հայորդիները:
1990-էն 1993, Պրն. Վարդգէս Ղազարեան: Փոխ տնօրէն՝ Պրն. Լեւոն Գասպարեան:
1993-էն 1997, Պրն. Լեւոն Գասպարեան: Փոխ տնօրէն՝ Պրն. Փօլ Մուրատեան:
1997-էն 2001, Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան: Փոխ տնօրէն՝ Պրն. Վարդգէս Նալպանտեան:
2001-էն 2015, Պրն. Ժան Գոսագեան: Փոխ տնօրէն՝ Պրն. Վարդգէս Նալպանտեան:
2016-էն մինչեւ օրս՝ Տիկ. Սօսի Շանլեան երկրորդականի տնօրէն: Փոխ տնօրէն՝ Պրն. Վարդգէս Նալպանտեան, իսկ Ժան Գոսաքեան կը ստանձնէ «Նորթ Հիլզ» համալիրի, նախակրթարանի տնօրէնի պաշտօնը:
* * *
Ամերիկայի առաջին հայկական ամէնօրեայ վարժարանի մեծ ու փոքր բարերար-նուիրատուները բազմաթիւ են եւ կարելի չէ յիշել բոլորին անունները, սակայն պարտք կը զգամ յիշելու գէթ քանի մը հատին անունները:
Առաջին եւ ամենամեծ նուիրատուն եղած է Մաթէոս Ֆերահեան, որուն անունով կը յիշուի դպրոցը:
Իրանահայ Գէորգ Աւետիսեան, որու անունով կը կոչուի դպրոցի հսկայ մարզասրահը:«Աւետիսեան Սրահ»:
Ֆրէզնոյէն՝ Ճան Կարապետեան: Իր անունով կը յիշուի դպրոցի գրադարանը:
Արշակ Տիգրանեան՝ որուն անունով կը յիշուի դպրոցի համեմատաբար աւելի փոքր «Տիգրանեան Սրահ»ը:
«Նորթ Հիլզ» համալիրի մէջ գործող նախակրթարանը եւ մանկամսուրը կը կոչուին իրենց բարերարներու անուններով, ՄարիԳապայեան նախակրթարան, եւ ՀՕՄ-ի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուր:
2001-2002 տարեշրջանին, Ֆերահեան վարժարանի առաջին տուն դպրոցի շէնքը փոխարինուեցաւ արդիական նոր կառոյցով մը: Այդ շէնքին մէջ փոխադրուեցան դպրոցի տնօրէնութիւնը, եկեղեցւոյ վարչական եւ գաղութի զանազան կազմակերպութիւններու գրասենեակները:
Բարերարին անունով կոչուեցաւ Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան (Karaghossian) շէնք:
Էնսինոյի համալիրը, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիով, Ֆերահեան երկրորդական վարժարանով, Հ.Յ.Դ. Ռոստոմ կոմիտէութեամբ, Հ.Օ.Մ.ի Անահիտ մասնաճիւղով, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղով, եւ իր հովանիին տակ գտնուող «Նայիրի» պարախումբով, Հ.Մ.Ը.Մ-ի «Մասիս» եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Սարդարապատ» մասնաճիւղերով, դարձած է կատարեալ «Մեղուի փեթակ» մը:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուայ ուշ ժամերը, աննկարագրելի եռուզեռ մը կը տիրէ միութենական ժողովներով, մարզական խաղերով եւ տարբեր տեսակի մշակութային ձեռնարկներով, իսկ եկեղեցւոյ շրջափակը, Ս. Ծնունդի, Ծաղկազարդի կամ Զատուայ տօներուն, խուռներամ բազմութեամբ այնքա՜ն կը յիշեցնէ Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակը:
Վստահաբար, Լոսանճելսաբնակ թուրքերը նկատած են այդ նախանձելի եռուզեռը: Ինչպէ՞ս կրնային հանդուրժել Ամերիկայի մէջ կերտուած փոքրիկ «Հայաստան» մը:
Էնսինոյի «Ֆերահեան» եւ Հ.Բ.Ը.Մ-ի «Մարի Մանուկեան» համալիրներու պատերուն վրայ թրքական դրօշակներ զետեղելով, վրէժ լուծելու խափկանքը ունեցան, առանց անդրադառնալու որ հայոց ցեղասպանութեան քարոզչութիւն մըն էր իրենց նենգ առարքը:
Լման շաբաթ մը, Ամերիկեան հեռատեսիլի տարբեր կայաններէ եւ մամուլէն, թուրքերու կողմէ գործադրուած հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ, նաեւ՝ հայերու մօտ միասնակամութիւն ստեղծեց, Ապրիլ 24-ի տօնակատարութիւններուն նման:
* * *
Երկար տարիներ, Ամերիկահայերը նիւթապէս օգտակար հանդիսացած էին Միջին Արեւելքի հայերուն, կառուցելու եկեղեցի եւ դպրոց: Շատեր, այդ ազնուասիրտ հայերուն,«կթան կով» կ’անուանէին:
Լեւոն Շանթ եւ Սիմոն Վրացեան, հանգանակութեան համար երբ կ’այցելեն Ամերիկա, տեսնելով ամերիկահայերու կտրտուած հայերէնը, Լեւոն Շանթ կ’ըսէ:
-«Մենք Ամերիկայէն օգնութիւն խնդրելու եկած ենք, մինչդեռ Ամերիկա՛ն մեր օգնութեան կարիքը ունի: Յաջորդող սերունդները պիտի կորսուին: Ամերիկայի մէջ եւս Ճեմարաններ պէտք է բանանք»:
Միացեալ Նահանգներ իրենց հանգանակած գումարներով է, որ կերտեցին Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, սակայն Լեւոն Շանթ չկրցաւ իրականացնել Ամերիկայի մէջ Ճեմարաններ բանալու իր երազը: Տարիներ ետք, Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, որ շատ հաւանաբար տեղեակ իսկ չէր Ամերիկայի մէջ հայկական դպրոց հիմներու Շանթի գաղափարէն, իրականացուց մեծ նուիրեալ, Լեւոն Շանթի երազը: Ճեմարանի փոխարէն հիմնեց «Ֆերահեան» ամէնօրեայ վարժարանը:
Ի՞նչ տարբերութիւն, դպրոցը Ճեմարա՞ն կը կոչուի թէ «Ֆերահեան»: Կարեւորը, Շանթի երազը իրականացած է:
Մէկական առաքեալներ էին Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ Սիմոն Վրացեան:
Առաքեա՛լ մըն է, նաեւ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, որուն աննկուն կամքին արդիւնքն է Ամերիկայի ամէնօրեայ առաջին հայկական դպրոցը:
«Ֆերահեան» վարժարանը յոյս ներշնչեց եւ փաստեց՝ որ Ամերիկայի մէջ անկարելի չէ՛ հայ դպրոցներ կառուցելը:
Խանդավառուած՝ տարբեր համայնքի հայեր հիմնեցին իրենց վարժարանները:
25 տարի՝ 25 հայկական վարժարաններ:
Յիշենք քանի մը հատին անունները:
Ազգային վարժարաններ:
Ֆերահեան, Մեսրոպեան, Ալէք Փիլիպոս, Վահան եւ ԱՆուշ Շամլեան, Գռուզեան-Զաքարեան (Սան Ֆրանսիսքո), Արի Կիրակոս Մինասեան (Սանթա Անա):
Հայ Աւետարանական Մերտինեան Վարժարան:
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն:
Արշակ Տիգրանեան, Մարի Մանուկեան, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան:
Կայ Կաթողիկէ:
Հայ Քոյրերու Վարժարան, Մխիթարեան (Այժմ փակուած):
Այս ցանկին կարելի է աւելցնել ՀՕՄ-ի տասնեակ մը շաբաթօրեայ վարժարանները, բոլոր այն աշակերտներուն համար, որոնք զանազան պատճառներով կարելիութիւնը չունին ամէնօրեայ հայկական վարժարաններ յաճախելու:
Շարքը երկար է, եւ այս մէկը Ամերիկայի հայկական վարժարաններու լրիւ ցանկը չէ:
Կարգ մը դպրոցներու մէջ, մեր մայրենին կը դասաւանդուի արեւելահայերէն, իսկ ուրիշ դպրոցներու մէջ՝ արեւմտահայերէն: Գոյութիւն ունին նաեւ վարժարաններ, ուր կը դասաւանդուին երկուքը: Արեւելահայ աշակերտներուն կը դասաւանդուի արեւելահայերէնով, իսկ արեւմտահայ աշակերտներուն՝ արեւմտահայերէնով:
Հայկական վարժարանները մեծամասնութեամբ միեւնոյն ծրագիրը որդեգրած են:
Նախակրթարանի 5րդ. դասարանի աշակերտները, ամէն տարի կ’այցելեն Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթօ:
Միջնակարգ վարժարանի աւարտական 8րդ. դասարանի աշակերտները կը մեկնին Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք՝ Ուաշինկթըն Տի.Սի, ծանօթանալու Ամերիկայի պատմութեան եւ այցելելու կառավարական պատմական վայրեր, ինչպէս նաեւ «Սպիտակ Տուն», ընկերակցութեամբ իրենց ամերիկեան պատմութեան ուսուչցին նաեւ քանի մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու:
Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, երկու շաբթուայ համար, երկրորդականի 11րդ. դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիները ընկերակցութեամբ քանի մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, կը մեկնին Հայաստան եւ Արցախ, ծանօթանալու իրենց հայրենիքին:
* * *
Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի համար, Ֆերահեան վարժարանը բազմանդամ ընտանիք մըն է, որուն աշակերտները, իր հոգեհարազատ զաւակներն են:
Իր կողակիցին հետ, ներկայ կը գտնուին «Ֆերահեան»էն շրջանաւարտներու ամուսնութիւններուն: Գերերջանիկ է նոր ընտանիք կազմող իր «սանուկներով», մանաւանդ երբ անոնք կը կազմեն հա՛յ ընտանիքներ:
Դժբախտաբար վերջերս, իր առողջական վիճակը չի ներեր ներկայ գտնուելու մինչեւ իսկ գեղարուեստական եւ մշակութային ձեռնարկներու:
Ինճէճիկեան՝ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ լեզուի պահպանման սուրբ գործին: Ոսկետառ գիրերով իր անունը պիտի յիշուի սերունդէ սերունդ, Ամերիկայի հայ դպրոցի պատմութեան մէջ:
Շատ հաւանաբար տարիներ ետք, Միջին Արեւելքէն տասնեակ հազարաւոր հայերու գաղթը, դէպի այս հեռաւոր ափերը, մտածել պիտի տար հիմնելու հայկական վարժարաններ, սակայն մինչեւ այդ թուականը, նուազագոյնը երկու սերունդ անծանօթ իրենց մայրենիին, պիտի նետուէին ձուլումի գիրկը: Հայ գիրերուն անծանօթ երիտասարդին համար, շատ բնական երեւոյթ պիտի ըլլար օտար ամուսնութիւնը, եւ կէս կատար մայրենիին ծանօթ հայերուն յաջորդող սերունդը, պիտի ըլլար անգլիախօս:
Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ, ամէն առաւօտ օրը կը սկսէինք «Առաւօտ Լուսոյ» ով կամ «Հայ Մեր»ով:
«Ֆերահեան»ի մէջ, օրը կը սկսի հայ մնալու խոստումով:
«Հայ եմ ես, իմ հայրենիքս կը կոչուի Հայաստան…»:
Ճեմարանի մէջ, այդ խոստումին կարիքը չունէինք: Այդ մէկը լռելեան հասկնալի էր: Ձուլումի մտահոգութիւն գոյութիւն չունինք Միջին Արեւելքի հայահոծ քաղաքներուն մէջ:
Երախտապարտ եմ ծնողքիս, որ հակառակ իրենց նիւթական դժուար պայմաններուն, քոյրս եւ զիս, ուղարկած են Ճեմարան:
Երախտապարտ պէտք է ըլլան իրենց ծնողներուն, բոլոր այն հայ աշակերտները, որոնք Ամերիկայի նման հսկայ ձուլարանի մը մէջ, կը յաճախեն լոյսի աղբիւր, հայկական ամէնօրեայ կամ շաբաթօրեայ վարժարաններ:
Պատահական չէ, որ Ֆերահեանի աշակերտներուն մեծ տոկոսը, Ճեմարան յաճախած ծնողներուն զաւակներ եւ թոռներ են: «Ֆերահեան»՝ դարձած է երկրորդ Ճեմարան մը:
Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, ի զուր տեղը չէ ընտրած ուսուցչական ասպարէզը: Այդ մէկը փաստ մըն է իր սէրն ու պատկառանքը հանդէպ ուսանող սերունդին:
Ուսուցչութիւնը նուիրում է: Չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, նաեւ՝ կոչում է:
Դժբախտաբար մեծ է հակառակը մտածողներու թիւը, մասնաւորաբար հայկական նիւթեր դասաւանդող նուիրեալներուն, ըսելով որ ուսուցչութենէ տարբեր ասպարէզ ընտրելով շատ աւելի «հանգիստ» եւ բարեկեցիկ կեանք մը կարելի է ապահովել:
Տարիներ առաջ, Ամերիկա ուսանելու գացած եւ յետագային ուսուցչութեան ասպարէզի նուիրուած բարեկամներէս մէկուն ծնողքը, դժգոհութիւն յայտնած էր ըսելով՝
-«Մենք քեզի Ամերիկա ղրկեցինք որ մարդ ըլլաս, սակայն դուն ուսուցիչ դարձար», առանց անդրադառնալու որ իրենց զաւակը նուիրուելով ուսուցչական ասպարէզին, դարձաւ իսկական մարդ: ՀԱՅ ՄԱՐԴ:
Բիւր յարգանք բոլոր հայ դպրոցի ծառայող նուիրեալներուն: