Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հապա…Թոռնիկս…

$
0
0

Գէորգ Պետիկեան

Երկար տարիներէ ի վեր Ամերիկա կ՚ապրիմ եւ ինծի նման՝ հազարաւոր հայեր։

Նոր եւ մեծ յայտնութիւն մը չէ, որ կ՚ուզեմ բացայայտել։ Գիտեմ, որ շատեր զիս կը ճանչնան իբրեւ ամերիկաբնակ, ամերիկահայ եւ կամ սփիւռքահայ մակդիրիս կողքին։ Այս բոլորին տարբերութիւնը դո՛ւք ճշդեցէք։ Բայց ինծի համար շատ յստակ է, թէ ես ամերիկացի չեմ. այլ պարզապէս՝ հայ-ամերիկացի մը, որ ճակատագրի հոսանքէն քշուած, բոլոր միլիոնաւոր ամերիկաբնակներու նման, եկած եմ ընտանիքովս ե՛ւ կամովին, այս հողին վրայ բնակութիւնս հաստատելու։

Նաեւ աւելցնեմ, որ այս երկիրը վերջնականապէս հաստատուած օրէս ի վեր կը կարծէի, որ իրականութիւնն ու ժամանակի գիտակցութիւնը ճանչցած էի։ Չարաչար սխալած էի։ Որովհետեւ տարուէ տարի սկսած եմ հաստատել, թէ հո՛ս, հանգիստ ապրելու համար, պէտք է որ մոռնայի հինս, անցեալս, աւանդն ու սովորութիւններս։ Ահա քեզի Ամերիկա, որ ազատութեան եւ բազմազան նախաձեռնութիւններու երկիր մը ըլլալով հանդերձ, կեանքը ընբռնելու նոր կերպ մը ունի։ Կայ։ Վտանգաւոր եւ խաբուսիկ։ Ու այդ մէկը ամերիկանիզմն է։ Ձեւ եւ կամ մթնոլորտ մը, որուն տակաւին չեմ կրցած ընդունիլ։ Հաւատալ։ Ձեռքս չէ։

Նկատելի է, որ մեծամոլութեան ախտէն վարակուած այս նոր աշխարհը, որ հսկայ մեծու-թիւններու վրայ է կառուցուած է, շատ հարուստ եւ Ամերիկեան ցամաքամասի այս վրայ ինքզինք Միացեալ Նահագներ անուանած տարածութիւն մըն ալ է։ Բայց ինծի համար ան աշխարհի այլազան ժողովուրդներու հաւաքածոյ երկիր մըն ալ է։ Մարդկային խառնարան մը, եթէ կ՚ուզէք, որ ունի իր բոլոր բնակիչները վարպետօրէն ե՛ւ անձայն ե՛ւ անաղմուկ, մէկ հալոցի մը մէջ պահելու եւ կաղապարելու յատկութիւնն ալ։ Ու այսպէս, կամաց-կամաց, բնակիչները՝ անհատ եւ կամ ազգեր եւ կամ ժողովուրդներ, անգիտակցաբար հոսանքին հետ նաւարկելով, կը հալին, կը մաշին։ Մէկ խօսքով կը ձուլուին, կորսնցնելով իրենց ինքնութիւնը ու կը դառնան ամերիկացի։ Թիւ մը մարդակային այս հսկայ ձուլարանին մէջ։

Հապա՞ մենք։

Մենք ալ, իբրեւ հայեր, հարկաւ անմասն չենք մնար եւ չենք ալ մնացած այս աւեր-հալոցէն։  Բայց եւ այնպէս յամառօրէն կը փորձենք շարունակել մեր ազգային նաւարկումը, չեմ գիտեր մինչեւ երբ…։

Անոր համար, ինծի պէս շատեր, այս յստակ իրականութեան դիմաց, գրեթէ ամէն օր, իրենց հայեացքները կ՚ուղղեն միշտ հեռուն՝ դէպի հինը։ Դէպի՝ իրենց նախկինը։ Աղուոր անցեալը։

Ու այսպէս մանկութեան եւ երիտասարդութեան երազներու աշխարհը ամէն առիթներուն միշտ կը յիշենք, կը փնտռենք, պարզապէս անոնցմով ջերմանալու եւ ջերմացնելու մեր հոգիները, մեր վայրկեանները, որպէսզի մեր մտքերը, որոշ չափով իրենց խաղաղութիւնը գտնեն այս ցուրտ ու ցամաք եւ բոլորովին օտար եւ անօրինակ նոր աշխարհէն ներս։

Նաեւ իրականութիւն է, որ մեր անցեալի վերապրումի կողքին մեզի հետ չենք մոռցած նաեւ բերել մեր բորբոսած կանոնները, արդուկը անցած հարցերը, մեր հին վէճերը, անցեալի ոխերն ու ատելութիւնները, մեր սէրերն ու կէս մնացած խնդիրները, մեր մաշած եւ մաշեցուցած բառերը, մեր ժողովական հինցած մթնոլորտին հետ միատեղ։

Ահա թէ ինչո՞ւ մեր մազերը մեր միտքերուն եւ գաղափարներուն նման ժամանակէն առաջ հինցած ու ճերմկցած են, իսկ մեր կեանքերն ալ իրենց կշռոյթը գրեթէ կորսնցուց եւ ջղային տրոփումներ հագած։ Անհանգիստ ու նոյնքան ալ անհաւասար եւ հակասական կեանք։

Ու մեր կեանքի հայու եւ հայկականութեան բոցը հաստատապէս վարակած ըլլալով մեր բոլոր երազները, հո՛ս, այս երկրին մէջ, յաճախ ալ անիծած էինք այն օրը, երբ հոս ոտք կոխած էինք։

Հայ ենք։ Յիշեցի տողերուս եւ ունինք նաեւ մարդկային բնութեան գրեթէ բոլոր հակասաութիւն-ները մեր նկարագրին մէջ։ Կան։ Ու չենք անդրադառնար, որ յաճախ մեր ամէնօրեայ պայքարի փամփշտակալին մէջ շարած ենք պարապ փաշփուշտներ յուսախաբ ընելով մեր փափաքներն ու երազանքները։

Բայց…կը պայքարինք մեր կամքով, հոսանքն ի վեր։ Այս մէկը անուրանալի է։ Իսկ որքանով կ՚ապահովենք մեր յաղթանակը՝ ան ալ մեր յարատեւութենէն կախեալ է։ Եկած ենք հոս օրինաւոր եւ կամ ապօրինի ձեւերով բնակութիւն հաստատելու։ Ու մեզմէ շատեր արդէն իսկ նոր բոյն կազմած։ Զաւակ, աղջիկ-տղայ մեծցուցած։ Կրթած։ Գործի դրած։ Հայ եւ կամ օտար դպրոց ղրկած։ Գործ հայթայթած։ Մէկ խօսքով, ծնողական պարտականութիւն կատարած։ Ամուսնացուցած։ Տուն տեղ շտկած։ Ապա հարս եւ փեսայ ընդունած։ Թոռնիկ մեծցուցած եւ յանկարծ կեանքի «ախտերէն» մէկուն՝ ամուսնալուծում ըսուած որոշման հանդիպած։ ճիւաղ մը։  Կեանքի նոր ձեւ մը կարծես։ Նոյնիսկ «մօտա»։

Բայց իրականութիւն է, չէ՞…։ Հիմա ալ կարծես…սովորութիւն ալ է։ Որո՞ւ որ հարց տաս, թէ ինչպէ՞ս է նոր հարսդ կամ փեսադ…

-էհ…մոռցիր.-կը ստանաս իբրեւ պատասխան, ի՞նչ հա~րս…ի՞նչ փեսա~յ…այդ էջը գոցէ՛։

Ու կը գոցես։ Որովհետեւ պատասխանը կռահած ես։ Եւ ապա կը տեղեկանաս, որ ամէն տեղ, ամէն երկիր, նոյնն է կացութիւնը։ Այս ախտը դարձած է վարակիչ։

Երբեմն ես ինծի հարց կու տամ թէ ինչո՞ւ այսքան շատցած ու տարածուած է ամուսնալուծում կոչուած այս հիւանդութիւնը։ Արդեօ՞ք այս երկրի ջուրէն է, թէ ո՛չ օդէն։ Արդեօք ո՞վ պէտք է առաջքը առնէ.- ծնողքը, եկեղեցին, դաստիարակութիւնը, տնային կենցաղը, յաճախած դպրոցը։ Չեմ գիտեր։ Միայն մէկ բան յստակ գիտեմ, որ ընտանեկան նոր բոյն կազմած երկու անհատնե-րու միջեւ սիրոյ, հաւատարմութեան, հանդուժողականութեան, վստահելիութեան, անկեղծութեան եւ հասկացողութեան կապին շատ թոյլ ըլլալն է եւ կամ բոլորովին գոյութիւն չունենալն է պատճառը։ Հաճոյք, անհաւատարմութիւն, նախանձ ու ատելութիւն բոյն դրած են եւ կամ փոխարինելով դրական գիծերուն, նոյն այդ զոյգի երազն ու կամ երազները դարձուցած են անգոյն եւ ցնդած։

Իսկ եթէ այս երկու անհասկացող ուղեղներու միջեւ զաւակ մըն ալ կայ, ահա քեզի տառապանք։

Ահա՛,  նոյնիսկ դժբախտութիւն։ Աղէտ։ Ո՞վ է այս մասին մտածողը։ Հայրը՞ թէ ո՛չ մայրը։

Ամուսնալուծում։ Շատ յաճախ չենք կրնար խուսափիլ։ Մեր ձեռքը չէ։ Իբրեւ մեծ, մեզի առիթ չի տրուիր միջամտելու։ Հաշտարարի դեր վերցնելու։ Ո՞վ ես դուն…իրենք գիտեն…իրենց գործին մի՛ խառնուիր…։ Դատ կայ։ Դատարան ալ կայ։

Մեր տարիներուն, մեր տուներէն ներս ամօթխածութիւն ըսուածը կար։ Մեծի ներկայութեան՝ խպնիլ կար։ Պատիւի հարց կար։ Վերջապէս «բան» մը կար, որ կ՚արգիլէր նման քայլ առնելու…։ Եւ եթէ կար…ան ալ շատ աննշան էր։ Չեմ գիտեր։ Դուք ինձմէ աւելի լաւը գիտէք։ Անկասկած։

Իսկ գալով այս զոյգի զաւակին…Խեղճը այդ իր փոքր տարիքին, օր մը, կամ շաբաթ մը մօրը մօտ, եւ ապա հօրը։ Այս շաբաթ այս տունը, միւս շաբաթ միւսին յարկաբաժինը։ Աւելորդ ապրանքի նման, քաշքշուք։ Երկուքի զոհը։ Այսպէս, իր ծնողներու ահհասկացողութեան եւ հետզհետէ ատելութեան ալիքներով շաղախելով տան մթնոլորտը, խաղաղութիւնը շուտով «կը խեղդուի», կը կորսուի եւ այդ մատղաշ երեխայի կեանքի լրջութիւնը կ՚անհետանայ։

Իրականութիւն է այս։ Ցաւալի։

Ըսի չէ.- սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի, ներողամտութեան, հասկացողթեան եւ հաւատարմու-թեան պակասի ինչպէս նաեւ անձնասիրութեան, նախանձի եւ ազատութեան «բարիքներու» արդիւնք են այս բոլորը։ Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ։

Սակայն ինչո՞ւ այս տողերս։ Այսքան մաղձոտ եւ տխուր …

Բացատրեմ։ Այսօր տղաս դատարանէն, իր ամուսնալուծման պաշտօնական որոշում-թուղթերը բերաւ իր հետ։ Ու այս վերջինին հարուածով, իմ պարագայիս յանկարծ երազներս, կեանքիս լեղի համ բերին։ Հաւատացէ՛ք, շատ յաճախ չեմ ուզեր բանալ մտածումներուս այս պատուհանը։ Կամչնամ։ Չեմ ուզեր նոյնիսկ շատերու ներկայութիւն իբրեւ նիւթ խօսիլ։ Մտերմիկ եւ բարեկա-մական մեր մթնոլորտը, արդար չէ որ իմ այս հարցով լեցնէի։

Ահա թէ ինչո՞ւ ներքանապէս կը փորձեմ ներքին մաշումս պահել։ Չյայտնել։ Կը փորձեմ միշտ նախկին իրավիճակովս վատնել օրուայ ժամերս։ Բայց…յաճախ ալ ձեռքս չէ։ Մարդ եմ չէ՞։ Անիծեալ երկիր…։ Հապա թոռնիկս…։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles