Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Երեւանի Մէջ.- Հ.Յ.Դ.-«Համերաշխութեան Եւ Ժողովրդավարութեան Եւրոպական Համախմբում»ի Հանդիպում

$
0
0


Մարտ 29-ին, Հ՚Յ՚Դ՚ Բիւրոյի Երեւանի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցցաւ Հ՚Յ՚Դ՚ պատուիրակութեան հանդիպումը Համերաշխութեան և Ժողովրդավարութեան Եւրոպական համախմբումի (European Forum for Democracy and Solidarity) գիտնականներու և եւրոպական հիմնադրամներու ներկայացուցիչներէ կազմուած պատուիրակութեան հետ: Տեղեկահաւաքի բնոյթ կրող այցելութիւնը մաս կը կազէ Արևելեան Եւրոպայի ժողովրդավարութեան զարգացումները ուսումնասիրող ծրագրին, որուն կ՚աջակցի Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը, ողջունելով հիւրերուն, կարևոր նկատած է անոնց առաքելութիւնը տարածաշրջան և յատկապէս Հայաստան։ Արմէն Ռուստամեան ներկայացուցած է Հայաստանի վերջին քաղաքական զարգացումները, հասարակութեան տրամադրութիւնները եւ նոր մարտահրաւէրները։

Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը անդրադարձած է Դաշնակցութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն, որպէս արտախորհրդարանական ուժ՝ թէ՛ ներքին թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մէջ կուսակցութեան դերակատարութեան մասին։ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչը Եւորպական պատուիրակութեանը տեղեկացուցած է նաև, որ Գերագոյն Մարմինի կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախմբերը մեծ ծաւալի աշխատանքներ կ՚իրականացնեն՝ ուշադրութեան տակ պահելով կառավարութեան գործունէութիւնը։

Համերաշխութեան և Ժողովրդավարութեան Եւրոպական համախմբումը հիմնադրուած է 1993 թուականին Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու ընկերվար֊-դեմոկրատական կուսակցութիւններու և հիմնադրամներու կողմէ` նպատակ ունենալով տարբեր երկիրներու մէջ խթանել ընկերվարական և ժողովրդավարական արժէքներու զարգացումը։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles