Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Առողջութիւն Եւ Առողջապահական Գիտելիքներ

$
0
0

  Բժիշկ կարպիս Հարպոյեան

  Մոնրէալ

Յարգելի ընթերցողներ, այսօր ձեզի հետ եմ, որովհետեւ առողջ եմ:

Բայց ի՞նչ է առողջութիւնը:

Առողջ ըլլալ կը նշանակէ ունենալ մարմնի, մտքի եւ հոգիի ներդաշնակ գոր-ծունէութիւն եւ կարողութիւններու լրիւ վայելում.  այսինքն՝ ողջ մնալ, երկար, ուրախ եւ արդիւնաւոր կեանք ունենալ: Առողջ ապրելու համար պէտք է մշակենք մեր ֆիզիքական,  մտային, հոգեկան (spiritual) ե զգացական (emotional) կարողութիւն-ները:

Ժողովրդային առածը կ’ըսէ՝ առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ, սակայն այս իրականացնելու համար նախ պէտք է պատրաստել միտքը, որպէսզի ան իւ-րացնէ եւ հետեւի առողջութեան պայմաններուն: Ուրեմն այսօր մենք պիտի պատրաստենք մեր միտքը:

Մեր մարմնական ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան առողջութիւնը մեր ամէնէն թանկարժէք հարստութիւնն է: Այս հարստութիւնը վայելելու համար պէտք չէ որ հիւանդանանք: Մեր ընդհանուր առողջութիւնը եւ հիւանդութեան մը զարգացումը կախեալ է  արտաքին եւ մարդկային-անհատական գործօննե-րէ (factors)  եւ ազդակներէ:

Ա. Արտաքին գործօնները եւ ազդակները կրնան ըլլալ՝

ա. Կենսաբանական (biological),

բ. Սննդառական,

գ. Ֆիզիքական, մեքենական, քիմիական եւ թունաւոր կազեր,

դ. Մթնոլորտային (atmosphere),

ե. Միջավայրային (environment):

ա. Կենսաբանական գործօններն են՝ մանրէները (bacteria), ժահրերը (viruses), սունկերը ( fungi) եւ մակաբոյծները (parasites): Ասոնք են որ հիւանդութիւն կը յառաջացնեն: Անոնք կը գտնուին տարբեր-տարբեր  շտեմարաններու մէջ: Այս շտեմարաներն են՝

  1. Հիւանդ մարդուն քիթի հեղուկը, բերնի լորձունքը, թուքը-խուխը, կղկղան-քը, մէզը, սերմնահեղուկը (semen), արիւնը, անկողինը, հագուստը, մազը եւ մորթը:
  2. Անասունները՝ կով, այծ, խոզ, շուն, կատու, ջղջիկ, թռչուն, հաւ.
  3. Կարգ մը անասուններու մորթը, մէզը, միսը, կղկղանքը (feces), մազը, բուրդը, լորձունքը:
  4. Միջատները՝ մժեղ, մեղու, ոջիլ, ճանճ, թիթեռնիկ.
  5. Մեր շրջապատի հողը եւ ապականած օդը.
  6. Աղտոտ ջուրերը եւ Ճահիճները.

Կենսաբանական գործօնները հիւանդ անձէ մը առողջ անձի մը կը փոխանցուին ուղղակի  եւ անուղղակի փոխանցումով:

Ուղղակի փոխանցումը (direct transmission) տեղի կ’ունենայ երկու ձեւերով՝

  1. Անձէ անձ՝ հպումով, ձեռնուելով, ողջագրումով, համբուրելով, բերանի եւ քիթի հեղուկներով եւ սեռային յարաբերութեամբ (sexual contact).
  2. Միջատներէ եւ անասուններէ մարդուն՝ խայթուածքով եւ խածուածքով.

Անուղղակի (indirect) փոխանցումը տեղի կ’ունենայ ջուրի, կերակուրի, հողի, օդի  եւ փոշիի միջոցաւ:

բ. Սննդառական (dietary) գործօններ են՝ խարդախուած եւ թունաւոր կերա-կուրները, կաթը, ըմպելի ջուրը, զովացուցիչ ըմպելիները:

գ. Ֆիզիքական, մեքենական, քիմիական եւ թունաւոր գործօններ են՝ անմիջական մարմնական հարուած-վնաս, կրակ, այրուածք, թունաւոր կազեր, արեւու ճառագայթ, քիմիական նիւթեր եւ փոշի, վառելանիւթերու մնացորդաց, ինքնաշարժներու վարած կազերու արտադրութիւններ, այսինքն՝ բնածուխի միաթթու (CO) եւ  բնածուխի երկթթու (CO2).

դ. Մթնոլորտային գործօններ են՝ ապականած մթնոլորտ, անբնական կլիմայ (climate), օդի խոնաւութիւն,  գերջերմութիւն (hyperthermia) եւ ենթաջերմութիւն, (hypothermia), արեւի զօրաւոր ճառագայթներ:

ե. Միջավայրային գործօններն են՝ մեր գտնուած վայրին աշխարհագրական դիրքը եւ լոյսի նուազումը, ծովու, լողաւազաններու, բաղնիքներու, զուգարան-ներու-պէտքարաններու, մեր անմիջական շրջապատի, տունի, դպրոցի եւ գոր-ծի վայրի աղտոտութիւնը:

Բ. Անհատական գործօններ. Այս գործօններնն են՝ տարիք, սեռ, ժառանգա-կանութիւն, ֆիզիքական կարողութիւն, սննդարութիւն, դիմադրողականութիւն սովորութիւններ, կենցաղ (life style), նստակեաց կեանք, մարմնամարզանք, քուն, ծխախոտի եւ ալքոլի (alcohol) գործածութիւն, աղմկարար վայրերու  եւ միջավայրի հպատակութիւն, ընկերային կեանք եւ անկաշկանդ, անբնական  ու յոռի սեռային կեանք (sex life):

 

Մարմնական ընդհանուր առողջութեան նախապայմաններն են՝

  1. Ուտել առողջապահական կերակուրներ՝ բնասպիտով (protein) հարուստ սննդեղէններ-ձուկ, հաւու միս, կովու եւ ոչխարի սեւ միս, կաթ, կաթնեղէններ, պանիր, ընդեղէններ, մաքուր ջուր, առատ պտուղներ եւ բանջարեղէններ, որոնք հարուստ են կենսանիւթերով (vitamine) եւ բնաթէլով (fiber):
  2. Ճարպ, իւղ, շաքար եւ աղ քիչ սպառել: Հում միս եւ հաւկիթ չուտել, կաթը միշտ եռացնելէ ետք խմել, սուրճը եւ թէյը չափաւոր գործածել:
  3. Ամէն օր օրինաւոր մարզանք ընել.
  4.   Հանգիստ եւ բաւարար քուն ունենալ. նուազագոյնը 8 ժամ քնանալ:
  5. Հեռու մնալ վարակուած անհատներէ,
  6.   Փոխանցիկ հիւանդութիւն ունեցող անհատներու հետ չձեռնուիլ, չողջա-գուրուիլ, չհամբուրել.
  7. Հազալու ընթացքին երեսը դարձնել մէկ կողմ եւ հազալ արմուկին մէջ. գոր-ծածել դաշկինակ եւ գոցել բերանն ու քիթը: Փռնգտալու միջոցին գոցել քիթը եւ բերանը դաշկինակով: Չխնչել մարդոց դիմաց, այլ մէկ կողմ քաշուելով:
  8. Ունենալ առողջ սեռային կեանք.
  9. Ապրիլ մաքուր եւ խաղաղ միջավայրի մէջ, պահել շրջապատը միշտ մա-քուր.
  10. Չծխել եւ ալքոլ չգործածել:

 

Մտային-ուղեղային առողջութեան նախապայմաններն են՝

  1. Ունենալ մարմնական ընդհանուր առողջութիւն: Այս նիւթի մասին նախա-պէս խօսեցանք:
  2. Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի եւ ուշադիր ըլլալ չգիրնալու,
  3. Բաւարար չափով թթուածինի, ածխաջրատներու (carbohydrate), շաքարի եւ սննդարար սննդանիւթերու մատակարարում ուղեղին: Բաւարար թթուածին կը մատակարարուի ուղեղին երբ բաւարար չափով թթուածինով հագեցած (saturated) արիւն կը հասնի ուղեղին: Այս մէկը կը կարօտի առողջ շնչառական եւ սրտանօթային (cardiovascular) համակարգի:
  4. Ուղեղի բջիջներու արթնութիւն եւ մտային, իմացական ու ճանաչողական գրգռութիւններ, այսինքն՝ շարունակ կարդալ, տեսերիզ դիտել, տեղեկութիւն-ներ հաւաքել, համակարգիչ գործածել, երաժշտութիւն ունկնդրել, նկարներ դիտել, ցուցահանդէսներու եւ թատրոնի ներկայ ըլլալ,, թանգարան այցելել,  ընկերային կեանք ունենալ, չմեկուսանալ:

5.Ալքոլ շատ քիչ խմել եւ ծխախոտ չծխել.

  1. Բաւարար քնանալ,
  2. Մարզանք ընել,
  3. Մաքուր միջավայրի մէջ եւ աղմուկէ հեռու ապրիլ:

 

Հոգեկան եւ զգացական-յուզական  առողջութեան նախպայմաններն են՝

  1. Ըլլալ ընկերային, ունենալ հաճելի ժամանցի ժամեր ընկերներու, ծնողքի, քոյր եղբայրներու, հարազատներու եւ բարեկամներու հետ,
  2. Անդամակցիլ քաղաքական, մարզական, մշակութային, գրային, կերպար-ուեստի, եկեղեցական եւ հոգեւոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու.
  3. Ըլլալ դրական եւ լաւատես որեւէ մէկ աշխատանքի մէջ, ըլլալ համբերա-տար, յարգել դիմացինը, մանաւանդ՝ ծնողքը, տարեցը, տնօրէնը, ուսուցիչը,
  4. Ընդունիլ կեանքի լաւ եւ վատ իրականութիւնները հանդարտօրէն,
  5. Հաւատալ անձնական կարողութիւններու վրայ,
  6. Ըլլալ ներողամիտ, ծառայասէր, օգնող եւ գթասէր,

 

Առողջ մնալու համար կատարելու ենք հերթական կարգ մը բժշկական քննութիւններ: Այս քննութիւնները կը յայտնաբեռեն թաքուն որոշ հիւան-դութիւններ: Նախ քան հիւանդութեան մը զարգացումը այս քննութիւնները կատարելով կարելի կ’ըլլայ արագօրէն ձեռբազատուիլ այդ ախտէն: Հերթական բժշկական քննութիւններն են

  1. Բժշկական տարեկան ընդհանուր քննութիւն՝ արեան կարմիր եւ ճերմակ գնդիկներու, մաղձաճարպի (cholesterol), շաքարի եւ բնասպիտներու քննու-թիւնները, թոքերու Ք ճառացայթային (X-ray) նկարում, պարզ սրտագրութիւն (EKG)։
  2. Ոսկորներու կրածինի (calcium) խտաչափութիւն (bone calcium densitomet-ry): Այս քննութեան միջոցով կը չափուի ոսկորներուն պարունակած կրածինի խտութիւնը: Անոր արդիւնքով կը գիտցուի ոսկրափխրումի (osteoporosis) աս-տիճանը եւ կը կատարուի անոր ախտաճանաչումը. 65 տարեկանէն վեր բոլոր կիներն ու տղամարդիկը կատարելու են այս քննութիւնը: Բնական արդիւնքի պարագային քննութիւնը կրկնուելու է երեք տարի վերջ: Իսկ ոսկրափխրումի ախտաճանաչումի պարագային քննութիւնը կրկնուելու է ամէն տարի:
  3. Կիներու կրծքագեղձի (mammary gland) մատնային քննութիւն.
  4. Կիներու կրծքագեղձի Ք ճառագայթային նկարում (mammography) եւ անդրձայնային նկարում (ultrasound): Այս քննութիւնը կատարուելու է ամէն տարի 40-49 տարեկան կիներուն,  երկու տարին անգամ մը  50-69  տարեկան կիներուն եւ ըստ պահանջքի 70 տարեկանէն վեր կիներուն:
  5. Հաստ աղիքի դիտում (colonoscopy):  Ան կատաուելու է 50 տարեկանէն ետք երկու սեռերուն ալ: Եթէ առաջին քննութեամբ անբնական երեւոյթ չտեսնուի, քննութիւնը կրկնուելու է 10 տարի ետք: Իսկ անբնական արդիւնքի պարագա-յին քննութիւնը  կրկնուելու է ըստ մասնագէտ բժիշկի հայեցողութեան:
  6.   Նախաղիի  մատնային քննութիւն (rectal finger examination): Նախաղիի մատնային քննութիւնը կատարուելու է բոլոր տղամարդոց՝ 45 տարեկանէն ետք եւ ամէն տարի: Ան կը կատարուի շագանակագեղձի (prostate gland) վիճա-կը գնահատելու համար
  7. Արեան մաղձաճարպի (cholesterol) քննութիւն: Տղամարդիկ կատարելու են այս քննութիւնը 40 տաերկանէն ետք եւ ամէն տարի, իսկ կիները՝ դաշտանա-դադարէն (menopause) ետք եւ ամէն տարի: Արեան գերմաղձաճարպութիւնը (hypercholesterolemia) կը նախազգուշացնէ մեզ սրտանօթային հիւանդութիւն-ներու գոյութեան նկատմամբ:
  8. Կղկղանքի (stool, feces) արեան գոյութեան քննութիւն.
  9. Արգանդավիզի քսուկի (cervical pap smear) ախտաբանական (pathologic) քննութիւն: Այս քննութիւնը իգական սեռին մօտ առաջին անգամ կատարուելու է արբունքէն (puberty) 3-4 տարի ետք: Ան կրկնուելու է երկու տարին անգամ մը մինչեւ 70 տարիքը:
  10. Տեսողութեան քննութիւն ըստ պահանջքի. Շաքարախտաւոր, արեան գերճնշում (hypertension) եւ գերմաղձաճարպութիւն ունեցողներ, ընտանիքի մէջ ակնաքող (cataract), խաժամթութիւն (glaucoma), ցանցենիի շերտաւորում (retinal detachment) եւ ցանցենիի ապասերում (macular degeneration) ունեցող անհատներ պարտաւոր են աչքի յաճախակի քննութեան ենթարկուելու:

 

Կան շատ մը ախտանշաններ, որոնք պէտք չէ անտեսուին առողջ եւ հան-գիստ կեանք մը ունենալու համար: Այս ախտանշաններէն կարեւորագոյններն են՝

  1. Անակնկալ կշիռքի կորուստ, նիհարնալ, շաքարախտ, գերվահանագեղձու-թիւն (hyperthyroidism), անբնական ուռեր-քաղձկեղ, ջրազրկում-ջրակորուստ (dehydration) եւ հոգեբանական խանգարումներ:
  2. Մնայուն գերջերմութիւն, բորբոքումներ.
  3. Անակնկալ շնչարգելութիւն շնչահեղձութիւն (dyspnea), խաժամթութիւն (cyanosis), արիւնոտ կղկղանք եւ մէզ, արիւնախառն փսխունք եւ խուխ, յօդերու կարմրութիւն ջերմով եւ ցաւով միատեղ:
  4. Դաշտանէ (menstruation) դուրս հեշտոցային (vaginal) արիւնահոսութիւն, դաշտանի շարունակական խանգարում.
  5. Հեշտոցային անբնական հեղուկային եւ կամ թարախային հոսք.
  6. Անակնկալ տեսողութեան եւ լսողութեան կորուստ.
  7. Անակնկալ յիշողութեան կորուստ:

 

Հոս կ’ուզեմ անդրադառնալ առողջ սեռային կեանքի, միջավայրի եւ կենսոլորտի մաքրութեան,  ծխելու եւ  ալքոլի գործածութեան վնասներու մասին:

Սեռը կը ծառայէ սերնդագործումի, բազմացումի եւ մարդկութեան, ժողո-վուրդներու եւ ազգերու պահպանման եւ գոյատեւման: Անոր հիմնական նպա-տակն է կեանքի շարունակականութիւնը: Սակայն մարդուն համար սեռը միայն բազմանալու միջոց չէ, այլ ան ունի բնական եւ կարեւոր կենսաբանա-կան, հոգեբանական (psychological) եւ ընկերային ներգործութիւն (effect): Սե-ռով կը ձեւաւորուի անհատի մը կենցաղը, անհատականութիւնը (persona-lity), ապրելակերպը, զգացումները, յուզական աշխարհը: Մարդկութեան քանա-կական (quantity) եւ որակական (quality) գոյութիւնը կախեալ է սեռէն եւ սե-ռային գործընթացքէն: Մարդկութիւնը կարողութիւնը ունի, եթէ ուզէ, բարձ-րանալու, գերադաս ոյժ դառնալու, բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս իր ամբողջու-թեանը մէջ: Սեռային գործընթացքը եթէ ձգենք անկաշկանդ (uncontrolled) եւ ամբողջապէս ազատ սկզբունքներու վրայ, մարդկութիւնը կը հասնի բացար-ձակ անհակակշռելի քաոսային կացութեան մը: Սեռային կեանք-գործընթացքը (sex life) պէտք է հիմնուած ըլլայ բարոյական առողջ սկզբունքներու եւ մտածո-ղութեան վրայ:  Հոս է որ մարդկութիւնը պէտք է տարբերի անասուններու ազատ, անկաշկանդ եւ բնազդային սեռէն: Մարդ արարածը ունենալու է մա-քուր սեռային կենցաղ, վարք ու բարք, հիմնուած բարոյական սկզբունքներու վրայ: Սեռը կրնայ մղել մարդ արարածը ազնուագոյն եւ բարձրագոյն հոգեկան զգացումի, որն է սէրը։ Ան կրնայ նաեւ շատ դիւրաւ նուաստացնել եւ անբարո-յականացնել մարդը եւ դարձնել զինք բացարձակ աննկարագիր եւ անբարոյ էակ մը.

Մթնոլորտի օդի ապականացումը կը յառաջացնէ զանազան տեսակի հիւան-դութիւններ եւ վատառողջ երեւոյթներ: Ապականած օդը թաքուն սպաննիչ է: Ապականած օդի պատճառները երկու տեսակ են՝ արտաքին եւ ներքին: Արտա-քին պատճառներն են՝ շրջապատին մշուշախարն մուխ (smog), փոշի, գործա-րաններու, ինքնաշարժներու եւ գործածուած ծխախոտի ծուխը, իսկ ներքին պատճառներն են՝ տուներու, գործարաններու, հաստատութիւններու, դպրոց-ներու փոշին, նուազ օդաւորումը, խոհանոցի կազերը ու վառարաններու եւ ծխախոտի ծուխը:

Ըստ Գանատայի Առողջապահական Գործակալութեան Գանատայի մէջ տարեկան 7.700 կանխահաս մահեր տեղի կ’ունենան: Այս թիւին 25 տոկոսը հետեւանքն է կենսոլորտի ապականացումին:

Ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան, ամբողջ աշխար-հի մէջ ՝

  1. Տարեկան տեղի կ’ունենան՝ 7 միլիոն մահ կենսոլորտի ապականացումով, որոնց 4.2 միլիոնը հետեւանքն է արտաքին ապականացումին եւ 2.8 միլիոնը ներքին ապականացումին, այսինքն՝ տուներու, դպրոցներու եւ  հաստատու-թիւններու: Այս 7 միլիոն մահերուն 2.4 միլիոնը կը մահանան սրտի հիւան-դութիւններով:
  2. Ուղեղային կաթուածներուն 24 տոկոսը հետեւանքն է կենսոլորտի ապա-կանացումին: Տեղի կ’ունենան 1.4 միլիոն մահ ուղեղային կաթուածով:
  3. Բոլոր սրտազարկերակային ( ) մահերուն 25 տոկոսը հետեւանքն է կենսո-լորտի ապականացումին:
  4. Մարդոց 90 տոկոսը կը շնչեն ապականած օդ:
  5. Թոքի խլիրդային եւ ոչ խլիրդային հիւանդութիւններու մահերուն 43 տոկոսը հետեւանքն է օդի ապականացումին: Տարեկան կը մահանան 1.8 միլիոն անձեր այս պատճառով:

Մարմնի եւ միջավայրի մաքրութիւնը ցուցանիշն է մաքուր  անհատականու-թեան, իսկ մարմնի եւ միջավայրի աղտոտութիւնը ցուցանիշն է մարդոց անհո-գութեան, վատառողջ անհատականութեան եւ մարմնական ու հոգեկան  առող-ջութեան անտեսումին: Մարդոց արտաքին մաքրութիւնը կը ցոլացնէ անոնց ներքին մաքրութիւնը, հոգիի մաքրութիւնը: Ինչպէս որ բոլորս կ’ուզենք մեր մարմինը մաքուր  պահել նոյն հասկացողութեամբ մեր միջավայրը մաքուր պահելու ենք: Մեր մարմինը մաքուր պահելու համար պէտք է յաճախ լոգնալ, լողալէ առաջ եւ ետք պէտք է լոգնալ, ուտելէ առաջ եւ վերջ ձեռքերը օճառով եւ ջուրով  պէտք է լաւ  լուալ:

Աղտոտ դպրոցին, դասարաններուն, ճաշարանին եւ մանաւանդ բաղնիքնե-րուն ու պէտքարաններուն մէջ մանրէները շուտ կը պազմապատկուին եւ բոյն կը շինեն: Հետեւաբար հիւանդութիւններ շուտով կը յայտնուին եւ կը փոխան-ցուին բոլոր աշակերտներուն, նոյնիսկ համաճարակներ կրնան պատահիլ:

Գիտակից աշակերտներ կը գուրգուրան իրենց դպրոցի մաքրութեան: Թուղթի եւ կաւիճի կտորներ  եւ այլ տեսակի աղտոտ իրեր գետին չեն նետեր: Սեղան-ներուն վրայ դասի վերջաւորութեան գիրք, տետրակ, մատիտ, պայուսակ չեն ձգեր: Սեղաններուն եւ աթոռներուն վրայ չեն գրեր եւ չեն գծեր:  Դպրոցին ֆիզիքական վնաս չեն հասցներ: Գետին նետուած թուղթ, կաւիճ եւ  աղտոտ առարկաներ կը վերցնեն ու աղբամանին մէջ կը զետեղեն:  Դասապահի վերջա-ւորութեան գրատախտակը կը մաքրեն, դասարանին մէջ կոկին ձեւով կը շա-րեն սեղանները եւ աթոռները: Բաղնիքը գործածելէ ետք անպայման ջուր կը հոսեցնեն եւ ձեռքերը ջուր-օճառով կը լուան, ու  մաքրութեան թուղթ գետին չեն նետեր:

Մաքուր դպրոց մը, իր մաքուր դասարաններով, բաղնիքներով, ճաշարաննե-րով եւ սրահներով,  կը նպաստէ ուսուցիչներու աւելի կեդրոնացած աշխա-տանքին եւ աշակերտներու առաւել յաջողութեան:

Աշխարհի չոս ծագերուն կան կրթական հաստատութիւններ,  ուր աշա-կերտները տարին երկու անգամ դպրոցի ընդհանուր մաքրութեան կը մասնակ-ցին: Իսկ  Ճափոնի մէջ բոլոր դպրոցներու մաքրութիւնը պատասխանատուու-թիւնն է աշակերտներուն եւ ուսանողներուն: Անոնք զանազան  միջոցառում-ներով դպրոցը մաքուր կը պահեն, այսինքն՝ գետինը կ’աւվլեն եւ խոնաւ լաթով կը սրբեն, պատուհաններուն փոշին կ’առնեն, ապակիները կը սրբեն, բաղնիքները եւ լուացարանները կը մաքրեն, ճաշարանին մէջ կերակուր կը բաժնեն, ուտելէ ետք պնակները եւ գաւաթները կը հաւաքեն: Տեսնուած է, որ այս դպրոցներու աշակերտներուն մօտ կը զարգանայ մաքրութեան սկզբունք-ները, կարեւորութիւնը եւ զգացումը, ինչպէս նաեւ խմբային աշխատանքի հասկացողութիւնը ու անհատական եւ հաւաքական  պատասխանատւու-թեան զգացումը: Այս աշակերտները  ապագային կը դառնան գործօն անդամ-ներ ընկերութեան մէջ:

 

Ալքոլը վնասակար է մեր առողջութեան:

Ալքոլը կը պատրաստուի շաքար պարունակող պտուղներու եւ կարգ մը բանջարեղէններու քացխացումով: Ան կը պատրաստուի նաեւ արուեստա-կանօրէն եւ քիմիականօրէն:

Ալքոլը բժշկութեան մէջ կը գործածուի որպէս հականեխիչ (antiseptic),  թմրե-ցուցիչ եւ զովացուցիչ:

Ոգելից խմիչքները բոլորն ալ ալքոլ կը պարունակեն տարբեր համեմատու-թիւներով: Ալքոլ պարունակող գործածուած խմիչքներուն 45 տոկոսը  ուիսքի եւ նմանօրինակ հեղուկներ (spirits) են, 34 տոկոսը գարեջուրն է եւ 12 տոկոսը գինին է:

Ալքոլը կը գործածուի որպէս ոգելից ըմպելի զանազան առիթներվ:

Ալքոլը խմուելէ անմիջապէս ետք 20 տոկոսով կը ծծուի ստամոքսի պատերէն իսկ 80 տոկոսով բարակ աղիքներու պատերէն: Ծծուելէ ետք ալքոլը կը մտնէ արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը հասնի ուղեղ ու լեարդ: Լեարդին մէջ ալքոլը կ’այրի 90 համեմատութեամբ եւ կ’արտադրէ ջերմուժ (calor ) իսկ մնացեալ 10 տոկոսը կ’արտաքսուի երիկամներէն եւ թոքերէն. ուստի ան նկատուած է սնունդ, սակայն վնասակար սնունդ:

Քիչ քանակութեամբ խմուած ալքոլը՝

1.Կը գրգռէ սրտամկանները, կ’աշխուժացնէ սրտի գործունէութիւնը եւ  կ’արագացնէ սրտի զարկը.

2.Կը նպաստէ ախորժակի եւ տրամադրութեան բարելաւման. խմողը կը դառնայ հաճոյալի, ուրախ տրամադրութեամբ, զուարթ եւ աւելի ընկերային,

  1. կ’ուժեղացնէ սեռային փափաքը (sex desire) եւ մղումը:

Ընդհանրապէս մարդիկ քիչով չեն գոհանար, ընդհակառակը կը չափա-զանցեն, կը խմեն մեծ քանակութեամբ ալքոլ, եւ հետեւաբար կ’ունենան վա-տառողջ վիճակներ եւ մտահոգիչ հիւանդութիւններ: հ նիւանդագին երեւոյթները՝

  1. Ուղեղի բջիջներու վնաս, ուղեղի գործունէութեան դանդաղացում,
  2. Սրտի մկաններու գերգրգռութիւն (hyperirritation) եւ ապա տկարացում, սրտի զարկի (heart beat) նուազում եւ դանդաղում,
  3. Ստամոքսի խոց (ulcer),
  4. Լեարդի հիւանդութիւններ, լեարդի փճացում, լեարդաթորշում (cirrhosis):
  5. Շարոյրի (pancreas) հիւանդութիւն եւ փճացում.
  6. Սեռային յարաբերութեան (sexual intercourse, sexual contact) տկարացում եւ անկարողութիւն.

Մեծ քանակութեամբ եւ յաճախի  ալքոլի սպառումը պատճառ կը դառնայ ալքոլամոլութեան (alcoholism): Ալքոլամոլութիւնը լուրջ, երկարատեւ  ու քան-թիչ հիւանդութիւն մըն է: Ալքոլամոլը (alcoholic)  կը զարգացնէ իր մէջ ալքոլի հանդուրժողականութիւն (tolerance) եւ ենթակայութիւն (dependency): Ան կ’ու-նենայ ջղային-նեարդային (nervous) դրութեան (system) տկարացում, ախորժա-կի նուազում, մարմնական ֆիզիքական ընդհանուր  տկարացում, յոռի սննդառութիւն եւ կշիռքի կորուստ:

Ինքնաշարժի վարորդներ ալքոլի գործածութեամբ ենթակայ կ’ըլլան զանա-զան աստիճանի արկածներու: Գանատայի մէջ արտօնուած արեան ալքոլի քանակաչափը ՝ 0.08 կր է իւրաքանչիւր 100 մլ արեան մէջ: Երբ ալքոլի քանա-կաչափը հասնի 0.15-ի անհատը կը դառնայ անհաւասարակշիռ, անհամա-կարգ եւ աններդաշնակ: 0.15-0.3-ի պարագային՝ անտատը կ’ունենայ  ջղային-ուղեղային  թունաւորում, զառանցանք (dilirium), իսկ 0.3-0.4 ի պարագային՝ անգիտակցութիւն (unconciousness) եւ մահ:

Յղութեան շրջանին խմուած ալքոլը մօրմէն կ’ուղղուի դէպի սաղմ (fetus) փառի (placenta) միջոցաւ:  Ուստի ալքոլը կը հասնի սաղմի ուղեղ եւ կը յառաջացնէ  ուղեղի բջիջներու վնաս-տկարացում: Հետեւաբար յղի մայրեր ալքոլ պէտք չէ գործածեն բնաւ:

Ըստ Գանատայի Առողջապահական Գործակալութեան Գանատայի մէջ 2017-ին 77.000 անհատներ հիւանդանոց մտած են ալքոլի գործածութեան պատճառով յառաջացած հիւանդութիւններով: Պատահած են 4.258 մահեր ալքոլի պատճառով: Ամբողջ մահերուն 2 տոկոսը հետեւանքն է ալքոլի գործա-ծութեան:

Ըստ Առողջապահական Միջազգային Կազմակերպութեան ամբողջ աշխար-հի մէջ տարեկան կը պատահին 3 միլիոն մահ ալքոլի հետեւանքով: Ամբողջ մահերուն 6 տոկոսը ալքոլի հետեւանքով: Երեք միլիոն  մահերուն 28 տոկոսը պատահած են ալքոլ գործածելէ ետք ինքնաշարժներու արկածներու հետեւան-քով: Այս արկածները կը պատահին, որովհետեւ ալքոլ գոծածելէ ետք ինքնաշարժ վարողները՝ արագ կը քշեն, ապահովութեան աթոռագօտին (seat belt) չեն կա-պեր, սխալ ինքնավստահութեան զգացում կ’ունենան, օրինաւոր քշելու կարո-ղութիւնը կը կորսնցնեն,  ղեկավարելու տկարութիւն, կեդրոնացումի նուազում եւ գլխու ծանրութիւն եւ գլխապտոյտ կ’ունենան, անզուսպ, ջղագրգիր եւ ան-հանդարտ կ’ըլլան:

 

Ծխախոտը ալքոլի նման վնասակար է մեր առողջութեան:

Ծխախոտը կը գործածուի որպէս գլանիկ (cigaret), սիկար եւ ծխամորճ (pipe):

Ծխախոտին ծուխին մէջ կան 4.000-է աելի քիմիական նիւթեր, որոնցմէ 250-ը վնասակարեն եւ 50-ը խլիրդ կը յառաջացնեն: Այս նիւթերուն կարեորագոյն-ներն են՝ նիքոթին (nico;in) բնածուխի միաթթու եւ կուպր (tar):

Նիքոթինը կը յառաջացնէ՝

  1. Սրտի մկաններու գրգռութիւն եւ պրկում, սրտի զարկի (heart beat) արա-գացում, մկանային ձախողութիւն,
  2. Սրտի զարկերակային (arterial) խցում (obstructioն), սրտի տագնապ (heart attack) սրտի ձախողանք.
  3.   Մարմնի ընդհանուր զարկերակներու խցում՝
  4.   Սրունքներու զարկերակներու խցում.
  5.   Ուղեղային զարկերակներու խցում՝ ուղեղային կաթուած (stroke).

Կուպրը ունի իր մէջ խլիրդածին-քաղցկեղածին նիւթեր (cancerogenic): Ան կ’առաջացնէ՝

  1. Թոքային հիւանդութիւններ՝ ցնցղատապ (bronchitis), փքուռոյց (emphyse

ma), ժամանակաւոր եւ մնայուն երկարատեւ շնչահեղձութիւն:

  1. Թոքերու խլիրդ-քաղձկեղ (cancer).
  2. Խռչափողի (larynx), ձայնալարերու ցցօններ (polyps) եւ խլիրդ.
  3. Շրթունքի, լեզուի, բերանի, լինտի կոկորդի խլիրդ.

Ծխախոտը կ’առաջացնէ այլ վնասներ եւ հիւանդութիւններ: Ան կ’արագացնէ շնչառութիւնը, կը գրգռէ ջղային-նեարդային համակարգը, կը բարձրացնէ արեան-զարկերակային ճնշումը (blood pressure), կը նուազեցնէ ուտելու ախոր-ժակը, կը յառաջացնէ՝ գլխու ցաւ, գլխապտոյտ (vertigo),  փսխունք, բերանի չո-րութիւն, վատառողջ ակռաներ, լինտերու եւ լեզուի բորբոքում, քիթի եւ քթա-խոռոչներու (nasal sinuses) հիւանդութիւններ, ենթաստամոքսային գեղձի, որ-կորի (esophagus)  միզամանի (urinary bladder) երիկամի (kidney) խլիրդ (cancer) :

Ծխախոտի գործածութեամբ Յղի կիներ կ’ունենան վաղահաս (premature) եւ մեռելածին ( stillbirth) մանուկներ եւ աւելի վիժումներ (abortion ):

Կան գործօն եւ կրաւորական ծխողներ: Գործօն ծխողները անոնք են որ ծխա-խոտ կը գործածեն, իսկ կրաւորական ծխողները անոնք են, որ  կը գտնուին ծխողներու մօտ եւ կամ կ’ապրին անմիջապէս անոնց հետ. Անոնք կը վնասուին իրենց քով գտնուող ծխողներու ծուխէն:

Ծխելը  մոլութիւն (addiction) է եւ ոչ թէ սովորութիւն (habit): Երկարատեւ ծխո-ղը կ’ունենայ ծխելու ենթակայութիւն:

Ըստ Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան  ամբողջ աշխարհի մէջ տարեկան 7 միլիոն մահ կը պատահի ծխախոտի պատճառով , ասոնց 6 միլիոնը ծխողներ են իսկ 1 միլիոնը չծխողներ են, սակայն ենթակայ են ծխախոտի անմիջկան ծուխին:

Ըստ Գանատայի Առողջապահական Գործակալութեան տուեալներուն՝

  1. Գանատայի մէջ պատահած մահերուն 17 տոկոսը հետեւանքն է ծխախոտի գործածութեան.
  2. Գանատայի մէջ ամէն օր 100 գանատացիներ կը մահանան ծխախոտի սրտանօթային հիւանդութիւններէն եւ թոքային խլիրդէն եւ այլ հիւանդութիւ-ններէն.
  3. Թոքի խլիրդներուն 90 տոկոսը ծխախոտի պատճառով տեղի կ’ունենան:

 

Այս բոլոր գիտելիքներուն փոխանցումէն ետք, պարտք Կը զգամ ըսելու չափահասներուն՝ մի՛ ծխէք եւ ալքոլ շատ չափաւոր սպառեցէք վասն ձեր առողջութեան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles