ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Հայաստան ընտրուեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կիներու կարգավիճակի հարցերով յանձնախումբի 64-րդ եւ 65-րդ նստաշրջաններու նախագահող երկիրը:
Անդրդառնալով այս տեղեկութեան մասին, Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեան գոհունակութիւն կը յայտնէ, տեղեկացնելով թէ․ «Կը շնորհաւորեմ բոլորս: Նստաշրջանը ՄԱԿ-ի երկրորդ մեծագոյն իրադարձութիւնն է Ընդհանուր ժողովէն ետք: Հայաստանը յանձնախումբի անդամ ընտրուած է 2019-2023 ժամանակահատուածին համար»:
↧
Հայաստան Ընտրուեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի Կիներու Կարգավիճակի Հարցերով Յանձնախումբի Նախագահող Երկիր
↧