Վերջերս լոյս տեսաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի մշակոյթի պատմութեան դասախօս Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփայի «The Missing Pages. The Modern Life of a Medieval Manuscript from Genocide to Justice» («Պակսող Էջերը. Միջնադարեան Ձեռագիրի մը Արդի Կեանքը՝ Ցեղասպանութենէն Մինչև Արդարութիւն») գիրքը, որ շատ հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի եւ կը վերաբերի Զէյթունի Աւետարանէն կորսուած 8 էջերուն։
Հեղնար Զէյթլեան հեղինակն է նաեւ «The Image of an Ottoman City: Architecture in Aleppo» («Օսմանական Քաղաքի Մը Պատկերը. Հալէպի Ճարատարապետութիւնը», 2004) գիրքին։
Աւելի մանրամասնօրէն գիտնալու համար նորատիպ հրատարակութեան մասին, «Հայրենիք»-ի աշխատակից՝ Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան, հարցազրոյց ունեցաւ հեղինակին հետ։
Հ․- Պատմեցէք, խնդրեմ, Զէյթունի Աւետարանի ոդիսականին մասին եւ ի՞նչը ձեզ դրդեց գրելու համար սոյն գիրքը։
Պ․- 2010-ի Յունիսին, թերթի մը մէջ կարդացի, որ Լոս Անճելըսի Հայ եկեղեցին դատ բացած է Կեթի Թանգարանին (Paul Getty Museum) դէմ։ Ըստ եկեղեցւոյ տուեալներուն, Զէյթունի Աւետարանէն հանուած 8 էջերը, որ այժմ կը գտնուին Կեթի թանգարանին մէջ, գողցուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին։ Հետեւաբար, եկեղեցին էր օրինական սեփականատէրը այդ էջերուն եւ ոչ թէ թանգարանը։ Իրաւական պայքարէ ետք, ի վերջոյ Կեթի թանգարանը ընդունած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ օրինական սեփականատիրութիւնը, եկեղեցին, իր կարգին, մշակութային այդ հարուստ պատառիկները նուիրած է թանգարանին:
Վերոյիշեալ 8 էջերը Զէյթունի Աւետարանի խորաններն են։ Հայ միջնադարեան մեծագոյն մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլին 1256-ին, Հրոմկլայի մէջ ընդօրինակած եւ նկարազարդած է այդ Աւետարանը եւ դարեր շարունակ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն պահուած է Զէյթունի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ։
Ուզեցի աւելի լաւ հասկնալ Զէյթունի Աւետարանի պատմութեան եւ այս 8 էջերուն մասին. ո՞ւր գացած են, ինչպիսի՞ ճամբով անցած են, ի՞նչ ճակատագիր ունեցած են եւ որո՞նց ձեռքին տակ մնացած են։
Ահա, այսպէս սկսաւ պրպտումս։
Հ․- Պրպտումի ժամանակ ի՞նչ ակնկալիք ունէիք, եւ ի՞նչ բացայայտումներ կատարեցիք։
Պ․- Նախ ուզեցի Զէյթունի Աւետարանի ոդիսականին հետեւիլ։ Մատեանին հետքերով գացի Հրոմկլա, Զէյթուն, Մարաշ եւ անշուշտ Երեւան (Զէյթունի Աւետարանը կը պահուի Երևանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ) ու Լոս Անճելըս (Կեթի թանգարան)։ Շարունակեցի պրպտումներս արխիւներու եւ գրադարաններու մէջ։ Սկիզբը շատ յոյս չունէի, որ բաւարար փաստեր կը յայտնաբերուին։ Բոլորս գիտենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին շատ բաներ քանդուեցան, նետուեցան, ոչնչացան… բայց շուտով յայտնի եղաւ, որ մեր մշակոյթի պատմութեան ամէնէն կարեւոր դէմքերը կապ ունեցած են այս Աւետարանին հետ, ինչպէս նաեւ պարզ անձեր, որոնց առած որոշումները իրենց ազդեցիկ դերը ունեցած են Զէյթունի Աւետարանի ճակատագրին վրայ։ Օրինակ տալու համար յիշատակեմ քանի մը անուններ, ինչպէս՝ արուեստաբան, հայագէտ Սիրարփի Տէր Ներսէսեանը, Նիւ եորքի առաջնորդ եւ յետագային կաթողիկոս՝ Գարեգին Ա. Յովսէփեանը, նաեւ մարաշցի պատանի մը՝ Յակոբ Ադամեան։
Զէյթունի Աւետարանի պատմութիւնը ի վերջոյ շատ կը նմանի Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու պատմութեան. ահաւոր փորձառութիւններ, ընտանիքներու բաժանում, աքսոր… բայց նաեւ վերապրելու կամք եւ կորով։
Զէյթունի Աւետարանը թէ՛ մասունք է, եւ թէ արուեստի գործ, նաեւ՝ Զէյթունի շրջանի եկեղեցիներուն եւ վանքերուն միակ գանձը, որ վերապրած է։
Հ․- Հիմա երբ գիրքը հրատարակուած է, ձեր փնտռտուքի ակնկալիքները արդարացուած կը համարէ՞ք։
Պ․- Անշուշտ կրնայի տասը տարի եւս աշխատիլ այս գիրքին վրայ… տակաւին շատ հարցեր կան մտքիս մէջ Զէյթունի Աւետարանին մասին, բայց պէտք էր վերջակէտ մը դնել։ Ժամանակն էր, որ Զէյթունի Աւետարանի պատմութիւնը յանձնէի հանրութեան։
Հ․- Վերջերս Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն արուեստի թանգարանին (MET) մէջ ցուցադրուեցան մեր ազգային ժառանգութեան արուեստի հարուստ նմոյշներ՝ մանրանկարներ, զարդանկարներ, ձեռագրեր, խաչքարեր, եկեղեցական արժէքաւոր զգեստներ եւ այլն։ Ուրիշ ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը կատարուին հայ արուեստն ու մշակոյթը օտարներուն ճանաչելի դարձնելու ի խնդիր։
Պ․- Կ՚ապրինք ժամանակ մը, երբ հայ արուեստը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Նիւ եորքի Մեթրոփոլիթընի արուեստի թանգարանի հոյակապ ցուցահանդէսը, ինչպէս նշեցիք, մեծ հետաքրքրութիւնը առթեց հանրութեան, միւս կողմէ, կը կատարուին, նաեւ, հայ արուեստի վերաբերեալ բացառիկ հրատարակութիւններ, ինչպէս՝ Հելէն Էվընզի, Քրիսթինա Մարանցի, Սաթօ Մուղալեանի եւ ուրիշներու հեղինակած գիրքերը։ Շատ ուրախ եմ, որ կրնանք մեր հարուստ արուեստը ներկայացնել հայ եւ օտար հանրութեան։
Գալով ինծի, կը ծրագրեմ Անի քաղաքին մասին նոր գիրք մը հրատարակել։ Նախապէս յօդուածներ գրած եմ այս նիւթին շուրջ։ Հայոց եւ աշխարհի պատմութեան մէջ խիստ կարեւոր քաղաք մըն է Անին։ Հակառակ որ 2016-էն ի վեր Եունեսքոյի World Heritage (համաշխարհային ժառանգութիւն) ցանկին մէջ է, սակայն պէտք է նաեւ իր ուրոյն տեղը գրաւէ որպէս աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ, ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն ներշնչող վայրերէն մէկը։
Շնորհակալութեամբ կը շնորհաւորենք «The Missing Pages» գիրքին հրատարակութեան առթիւ եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք։