Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ.- Կլատիս Պերեճիքլեան՝ Նոր Հարաւային Ուէյլզի Առաջին Կին Վարչապետը

$
0
0

ՍԻՏՆԻ.-  Աւստրալահայ  Կլատիս Պերեճիքլեան, Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթական դուրս եկաւ,  դառնալով առաջին կին գործիչը՝ ընտրուած նահանգի վարչապետի պաշտօնին:

Ընտրութիւններուն յաղթանակի լուրը իմանալէն ետք Պերեճիքլեան փորձեց զսպել արցունքները` յայտարարելով, որ Նոր Հարաւային Ուէյլզը այն նահանգն է, ուր «երկար ազգանուն ունեցող կին գործիչը կրնայ ընտրուիլ վարչապետ:Ես անասելիօրէն հպարտ եմ այն վայրի համար, ուր մենք կ՛ապրինք: Եւ ամենակարեւորը ինծի համար այն է, որ անկախ անկէ, թէ ինչ ծագում ունիս, ուր կ՛ապրիս ու ինչ պայմաններու մէջ ես` այս նահանգին մէջ իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն ունի ըլլալու լաւագոյնը»:

Պերեճիքլեանի մաս կը կազմէ ազատական կուսակցութեան, որուն  հիմնական մրցակիցն էր աշխատաւորական կուսակցութիւնը:

Ընդդիմութեան առաջնորդ, աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Մայքլ Տելին շնորհաւորեց Կլատիս Պերեճիքլեանին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles