Ծ.Խ.- Բառարանագէտ եւ շինարար Սեւան Նշանեան, Հինգշաբթի, Յունուար 2-էն ի վեր բանտարկուած է: Նշանեանի դէմ քաղաքական բնոյթի անհամար դատեր բացուած էին, բայց այս դատապարտումը եկած է Շիրինճէի մէջ առանց արտօնութեան կառուցուած տուներուն համար: Նշանեան բանտ մուտք գործելէ առաջ խօսք առնելով մամլոյ ներկայացուցիչներուն առջեւ, յայտնեց թէ, կեանքը բանտին մէջ ալ կը շարունակուի եւ թէ ինք վարժուած է բանտարկուելու, իսկ բանտէն ելլելէ ետք պիտի շարունակէ իր պայքարը: Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Յարութ Էքմանեանի պատրաստած հետաքրքրական յօդուածը (հրատարակուած Փետրուար 2011-ին), որ կ՛արծարծէ եւ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Շիրինճէ գիւղին վերակառուցումը:
Յարութ Էքմանեան
Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան եւ գրող Սեւան Նշանեանը երկար տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Սէլչուք աւանի Շիրինճէ գիւղին մէջ հրաշքներ կը գործէ: Ան այդտեղի հին եւ փլատակ տուները վերանորոգելով եւ իր հնաւոճ կերպարանքը պահպանելով, բնութեան գիրկը հանգստանալու համար դրախտանման վայրեր կը ստղեծէ: Բայց եկուր եւ տես, որ միթէ թրքական պետութիւնը կ’արտօնէ՞ նման բան: Նշանեան իր կատարած գործին համար արտօնութիւն ստանալու համար ջանք չխնայեց, բայց երբ տեսաւ որ ապարդիւն է, թողեց ամէն ինչ եւ սկսաւ իր աշխատանքները կատարելու Շիրինճէի մէջ:
1996-2000 թուականներուն ան ութ տուն կառուցած էր արդէն: Այդ բոլորը ան գաղտնի եւ ապօրինի ձեւերով կատարած էր, այդ պատճառով ալ 1999-ին շրջանի թանգարանի տնօրէնը անոր դէմ պատերազմ յայտարարեց:
“Իսկական պատճառը ետքը իմացայ անշուշտ: Թանգարանի տնօրէնը ըսած է որ “այս մարդը հայ է, դաւաճան է, գիւղը կ’ուզէ գրաւել, միսիոնարական գործ կը տանի, Գիրք-միրք գրած է որուն մէջ կ’ըսէ թէ Չանաքքալէի պատերազմի ժամանակ Աթաթուրքը յետին աստիճանի սովորական սպայ մըն էր պարզապէս եւ մեր նախահայրին վրայ իր լեզուն երկարած է, եւայլն, եւայլն…:“ Այդ ժամանակ բոլոր տուները փլելու որոշում առին եւ ինծի դէմ իննը գրէական գործ հարուցեցին: Այդ ժամանակ կօլը կերայ եւ տասը ամիս բանտ մտայ,“ -կ’ըսէ Նշանեան իր բլոգին մէջ:
Նշանեանի բանտէն ելլելէն ետք որոշ շրջան մը հրադադար յայտարարուեցաւ, առանց ոչ մէկ լուծումի հասնելու: Քանդումի որոշումները չգործադրուեցան բայց եւ այնպէս չեղեալ չյայտարարուեցան:
2002 եւ 2003 թուականներուն ան անգամ մը եւս արտօնութեան համար դիմեց, սակայն իշխանութիւնները անոր դէմ զանազան դժուարութիւններ հարուցելով` առանց որեւէ պատասխանի ամիսներով սպասեցուցին զինքը: 2007-2008 թուականներուն ան նոյն գիւղին մէջ սկսաւ “Թուաբանութեան Գիւղ“ անունով նոր ծրագիր մը, որուն համար նորէն արտօնութեան դիմեց, առանց որեւէ պատասխան ստանալու:
Այս ընթացքին ան զանազան բախումներ ունեցաւ տեղական կառավարման իշխանութիւններուն հետ: Անգամ մը երբ 30 ոստիկաններով անոր շինարարական տարածքը մտան եւ աշխատանքներու կասեցումը պահանջեցին, ան դիմադրեց եւ բոլոր աշխատողներուն հրամայեց աշխատանքը շարունակել` առանց ոստիկաններուն հրամաններուն անսալու: Նշանեան իրեն չենթարկուող բանուորներուն նոյն վայրկեանին վտարեց: Ապա ան ոստիկանապետին, դատաւորին եւ պաշտօնեաներուն պտտցնելով իր շինարարական տարածքին մէջ ներկայացուց իր ծրագիրները եւ ուղարկեց զանոնք:
Ըստ Նշանեանի պետութիւնը տակաւին չէ մարսած իր աշխատանքները, անոր համար կ’ուզեն իրմէ վրէժ լուծել: Վերջին ամիսներուն տեղական իշխանութիւնները, որոնք հիմնականօրէն Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան կը պատկանին, կրկին կատաղի հետապնդումներ սկսած եւ զանազան դատական գործեր հարուցած են անոր դէմ: Այս անգամ 16 տարով կ’ուզեն բանտարկել զինք, եւ իր կառուցած բոլոր գիւղերը գետնի հաւասար դարձնել: Ըստ Նշանեանի հիմնական պատճառը հաւանաբար իր հայ ըլլալն է, քանի որ Շիրինճէն տեսնող ամէն մարդ կը զարմանայ թէ պետութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ այս գեղեցիկ գիւղական կառոյցները փլել առանց որեւէ փոխհասկացողութեան եզրեր փնտռելու:
“Թուրքիոյ մէջ այլեւս գոյութիւն չունի խելք, խղճմտանք ու մարդասիրական զգացում: Այսօրուան խնդիրը համայնքի մը կամ դատախազներուն խնդիրը չէ՛: Խնդիրը շա՛տ աւելի խորունկ է:…Կեանքը բանտին մէջ ալ կը շարունակուի եւ ես վարժուած եմ բանտարկուելու: Ես բանտէն ելլելէ ետք ալ պիտի շարունակեմ պայքարիլ“ յայտնեց բառարանագէտ ու շինարար Սեւան Նշանեան, որ Յունուար 2-էն ի վեր, երկու տարիով բանտարկուեցաւ, ապօրինի շինարարական գործեր կատարած ըլլալուն պատճառաւ:
Ըստ Նշանեանի յայտարարութեան, եթէ բացառիկ պարագաներ չպատահին, յաջորդ 10-15 օրերու ընթացքին տուները պիտի քանդուին: Այստեղ ուրիշի իրաւունքի խախտման պարագաներ չկան, ինչպէս նաեւ չկան բողոք բարձրացնող եւ տուժած անձեր: Բնակչութեան 99,7% տոկոսը դէմ են քանդումի որոշումին:
Նշանեանի վերջին յայտարարութեան համաձայն այս տուները քանդելու որոշումին յայտարարուած պատճառը այն է որ առանց պետութան արտօնութեան կառուցուած են: “Տարիներ առաջ երբ առաջին տուները կառուցելու սկսած էի արտօնութիւն ուզեցի, աղաչեցի, անոնց դռներուն առջեւ սպասեցի, իրենց անարգանքները լսեցի, ահաւոր գումարներ եւ ժամանակ վատնեցի, ետքը յուսահատեցայ եւ հերիք է ըսի,“ -կ’ըսէ Նշանեան: “Իսկ այսօր, Շիրինճէի պատմական դէմքը “պահպանելու“ նպատակով կատարուած այս քայլերը, Շիրինճէն եւ ինծի ոչնչացնելու համար կ’օգտագործուին:“
Հիւրիյէթ թերթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Նշանեան կ’ըսէ. “Շատ ապրեցայ, լաւ ապրեցայ: Ուրիշներու ապրածէն տասն անգամ աւելին ապրեցայ եւ այդքան ալ գործ մէջտեղ բերի: Գիրքերովս, գրութիւններովս եւ փոքր հիւրանոցներու բնագաւառին մէջ կատարած նորութիւններովս ընկերութեան եւ մարդոց հանդէպ պարտքս աւելիով վճառած եմ: Անոնց ուզածը պարզապէս քանի մը տուն քանդելը չէ, այլ իմ կեանքս քանդելն է: Բայց ինծի համար այս ալ անոյշ է: Մահէն վախցող մարդը իմ ըրած գործերուս չի ձեռնարկեր:“
“Շատերը զիս զգուշացուցին եւ ըսին որ այդ երկրին մէջ չ’արժեր դրամ եւ ջանք ներդրել, ափսոս է, որ երեխաներուդ ապագան այստեղ կը փճացնես: Ես բոլորին դէմ յամառեցայ եւ փորձեցի հակառակը փաստել, բայց չյաջողեցայ եւ հիմա անոնց դիմաց գլխիկոր կանգնած եմ: Երկիր մը, ուր կայ սանձարձակ բիւրոկրադական զորպայութիւն, եւ որտեղ ցեղապաշտական կանխավճիռները դիւրութեամբ կարելի է հրահրել, որեւէ ներդրում կատարելը անխելքութիւն է եղեր: Սորվեցանք: Եթէ կը հարցնէք թէ միթէ նեղուա՞ծ եմ` երբեք: Միթէ տագնապի մէ՞ջ եմ` բնաւ: Ընդհակառակը, թերեւս կը զարմանաք, եթէ ըսեմ, որ երկար ատեն է ինքզինքս այսքան աշխոյժ եւ ուրախ չէի զգացած, բայց այսպէս է վիճակը: Ճիշդ գործ ըրի, եւ եթէ անգամ մը եւս սկիզբէն սկսելու առիթ ունենամ, նոյնը չէ` այլ աւելին կ’ընեմ: Մինչեւ վերջ պիտի պայքարիմ: Իսկ եթէ պարտուիմ, նորէն պէտք եղածը պիտի ընեմ: Այդքան: Յստակութիւնը լաւ բան է, մարդուն ուժ կը պարգեւէ: “Հալածուած աղաւնու վախ“ եւայլն մի սպասէք ինձմէ, իմսը ըլլայ ըլլայ ջայլամի յամառութիւն է,“ -կ’ըսէ Նշանեան իր յայտարարութեան մէջ:
Նշանեան դիմատետրին մէջ Շիրինճէի պաշտպանութեան համար խումբ մը հիմնած է, որ արդէն ունի աւելի քան երեք հազար անդամ: Ինչպէս նաեւ կազմակերպած է առցանց ստորագրահաւաք, ուր հազարաւոր մարդիկ արդէն յայտարարած են իրենց զօրակցութիւնը: Կարգ մը համակիրներ նոյնիսկ Շիրինճէի առցանց թերթ մը հիմնած են, որպէսզի կատարուած անարդարութիւնները կարենան բարձրաձայնել:
Նշանեան զօրակցութեան կոչ ուղղած է բոլորին: Ան յայտարարած է, որ ան որ կրնայ մինչեւ Մարտ 9 (Քանդման որոշումի գործադրութեան վերջին ժամկէտ) Շիրինճէ երթալ, գիւղին դռները բաց են բոլորին: “Հրամմեցէք մեր հիւրը եղէք: 100 հոգու տեղ ունինք, իսկ եթէ բաւարար չըլլայ, ճարին կը նայինք: Եթէ երաժշտութեամբ կամ թատրոնով զբաղուող ծանօթներ ունիք ձեր հետ բերէք, այստեղ բաներ մը կը կազմակերպենք եւ կը զուարճանանք: Բոլորս միասին ասպարէզ կը կարդանք անոնց դէմ: Ով գիտէ, թերեւս Շիրինճէի մէջ փոքրիկ Թահրիրի հրապարակ մըն ալ կը ստեղծենք: Ձեր բոլոր ծանօթներուն տարածեցէ՛ք այս յայտարարութիւնը: Ձեր ուզած տեղը կրնաք հրապարակել ասիկա: Այստեղ արդէն նուշի ծառերը ծաղկելու սկսած են, եկէ՛ք գարունը միասին դիմաւորենք:“
Հիւրիյէթի լրագրողը հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Սեւան Նշանեանի մասին ամէն տեսակ նորութիւն ոչ միայն միջազգային հանրութեան մոտ, այլեւ Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքի մէջ ալ մոտէն կը դիտուի: Ապա “Ձեր կառուցած տուներու քանդումին պարագային, արդեօք այս դէպքին արձագանքը ինչպէս պիտի վճարէ Թուրքիան,“ հարցին պատասխանելով Նշանեան պատասխանեց ըսելով թէ` “հոգս չէ“:
Ըստ թարմ տեղեկութիւններու, որպէս քանդումի աշխատանքներու պատրաստութիւն` հինգ օր առաջ գիւղէն անջատուած ելեկտրականութեան եւ ջուրի հոսանքը վերստին միացած է: Տուները պարպելու հրաման ստացած գիւղացիները այժմ հանգստացած են եւ Շիրինճէի մէջ ուրախութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ: |