Յ. Պալեան
Երբեմն պէտք է յիշել եւ յիշեցնել այն հիմնական գաղափարը, որ եղած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան նպատակը՝ սահմանուած իր Ուխտի առաջին յօդուածներով:
Կ’ըսուի. «Մ.Ա.Կ.-ի նպատակներն են:
«1. Պահպանել միջազգային խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը. եւ այդ առաջադրանքով կայացնել հաւաքական եւ ազդու միջոցառումներ, նախատեսելով եւ կանխելով խաղաղութեան դէմ սպառնալիքները, իրականացնել, խաղաղ միջոցներով, համապատասխան արդարութեան եւ միջազգային իրաւունքի, պատշաճեցումը եւ լուծումը միջազգային բնոյթով տարակարծութիւններու եւ կացութիւններու, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ խաղաղութեան խզման:
«2. Ազգերու միջեւ զարգացնել բարեկամական յարաբերութիւններ, հիմնուած հաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքի հիման վրայ, եւ որոշել բոլոր միջոցները աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը ամրացնելու համար»:
Առանձնացնենք յղացքներ, բանալի բառեր. խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն, նախատեսել եւ կանխել խաղաղութեան դէմ սպառնալիքները, արդարութիւն եւ միջազգային իրաւունք, ազգերու միջեւ հաւասարութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունք…
Այս բոլոր բառերը երազելո՞ւ համար են, թէ գործնական ընթացքի սահմանում, որպէսզի ազգերու միջեւ զարգանան բարեկամական յարաբերութիւններ, հիմնուած հաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքի հիման վրայ:
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, իր Ընդհանուր Ժողովով, Ապահովութեան Խորհուրդով, բազմաթիւ Յանձնախումբերով, անկեղծ հաշուեկշիռ մը կ’ընէ՞, ըսելու համար, թէ այդ բոլոր յուսատու եւ խռովիչ բառերուն յարաբերաբար ո՞ւր կը գտնուի ինք:
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, իրապէս կրցա՞ծ է յիշուած բոլոր գեղեցիկ եւ սրահ յուզող սկզբունքները հակադրել բոլորին ծանօթ տխուր իրապաշտութիւններուն, ըստ որոնց՝ մեծ ձուկը կ’ուտէ պզտիկ ձուկը, կամ զօրաւորին օրէնքը միշտ լաւագոյնն է:
Մարդոց եւ մարդկութեան համար չկան մեծ կամ պզտիկ հարցեր, կան հարցեր: Ըստ Մ.Ա.Կ.–ի Ուխտագրին այդ հարցերու լուծման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ինք, յոգնակի համաձայնութեամբ: Ի հարկէ, մոլորակի ժողովուրդներու եւ երկիրներու բազմազան մեծ խնդիրները կան, բայց թող թոյլ տրուի ընդհանուրին պատճառով չմոռնալ մեր հայկական մասնաւորը եւ մասնակին: Եւ քանի որ բազմիցս հարուածուած մեր ժողովուրդը եւ երկիրը չունին մեծերու ուժը, պարտաւոր են կռթնիլ օրէնքի եւ բարոյականի, որ եղած է Մ.Ա.Կ.-ի խոստումը: Եւ բոլոր վատուժներուն պէս մենք ալ հաւատացած ենք, առանց միամիտ ըլլալու:
Հարկ է կազմել ամբողջական եւ հիմնաւորուած ցանկը եւ ցուցակը մեր այն բոլոր հարցերուն, որոնց համար պատասխանատու է Մ.Ա.Կ.–ը, միջազգային իրաւունքի, ազգերու միջեւ հաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ, միաժամանակ նկատի առնելով, կրկին իր կողմէ ստանձնուած սկզբունքները, որ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած անժամանցելի ոճիր է, եւ մշակութասպանութիւնը, իր կարգին, մարդկութեան դէմ ոճիր է:
Արդ, խօսինք առանց դիւանագիտական ճապկումներու, կազմենք ցուցակը մեր ժողովուրդին եւ երկրին դէմ գործուած եւ գործուող ցեղասպանական ոճիրներու եւ հալածանքներու մասին:
. Ցարդ Մ.Ա.Կ.-ը ոչ մէկ արձանագրութիւն պահած է հայոց ցեղասպանութեան հարցով
. Ցարդ Մ.Ա.Կ.-ը ոչ մէկ արձանագրութիւն պահած հայոց հայրենահանման հարցով
. Այսօր ալ, հակառակ փաստերու, Մ.Ա.Կ.ը ոչ մէկ արձանագրութիւն պահած է Սումկայիթի ցեղասպանական արարքներուն եւ Պաքուի հայերու հալածանքի եւ գաղթի մասին
. Հայկական աշխարհի պատմական հնագոյն շրջան Նախիջեւանը հայաթափուած է եւ Մ.Ա.Կ.-ը ոչ մէկ արձանագրութիւն պահած է
. Նոյն Նախիջեւանի հայկական եկեղեցիներ քանդուած են, քանդուած են խաչքարեր եւ գերեզմանաքարեր, Մ.Ա.Կ.-ը ոչ մէկ արձանագրութիւն պահած է
. Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր Մ.Ա.Կ.-ի անդամ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջափակման ենթակայ է եւ Մ.Ա.Կ.-ը ոչ մէկ արձանագրութիւն պահած է
. Հայկական սփիւռքը մշակութասպանութեան կ’ենթարկուի առանց ճնշումի, քանի որ կ’ապրի անհայրենիքի վիճակին մէջ:
Այս տուեալներու լոյսին տակ Մ.Ա.Կ.–ը կրնա՞յ յաւակնիլ որ ինք առաքելութիւն ունի խաղաղութեան, արդարութեան եւ մշակոյթի պահպանման, ըլլալու երաշխաւորը ինքնորոշման իրաւունքին:
Պարզ. Մ.Ա.Կ.-ը չի՞ հանդիսանար առարկայական դաշնակիցը եւ մեղսակիցը հայ ժողովուրդին դէմ գործուած եւ գործուող իրաւազրկումներուն եւ հալածանքներուն:
Մտածա՞ծ ենք պատմաբաններու եւ իրաւագէտներու կողմէ խմբագրուած ՅՈՒՇԱԳԻՐ մը յանձնել Մ.Ա.Կ.–ի ընդհանուր քարտուղարին: Հայաստանի եւ «բարեկամ» երկիրներու պատուիրակները ինչո՞ւ այս հարցերը, առանց շպարելու, չեն յանձներ Մ.Ա.Կ.–ի Ընդհանուր Ժողովի ուշադրութեան:
Մեր յաջորդական եւ գումարուած իրաւազրկումները այսօր եթէ օրակարգ չըլլան, վաղը պիտի մոռցուին, հինցած պիտի ըլլան:
Այս ընթացքը քաղաքականութիւն է, ոչ պատմագիտութիւն ոչ ալ ոգեկոչում:
Մե՞նք ալ եզրակացուցած ենք, որ մեր կորուստները անդառնալի են, ինչպէս թերեւս կը մտածեն մեծպետական քաղաքագէտները եւ ռէալ փոլիթիքի հայ եւ օտար մանիթուները:
Պէտք է դուրս գալ տարին անգամ մը աղմկելէ սովորութենէն, աղմուկ՝ որուն արձագանգող չկայ, որ շնչառութիւն կու տայ տեսակաւոր անհեռանկար էսթէպլիշմընթներու. քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային, ճաշկերոյթային, յուշագրական, անցելապաշտական…
Ֆրանսական առածը կ’ըսէ, որ «կատուին կատու պէտք է ըսել», «il faut appeler un chat, un chat», առած՝ զոր այնքա՜ն կը սիրէր ֆէթիշիստ չեղող արտակարգ հայրենահանուած արմաշցի մտաւորականը՝ ճապկումներէ հեռու մնացած Շաւարշ Նարդունին:
Ոչ մենախօսութիւն, ոչ հռետորութիւն:
Առանց իրաւունքի, հաւաքական եւ ինքնութեան վերականգնումի, ազգը կ’այլասերի, կը մնայ պատմութեան էջերուն մէջ տեղ մը:
Հաւաքական յիշողութիւնը պէտք պահել իր բոլոր ստորոգելիներով. հայրենիքով, մշակոյթով եւ համատեղ կեանքով, որպէսզի ինքնութիւն պահուի, որպէսզի ազգ կոչուող հաւաքականութիւնը մէկութիւն ունենայ արժէքներով, որոնցմով կ’արդարանան իր նախաձեռնութիւնները: Ֆրանսացիին, ճաբոնցիին եւ հայուն հաւաքական յիշողութիւնները տարբեր են: Երբ հաւաքականութիւն մը կ’որդեգրէ միւսին յիշողութիւնը, ինք կ’ըլլայ միւս:
Այս հաւաքական յիշողութիւններուն համակեցութեան Տունը պէտք է ըլլայ Մ.Ա.Կ.–ը: Է՞ այդ ՏՈՒՆԸ:
Յիշե՞նք կրկին Չարենցը եւ իր ՊԱՏԳԱՄԸ… ոչ սրահ զուարճացնելու համար:
Ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան պարտականութիւնն է, մեր պատմութեան ներկայ հանգրուանին, քաղաքական գիտակցութեան եւ ազգային յանձնառութեան բերել համաշխարհայնացման թոհուբոհին մէջ գիտակցութիւն եւ դիմագիծ կորսնցնող զանգուածները, առանց ինքնարդարացում եւ բաւարարութիւն գտնելու բացառիկ-բացառութիւններու օրինակներու յիշեցումով:
Ամէն օր որ կ’անցնի քիչ մը աւելի կը շեշտուին հրաժարումները եւ Չարենցներու պատգամը կ’ըլլայ մշուշ: