
ՕԹԹԱՈՒԱ – Երեքշաբթի, Մարտ 19-ին, տեղի ունեցաւ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի Ժողովուրդի Բարեկամներու Խմբակցութեան» հիմնադիր ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան շարք մը երեսփոխաններ, պաշտօնեաներ եւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ՝ երեսփոխան Րէյչըլ Հարտըրի գրասենեակէն ներս, նախ ընթերցեց եւ վաւերացուց նորակազմ խմբակցութեան հիմնադիր փաստաթուղթը, որմէ ետք ընտրեց երեսփոխան Հարտըրը որպէս խմբակցութեան առաջին ատենապետ: Ժողովը նաեւ լայն օրէն քննարկեց Արցախի ներկայ իրավիճակը, մարտահրաւէրները դիմակալելու հնարաւորութիւնները, բանակցային գործընթացի հոլովոյթն ու խմբակցութեան մշակելիք ծրագիրները:
Ողջունելով այս պատմական իրադարձութիւնը, Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին հիմնադիր ժողովի մասնակիցներուն եւ մնացեալ անդամներուն: Հայ Դատի գործիչները շեշտեցին սոյն խմբակցոթեան կազմավորման անհրաժեշտութիւնը, յոյս յայտնելով, որ այս խմբակցութեան աշխատանքներու շնորհիւ, Գանատայի խորհրդարանէն ներս աւելի լայն օրէն պիտի քննարկուի Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգավորման հրամայականը, Արցախեան ժողովուրդի իքնորոշման իրաւունքի անհրաժեշտութիւնը եւ Արցախի բարօր զարգացման գործընթացը:
Իր կարգին, երեսփոխան Հարտըր շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբին՝ սոյն համագործակցութեան համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն ջանք ի գործ դնելու, որ այս խմակցութիւնը յաջողի ու զարգանայ իր առաքելութեան մէջ: